ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՈՒՏ ՄԸ

Մեր այս յօդուածը կ՚ուզենք վերջացնել պարզ ու յստակ սահմանումով մը. սփիւռքի մէջ հայը օրէ օր կը կորսուի. վստահաբար, շատեր համակարծիք պիտի չըլլան ու առարկեն ըսելով՝ «կայ սերունդ մը», կաթիլ մը ջուրը համեմատելով ծով անտարբերութեան հետ: Սակայն, արդար ըլլալու եւ պարզապէս ըսելու սիրոյն բան մը ըսած չըլլալու համար անհրաժեշտ կը տեսնենք վերջին երկու տասնամեակներուն մեր որոշ գաղութներու ունեցած իրավիճակը: 

Դժբախտաբար շատ մը հայկական գաղութներ, գուցէ իրենց հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն չկրցան ունենալ հայկական վարժարաններ եւ կամ ունենալով չկրցան ապահովել անոր գոյութիւնը: Շատ մը գաղութներ, որպէսզի իրենց զաւակները հեռու չմնան եւ կամ չզրկուին մայրենիի կրթութենէն՝ հազար ու մէկ զոհողութիւն ու պայքար յանձն առին, որպէսզի յաջողին իրենց տեղական դպրոցներուն մէջ՝ տեղի ղեկավարներու օգնութեամբ հայերէնի դասաժամեր ստեղծել. թէեւ այդ դասաժամերը իրականութեան մէջ այնքան ալ մեծ նպաստ մը չէին կրնար բերել հայեցի դաստիարակութեան մէջ, սակայն, այս պարագային ինչպէս ժողովուրդը կ՚ըսէ՝ «Քալող էշը մեռած ձիէն լաւ է»: 

Օրինակի համար, նման գաղութ մը ունինք Ռուսաստանի Ստավրոպոլի մարզի Եդեսիա եւ Ատիգէայի Պրոլետարսքի աւաներուններուն մէջ, ուր ունինք հայկական գաղութ մը՝ սակայն չունինք դպրոց։ Նշեալ շրջաններուն մէջ հայկական դպրոցներ չունենալով գաղութը յաջողած էր տեղական դպրոցին մէջ ստեղծել հայերէնի դասաժամեր. անցնող տարիներուն ընթացքին մէկ տարուան հեռաւորութեամբ փակուեցաւ առաջին եւ ապա երկրորդը եւ այս փոքր գաղութները այսօր չունին հայկական դպրոց, հայկական դասաժամեր։ Անշուշտ, այս նիւթը բարձրաձայնուեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող Համահայկական 10-րդ կրթական խորհրդաժողովի ընթացքին. ի՞նչ փոխուեցաւ, Համահայկական կրթական խորհրդաժողովի մասնակիցները, Հայաստանի պետութիւնը եւ ընդհանրապէս կրթութեամբ հետաքրքրուած մեր հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները ի՞նչ ըրին այդտեղ հասակ առնող հայ մանուկին ու պատանիին մէջ պահելու համար հայեցիութիւնը՝ ապահովելով անհրաժեշտ ուսուցումն ու ժամերը: Այս բոլորին մէջ լաւատեսութիւնը այն է, որ երբ տեղական դպրոցներէն դուրս դրուեցան հայկական դասաժամերը, համայնքը՝ եկեղեցւոյ եւ այլ կազմակերպութիւններու օգնութեամբ լաւապէս գիտակցեցաւ հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան եւ փորձեց հայկական կառոյցներէն ներս ստեղծել դասընթացքներ՝ փակելու համար այդ արիւնող բացը: 

Անշուշտ, դասընթացքներ ըսելով պէտք չէ քաջալերուիլ, որովհետեւ փորձով գիտենք, թէ շաբթուան մէջ տրուած 3-4 ժամ դասընթաքները այնպէս ալ չեն յաջողիր հայը հայ պահել՝ մանաւանդ մանուկներու եւ պատանիներու պարագային, որոնք կը յաճախեն օտար դպրոց, օտար մանկապարտէզ. երբ անոնց շրջանակը, ընկերները եւ ընդհանրապէս ապրած մթնոլորտը օտար է, բնական է, որ անոնք եւս հասակ առնեն օտարին բարքերով, օտարի մտածողութեամբ եւ վերջապէս հեռու մնան հայութենէն. նոյնն է պարագան Յունաստանի, նոյնն է պարագան Եւրոպայի շատ մը երկիրներուն՝ ուր հայկական դպրոց չըլլալուն պատճառով հասակ առնող նոր սերունդը մի քանի ժամով հայ պահել կը փորձեն: 

Մեր թուականէն եօթ տարիներ առաջ՝ 2018 թուականին, երբ սփիւռքը ունէր «նախարարութիւն» մը՝ Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, հետեւեալ զեկոյցը կը ներկայացնէր Հայաստանի ղեկավարութեան.

«Համայնքի անդամներուն 70-80 տոկոսը հեռացած է համայնքէն. չի մասնակցիր համայնքի աշխատանքներուն. համակարգող մարմիններ կը բացակային: Խնդիրներէն են խառն ամուսնութիւնները, որոնց թիւը կ՚աւելնայ, մայրենի լեզուի պահպանութիւնը. հայկական շատ մը դպրոցներ կը փակուին: Անոնց կը միանայ հայոց ցեղասպանութեան խնդիրին չկարգաւորումը եւ այլն»: 

Այս մէկը ապացոյցն է մեր դժբախտութեան. իրականութիւն է, որ այսօր շատ մը գաղութներու մէջ կը փորձեն «հայրենասիրութիւն» ցուցադրել եւ որոշ իրագործումներ ընել, սակայն իրողութիւն է, որ համայնքի 70-80 տոկոսը հեռու կը մնայ այդ բոլորէն. հեռու մնացողը կը մեղադրէ հեռու չմնացողը, իսկ վերջինս իր կարգին կը մեղադրէ հեռու մնացողը։ Մենք կը մեղադրենք երկուքը, որովհետեւ եթէ հայը հեռու կը մնայ՝ խնդիրը ղեկավարութեան մէջ պէտք է փնտռել, իսկ միւս կողմէ մեղադրելի է հեռու մնացողը՝ որ այդ թերութիւնները լուծելու փոխարէն յանձն կ՚առնէ հեռու մնալ (թէեւ լաւապէս գիտենք, որ թերութիւնները սրբագրել ուզողները ինչ ճակատագիրի կ՚արժանանան)։ Հոս հիմնական մտահոգութիւնը կը կայանայ այնտեղ, որ եթէ այսօր 70-80 տոկոսը հեռու է, կը նշանակէ ներկայ է 20 տոկոս փոքրամասնութիւն մը. եթէ նկատի ունենանք, որ այս 20 տոկոսին ապագայ սերունդներէն դարձեալ 70-80-ը հեռու պիտի մնայ... ապա կրնանք ըսել, որ այդ գաղութներուն կեանքը մօտաւորապէս դար մը ետք արդէն իսկ պատմութեան էջերուն յանձնուած կ՚ըլլայ. ցոյց կու տան հին եկեղեցի մը՝ հայկական անունով, արդէն իսկ չգործող դպրոց կամ ակումբ մը՝ դարձեալ հայկական անունով, սակայն առանց հայութեան: 

Եթէ մէկը պիտի հարցնէ, թէ ի՞նչ է լուծումը, ապա մէկ բառով ըսենք. միասնութիւն. որովհետեւ այս պարտաւորութիւնը դրուած է ո՛չ միայն պետութեան, ո՛չ միայն եկեղեցւոյ, ո՛չ միայն կուսակցութիւններուն կամ կազմակերպութիւններուն վրայ, այլ՝ բոլորիս վրայ, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ պէտք է զգայ պարտաւորութիւնը իր ազգին տալու իր ունեցածէն՝ անմնացորդ:

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս կը տեսնես գաղութի մը վիճակը, ուր կան հայեր, սակայն չկայ հայկական դպրոց, չկայ հայկականութիւն:

Պատասխան. Գաղութ մը, ուր կան հայեր, սակայն չկայ հայկական դպրոց եւ հայու ինքնութիւն, կը նմանի ծառի մը, որ իր արմատները կորսնցուցած է. տակաւին կանգուն է, բայց ժամանակի ընթացքին սնունդէ զրկուած, կը տկարանայ: Առանց դպրոցի եւ մշակոյթի փոխանցումի նոր սերունդը ինքզինք կը գտնէ ինքնութեան ճգնաժամի մէջ. կը կորսնցնէ իր լեզուն, պատմութիւնը եւ հայրենիքի եւ ինքնութեան հետ իր կապը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 21, 2025