ԻՆՉՈ՞Ւ ԽՌՈՎԱԾ ԵՍ ԵԹԷ ՏԷՐԸ ՅԱՐԵԱՒ
«Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ
յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց»
Քրիստոնէական եկեղեցւոյ մեծագոյն տօներուն գագաթնակէտը հանդիսացող Ս. Յարութեան տաղաւարը հասած է։ Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս ամենէն ակնկալուած եւ կեդրոնացնելու զօրութեամբ լի համաքրիստոնէական արժէքն է սա։ Արագընթաց ձիու մը նման երբ կեանքը կը սահի եւ օրացոյցի էջերուն մէջ կը շատնան մեր կեանքի անցեալը, առաւել եւս կը թաղուինք անձնական մտածումներու եւ կը փնտռենք Փրկիչ մը, որ պիտի գայ եւ մեր կեանքի համապատումը պիտի թարմացնէ։ Ազգերու եւ հաւաքականութիւններու պատմութեան մէջ ներկայիս եւս ամենէն շատ ակնկալուած այս յուսադրիչը ահա դարձած է Յարուցեալ Տէրը, վասնզի «մահէն դէպի կեանք, ապականութենէն անապականութիւն» առաջնորդող կամաւոր մը կը փնտռուի միայն։
Հետեւաբար, Ս. Յարութեան աւետիսը առիթ մըն է, որպէսզի քրիստոնէական հաւատքի ամենէն էական յուսադրիչին անսահման զօրութիւնը ձայնաւորուի բազմիցս, յիշեցնելու համար Կենաց Քարոզչութիւնը թափուր գերեզմանին։ Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց, լոյս ծագեցաւ արարածոց։
Քրիստոսի Ս. Յարութեան հրաշափառ օրհներգութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն մէջ կ՚արձագանգէ, որուն կը միանայ Ս. Դաւիթ մարգարէն իր քնարերգակցութեամբ. «Գովեա, Երուսաղեմ, զՏէր։ Եւ օրհնեա՛ զԱստուած քո, Սիովն» (Սղմ. 147.12) Պատմութեան մեծագոյն հրաշքը կը տօնախմբուի մարդկային փրկութեան, ազատութեան, հոգեւոր արժէքներու աշխուժացման իտէալով։ 1700 տարիներ առաջ Նիկիոյ Ս. Ժողովին մէջ եւս յայտարարուեցաւ այս մեծ ճշմարտութիւնը, որպէս անխախտելի դաւանութիւնը քրիստոնէական եկեղեցւոյ. «Չարչարեալ, խաչեալ, թաղեալ, յերրորդ աւուր յարուցեալ»։ Հապա ինչո՞ւ Քրիստոսի Յարութեան վրայ հիմնաւորուած ու կեդրոնացած են բոլոր եկեղեցիները։ Որովհետեւ եթէ «մեռելներուն յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ։ Եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ուրեմն մեր քարոզութիւնը պարապ է ու ձեր հաւատքն ալ պարապ է» (Կորնթ. 15.13-14)։
Քրիստոսի Յարութիւնը, պատմական աննախընթաց հրաշք, միեւնոյն ժամանակ յոյսով օծուն տիպարն է ապագայ սերունդներուն։ Աշխարհի փորձութիւններուն մէջ հոգեպէս անկեալ անձեր, այս աւետիսին մօտ կը գտնեն, որ աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ փորձանք աւելի զօրաւոր է քան մահը։ «Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց»։ «Վասն զի եթէ մենք տնկակից եղանք անոր մահուանը նմանութիւնովը, նաեւ անոր յարութեանը նմանութիւնով ալ կցորդ պիտի ըլլանք» (Հռովմ. 6.5)։
Նախքան Քրիստոս մահը անխուսափելի էր. «հիմա պիտի չթոյլատրեմ որ ձեռքը երկնցնէ ու կենաց ծառէն ալ առնէ» (Ծննդ. 3.22)։ Այնպիսի ջնջիչ մըն է ան, որ կեանքի խաղաղութիւնը, ընտանեկան երջանկութիւնը խափանելու զօրութիւնը ունի իր մէջ։ Մարդկային կեանքը կը մնայ փոշիէն աւելի փոքր մահուան իրականութեան դիմաց։ Աշխարհի տէրն ու տիրականը դարձած է մահը իր անիծադրիչ էութեամբ։ Թէ՛ մարդուն եւ թէ շրջակայքին մէջ զգալի է իր տիրակալութեամբ։ Աշխարհի ամենէն գեղեցիկ տարրը, բնութեան ամենաընտիր ծաղիկը կրնայ խլել խափանիչ զօրութիւնը՝ մահը։
Բայց միայն Քրիստոս յաղթեց մահուան եւ անէծքի շղթաները փրցուց լուսաշող զօրութեամբ։ Քրիստոս մեռաւ, յարութիւն առնելու եւ մարդկանց նոր կեանք մը պարգեւելու համար։ Կեանքի յաղթանակը մահուան վրայ եւ լոյսի յաղթանակը խաւարի վրայ նշանաբանը տարածութիւն գտաւ։ Եւ այս բոլորին մօտ կ՚արժէ հարցնել, թէ միթէ ի՞նչ կը պատահէր, եթէ Քրիստոս Յարութիւն առած չըլլար։
Յաւերժութիւնը արդէն իսկ մարդուն ծիներուն մէջ դրոշմուած նշանաբանն է, վասնզի մարդ չէ ստեծուած ժամանակաւոր հետք թողելու այս աշխարհին մէջ։ «Յարուցեալ է Տէր ի գերեզմանէն», որովհետեւ անժամանակ Աստուած մարդուն կ՚ուզէ յիշեցնել յաւերժական կեանքի բանալին եւ այս ուղղութեամբ կը հրաւիրէ ամբողջ էութիւնը կեդրոնացնելու դէպի լուսաշող գերեզման։
Ս. Յարութեան լոյսը մարդս կ՚առաջնորդէ դէպի յաւերժութիւն։ Յիշենք, որ մեծ աւետիսը փարատեց առաքեալներու մտքի եւ հոգիի վրայ ճնշող տարակուսանքի խաւարը։ Թերահաւատութեան աստիճանի հասան, երբ առաքեալներ դէմ յանդիման մնացին Խաչեալ ու Թաղեալ Քրիստոսի հետ։ Գերեզմանը նաեւ դարձաւ իրենց յոյսերու եւ ակնկալիքներու վերջակէտը։ Բայց, թերահաւատութեան այս քօղը ակնթարթի մէջ վերցաւ եւ Յարութեան ուրախութիւնը պարուրեց առաքելոց սրտերը։ Իրենց սիրելի ուսուցիչը, վարդապետը, բարեկամը եւ առաջնորդը կորսնցուցած առաքեալներ միթէ ինչպէ՞ս քաջ հովիւներ մնային։ Կարծես բոլորը Քրիստոսով միատեղ իջած ըլլային գերեզմանի ամենէն խորունկը եւ թաղէին իրենց յոյսերը եւ երազները։
Բայց, Քրիստոսի Յարութեամբ յարութիւն կ՚առնէ նաեւ առաքեալներու ժամանակաւոր խաւարածածկեալ հոգին։ Յարութեան աւետիսով վերակենդանացած կրկին կը կայնին իրենց ոտքերուն վրայ, առաւել եւս ամրապնդուած ըլլալով անշուշտ թէ։ Աննահանջ հաւատքը այս անգամ կը թագաւորէ իրենց մօտ, այնքան որ, անոնք ապագային կը զգենուն հաւատոյ լուսաշողութիւնը եւ նոր կեանք, նոր յոյս եւ նոր վարդապետութիւն կը քարոզեն աշխարհի չորս ծագերուն։ Հոգեպէս փտած աշխարհը այս մեծ հրաշքի որպէս հետեւանք իր փտացնելու զօրութենէն կը մերկանայ, վասնզի այս աշխարհի իշխանը այլեւս ոչինչ ունի Քրիստոսի «Ճշմարտապէս Յարեաւ» աւետիսին դիմաց կատարելու։
Ուրեմն, եկէ՛ք այսօր մենք եւս ընդօրինակենք առաքելական հաւատքը եւ անձնական ու հաւաքական կեանքէ ներս թօթափենք մեր վրայ իշխող խաւարապատ ամպերը։ Իրապաշտ ըլլանք տեսնելով հաւատուրաց աշխարհի փորձութիւնները, բայց արթուն մնանք Ս. Յարութեան ջերմութիւնը զգալով մեր ներսիդին։ Չարտօնենք, որ աշխարհի ճնշիչ զօրութիւնը խանդավառուի մեր անկումով, այլ ընդհակառակը աշխարհը թող խռովի տեսնելով նոյն աշխարհը յաղթող Յարուցեալի ներկայութիւնը։ Թող որ Աստուած միշտ անսասան պահէ կեանքի ճշմարիտ կամքը եւ իմաստութիւն շնորհէ հետեւելու։ Ուստի, եկէ՛ք մեր սրտերուն խորքէն աղաղակենք եւ միասնաբար բացագանչենք երիցս կրկնելով.
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ