ՀՐԵՇՏԱԿԱՒԱՆԴ ԱՒԵՏԻՍԸ ԿՈՅՍ ԳԵՐԵԶՄԱՆԷՆ
«Մի՛ երկնչիք դուք, գիտեմ զի զՅիսուս զխաչելեալն խնդրէք. չէ աստ, քանզի յարեաւ՝ որպէս ասացն»
(Մատթէոս, 28. 5-6):
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ։
Ծանօթ իրողութիւն է, թէ վախու զգացումը ընդհանրապէս իր ազդեցութեամբ կու գայ ալեկոծել մարդկային կեանքը, մանաւանդ երբ մարդ դէմ յանդիման կը մնայ անսպասելի իրողութեան մը հետ։
Ադամ եւ Եւա յետ անհնազանդութեան տեսած ըլլալով իրենց մերկութիւնը, երբ Աստուծոյ ձայնը լսեցին վախցան եւ պահուեցան (Ծննդոց, 3.8-10)։ Սակայն զգալի դարձած վախը շղթայազերծեց այն ճշմարտութեան արտայայտութիւնը, ըստ որում առ ոչինչ համարուած էր Աստուծոյ կամքը։ Վախը բերաւ յանդիմանութիւն, յանդիմանութիւնը՝ արտաքսում։
Տարիներ շարունակ զաւակ ունենալու փափաքով առ Աստուած աղօթող Զաքարիան խունկի սեղանին առջեւ երբ տեսաւ Տիրոջ հրեշտակը խռովեցաւ եւ վախցաւ։ Հրեշտակին առաջին խօսքն էր «Մի վախնար, Զաքարիա, որովհետեւ քու աղօթքդ լսելի եղաւ»։ Նաեւ աւետեց, որ «իր կինը Եղիսաբէթ զաւակ մը պիտի ծնէր եւ անունը Յովհաննէս պիտի դրուէր»։ (Ղուկաս, 1.11-14)
Սուրբ Կոյսը՝ Մարիամ, Աւետման սուրբ պահուն երբ դէմ յանդիման մնաց Գաբրիէլ հրեշտակին հետ խռովեցաւ, սակայն իր խռովքը փարատեցաւ լսելով հրեշտակի խօսքը. «Մի վախնար Մարիամ, որովհետեւ Աստուծմէ շնորհ գտար» (Ղուկաս, 1.26-30)։
Յովսէփ ի տես նշանածին՝ Մարիամի յղութեան, տարուեցաւ անպատուուած ըլլալու զգացումէն եւ իր մտատանջութիւնը փարատեցաւ հրեշտակային միջամտութեամբ. «Յովսէփ, Դաւիթի որդի, մի վախնար քու կինդ Մարիամը քովդ առնելէ» (Մատթէոս, 1.18-20)։
Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան պահուն Բեթղեհէմի շրջակայքի հովիւները երբ Տիրոջ հրեշտակի երեւման առընթեր ականատեսը եղան Տիրոջ փառքի ծագման, սաստիկ վախցան։ Անսպասելի այս փառաւոր երեւոյթին ի տես յառաջացած վախը փարատեցաւ, երբ հրեշտակը բարձրաձայնեց ըսելով. «Մի վախնաք»։ Այն աստիճան զգլխիչ էր տեսարանը եւ փոխանցուած հրեշտակաւանդ աւետիսը, որ վախի զգացումէն ձերբազատուած հովիւներ համարձակութիւնը ունեցան որոշելու դէպի Բեթղեհէմ երթալու, որպէսզի տեսնէին Տիրոջ ցոյց տուած պատահարը (Ղուկաս, 2.8-15)։
Երբ Սուրբ Գիրքէն յիշեցինք այս խօսուն օրինակները, որոնց հերոսները բնականաբար կը շարունակէին ապրիլ իրենց բնականոն կեանքի օրերը, նաեւ նախապէս ուսած չէին, կամ իրենց պատմուած չէր, թէ կրնային անակնկալներու հետ դէմ յանդիման մնալ։ Եւ եթէ նոյնիսկ այս առումով դաստիարակուած ըլլային, իրենց մտքէն անգամ չէր անցներ, թէ այսպիսի սքանչելի երեւոյթներու պիտի հանդիպէին։
Նոյնն էր պարագան իւղաբեր կիներու համար։ Անոնք գալիլիացիներ էին եւ կը ծառայէին Քրիստոսի։ Անոնք դժբախտաբար ականատեսը եղած էին իրենց Վարդապետին խաչափայտի վրայ անարգ մահուանը, համահաւասար դասուած՝ աւազակներու։ Անոնք նաեւ տեսան, թէ Յիսուսի մարմինը ինչպէս դրուած էր վիմափոր գերեզմանին մէջ։ Անոնց համար բնական երեւոյթ էր, թէ մահացած մէկը կը դրուէր գերեզման։ Անոնց համար տարօրինակը այն էր, թէ չէին կրցած իրենց Վարդապետին անշնչացած մարմնին նկատմամբ յարգանք ցուցաբերել անուշահոտ խունկերով օծմամբ։ Որպէս սոսկ անհատներ իրենց համար սովորական երեւոյթ մը պիտի ըլլար գերեզման դրուած Քրիստոսի մարմինը խնկել։ Այս առումով ալ բոլորը կանացի փութկոտութեամբ ջանացին իրենց թերին լրացնել եւ խունկեր եւ անուշահոտ իւղեր պատրաստեցին, մինչ այդ նաեւ շաբաթ օրը սուրբ պահելու պատուիրանը յարգեցին։
Մինչ իւղաբեր կիներ իրենց պատրաստութեամբ կը քալէին դէպի գերեզման, Աստուածային տնօրինութիւնը շաբթուան առաջին օրը առաւօտեան վաղ ժամերուն տարբեր ուղղութեամբ կ՚ընթանար. ուղղութիւն մը՝ որ բոլորովին անծանօթ էր մարդկանց, ուղղութիւն մը՝ որ պիտի յայտնուէր իրականանալէն յետոյ. ուղղութիւն մը՝ որուն մասին Քրիստոս խօսած էր իր առաքեալներուն, թէ «մարդու Որդին պիտի մատնուէր հեթանոսներուն եւ պիտի ծաղրուէր. պիտի ձաղկուէր եւ սպաննուէր եւ երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէր», թէեւ «առաքեալները ոչինչ հասկցած էին այս խօսքերէն եւ ըսուածները չէին ըմբռնած» (Ղուկաս, 18.31-34)։
Իւղաբեր կիները չէին երեւակայեր իսկ, թէ աննախընթաց դէպք մը կը սպասէր զիրենք. դէպք մը՝ որ տիեզերքի պատմութեան էջերուն մէջ պիտի արձանագրուէր անջնջելիօրէն իր կենսապարգեւ զօրութեամբ։ Արեւելեան ժողովուրդներու մէջ, կիները երկրորդական գծի վրայ կը գտնուէին։ Սակայն Աստուածային տնօրինութիւնը, որ ո՛չ միայն աննախընթաց դէպքի մը իրականացման եւ յայտնութեան ճանապարհը պիտի բանար, այլ նաեւ ընկերային կարգուսարքը պիտի յեղաշրջէր, կանացի դասակարգը բարձրացնելով այն պատուանդանին վրայ, ուր պիտի փայլէր զգեցած պատուի պատմուճանով։
Մինչ իրենց Վարդապետին նկատմամբ յարգանք ցուցաբերելու փութկոտութեամբ, իւղաբեր կիներ առաւել եւս արագացած քայլերով կ՚ընթանային, հարց մը կը մտատանջէր զիրենք եւ այդ հարցին լուծումը կանացի զօրութեամբ անկարելի ըլլալ կը թուէր. «Ո՞վ պիտի գլորէր գերեզմանի դրան քարը, որ շատ մեծ էր» (Մարկոս, 16.3)։ Երկիւղալից իրենց ճանապարհը հասած էր հանգրուանի մը, ուր դէմ յանդիման կը գտնուէին հրաշքի համազօր դէպքի մը հետ. քարը արդէն իսկ գլորած էր։ Շուարումի եւ վախու խառն զգացումներով լի, այս անգամ յամրաքայլ ընթացքով կը յառաջանային դէպի վիմափոր գերեզման, ուր իրենց կը սպասէր այլ անակնկալ մը. գերեզմանը պարապ էր։ Իրենց համար անհասկնալի եւ անըմբռնելի այս անակնկալին առթած վախի զգացումով ծանրաբեռնուած դէմ յանդիման եկան հրեշտակին հետ որ ըսաւ. «Մի՛ վախնաք դուք, գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք. Այստեղ չէ ան, վասնզի յարութիւն առաւ, ինչպէս ինքն էր ըսած» (Մատթէոս, 28.5-6)։
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ։
Ահաւասիկ Սուրբ Յարութեան հրեշտակաւանդ աւետիսով մարդկային ընկերութեան մէջ տկար նկատուած, յաճախ անտեսուած կիներ ո՛չ միայն աւետիս մը կը ստանային, այլ նաեւ կը պատուուէին առաքելութեամբ մը, որ էր «երթալ աշակերտներուն եւ ըսել, թէ Յիսուս յարութիւն առած էր եւ իրենցմէ առաջ կ՚երթար Գալիլեա, ուր պիտի տեսնէին զինքը» (Մատթէոս, 28.7-8)։
Իւղաբեր կիներ Սուրբ Յարութեան աւետիսին առաջին աւետարանիչները եղան եւ այդ հանգամանքով մերօրեայ պայմաններուն մէջ կը շարունակեն խօսիլ։ Անոնք կը յայտարարեն, թէ Աստուած ինչպէս անկարելին կարելիի վերածած էր գերեզմանի դրան քարին գլորմամբ։ Անոնք կը յայտարարեն, թէ անոնք դէմ յանդիման եկած էին յարուցեալ Փրկչին հետ, որ զիրենք զօրացուցած էր ըսելով. «Մի՛ վախնաք, գացէք ըսէք իմ եղբայրներուս, որ երթան Գալիլեա եւ այնտեղ զիս տեսնեն» (Մատթէոս, 28.10)։
Քրիստոս Նիկոդեմոսի հետ ունեցած երկխօսութեան ընթացքին ըսած էր. «Եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը տեսնել» եւ այդ հրեայ իշխանաւորը հասկցած էր որպէս մարմնաւոր վերստին ծնունդ, բան մը որ իրեն համար զարմանալի կը թուէր, քանի «ծեր մարդու մը համար կարելիութիւն չկար կրկին մօրը որովայնը մտնելու եւ ծնելու» (Յովհաննէս, 3.3-4)։ Մենք ըլլալով մկրտուածներ նոր կեանքով վերածնած ենք ջուրէն եւ Հոգիէն։ Թաղուած ենք Քրիստոսի հետ եւ յարութիւն առած Իրմով, ըլլալով՝ Սուրբ Յարութեան կենսանորոգ զօրութեամբ նորոգուածներ «ի հնութենէ մեղաց»։ Մենք բոլորս տարբեր ենք իւղաբեր կիներէն, որոնց համար Սուրբ Յարութիւնը Քրիստոսի անակնկալ ըլլալով հանդերձ, հաշտուած էին սրբազան իրողութեան հետ։ Իրենց հաւատաւոր կեցուածքով հաղորդ դարձած էին ապրուած եւ տեսանելի իրողութեան հետ, ինչ որ իրենց համար բացած էր ուրախութեան եւ երջանկութեան դուռը։ Իսկ մենք այսօր այս սրբազան իրողութիւնը մեզի փոխանցող Սուրբ Գիրքը ունինք ի ձեռին։ Մեզի համար ճշմարտութիւն է Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը, որուն կը հաւատանք եւ պէտք է հաւատանք։ Սուրբ Յարութեան նկատմամբ հաւատքի տկարութիւններ, թերահաւատութիւններ եւ կամ անհաւատութիւններ կը բաղխին Պօղոս առաքեալի բառերուն. «եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ ի զուր է մեր քարոզութիւնը, ի զուր է նաեւ ձեր հաւատքը։ … եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ ի զուր է ձեր հաւատքը եւ տակաւին նոյն մեղքերուն մէջ էք» (Ա. Կորնթացիս, 15.14,17)։
Յովսէփ Արիմաթացիի անձնական գերեզմանը, «որուն մէջ երբեք մարդ դրուած չէր» (Յովհաննէս, 19.41), ծառայեց որպէս առժամեայ բնակարան Քրիստոսի անշնչացած Մարմնին։ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնէն ծնած Քրիստոս կոյս գերեզմանէն յարութիւն առնելով փառաւորեալ մարմնով կը յայտնուէր աշխարհի, մահուան անէծքին դէմ տարած յաղթանակով։ Յետ աննախընթաց Յարութեան Տեառն մերոյ, Սուրբ Գերեզմանը մնաց թափուր եւ անցաւ տիեզերքի պատմութեան էջերուն իր եզակի եւ աննման հանգամանքով, որ է յաւիտենական անապականութիւնը։ Սուրբ Գերեզմանը ի տարբերութիւն այլ գերեզմաններէն, նոր կեանքի անուշահոտութիւնը կը բուրէ։ Սուրբ Գերեզմանի պատերէն անընդհատ կը շարունակուի լսուիլ հրեշտակաւանդ աւետիսը. «Մի՛ վախնաք դուք, գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք. Այստեղ չէ ան, վասնզի յարութիւն առաւ, ինչպէս ինքն էր ըսած»։ Այս աւետիսը պիտի շարունակուի լսուիլ մինչեւ ի կատարած աշխարհի եւ պիտի մնայ զօրութեան ակը յարութեան հաւատքով ապրողներու համար։
Շարակնոցէն կը կարդանք. «Որ մահուամբ զմահ լուծեր անմահութիւն մեզ շնորհեցեր կենդանարար քո յարութեամբդ. ընդ երկնային զուարթունս նոր օրհնութիւն քեզ երգեսցուք. Ալէլուիա» «Դուն որ մահուամբ մահը խորտակեցիր եւ կենդանարար քո յարութեամբդ լուծեր մեզի անմահութիւն շնորհեցիր. երկնային զուարթուններուն հետ նոր օրհնութիւն պիտի երգենք քեզի. Ալէլուիա» (Աշխարհաբար՝ Եփրեմ Արքեպս. Թապագեան)։
Յարութեան օրհներգութեամբ խանդավառուած շարունակենք ողջունել զիրար աւանդական սուրբ աւետիսով. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»։
Շնորհք, սէր եւ Աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Գնալը կղզի