ՅԱՂԹԵՑԻ՛ ՄԱՄԱ, ՅԱՂԹԵՑԻ՛…

Աւագ շաբաթն է նորէն… 

Ծաղկազարդէն մէկ օր առաջ միայն կը սկսի զատկական արձակուրդնիս եւ մայր ու աղջիկ՝ երկուքս ուսուցչուհի, կ՚ուզենք մասնակցիլ եկեղեցական բոլոր արարողութիւններուն, որոնք Երուսաղէմի մէջ բացառիկ են, նաեւ պատրաստուիլ Զատիկին, որովհետեւ Խթման գիշերը մի՛շտ մեր տունը կը հաւաքուինք։ Բացի ընտանիքէն, աշխարհի չորս կողմերէն կ՚ունենանք այնքան ծանօթ հիւրեր, որոնք յատուկ եկած կ՚ըլլան Քրիստոսի Յարութիւնը Երուսաղէմի մէջ դիմաւորելու։

Այսպիսի խճողուած շաբաթ մըն է Զատիկի շաբաթը։ Անշուշտ, չմոռնամ յիշելու պատրաստութիւնը զատկական «չէօրէկ»ին եւ «մա՚մուլ»ին…

Այս բոլորին վրայ չարաճճի ու անհամբեր Արփիակս.

-Մամ, ե՞րբ հաւկիթները պիտի ներկենք…

-Հաւկիթը վերջինը կը ներկեն հոգիս, դեռ ժամանակ կայ։

-Ընկերներս բոլորը ունին արդէն, Սեդոն ըսաւ, որ նէնէն ներկեր է, նոյնը Զօհրապին մաման, Աւոյին մաման, Յակոբիկը ըսաւ, որ իրենք ալ ներկեր են։ Միայն մենք չունինք, որովհետեւ… չըսեմ ինչ…

-Ըսէ՛ նայիմ, ի՛նչ պիտի ըսես…

-Իմ մամաս հաւկիթ ներկել չի գիտեր… Հահահա… Բոլորին պիտի ըսեմ, օխ ըլլաս։

Մայրս, որ մեր կողքին զբաղած էր Զատիկի սեղանին ծածկոց եւ այլ զարդարանքներ պահարանէն հանելով, միջամտեց.

-Արփիակ հոգիս, մենք միշտ շաբաթ առտու կը ներկենք հաւկիթները եկեղեցի չգացած։ Այդպէս է աւանդութիւնը։ Եկեղեցիէն՝ Յարութեան ուրախութիւնը մեր սրտերուն մէջ, նոր ելած Լոյսէն մեր մոմերը կը վառենք, տուն կու գանք եւ տունին բոլոր սենեակները աղօթելով մոմը կը պտտցնենք։ Ընթրիքին ալ հաւկիթ կը խաղանք եւ ձուկ կ՚ուտենք…։

-Բայց ինչո՞ւ չենք կրնար աւելի կանուխ ներկել, ընկերներուս մամաները ինչո՞ւ ներկեր են։

-Անոնք մասնաւոր այդպէս ըսեր են, որ ընկերներդ քեզի նման շատ հարցում չընեն։ Քրիստոս պիտի չարչարուի, խաչին վրայ մեռնի, թաղուի, որ ետքը Յարութիւն առնէ։ Քրիստոս մեր սրտերուն մէջ ալ ամէն տարի Յարութիւն կ՚առնէ եւ քրիստոնեային համար նոր Կեանք կը բացուի։ Կարմիր հաւկիթը նոր Կեանքի խորհրդանիշն է, անոր համար միայն Զատիկին կը ներկենք։ Մեր ամենամեծ տօնն է Զատիկը։ Ինչպէս կրնանք Յարութենէն առաջ ուրախանալ, երբ Քրիստոս կը չարչարուի եւ կը խաչուի։

-Շա՞տ չարչարեցին մամի, երանի հոն ըլլայի… Չէի ձգեր չէ՞ մամի, ընկերներս ալ կու գային… Ամէն տարի ասանկ պիտի չարչարեն եւ խաչե՞ն, չեմ ձգեր, թող ամէն օր առանց չարչարուելու Յարութիւն առնէ եւ մենք ալ ամէն օր կարմիր հաւկիթ ուտենք։

Տխրեցաւ տղաս, գլուխը կախ սենեակը գնաց։

Շաբաթ առտու ներկեցինք հաւկիթները, տղաս խանդավառութեամբ ներկուած հաւկիթներուն վրայ ճուտիկի եւ նապաստակի նկարները փակցուց, ըստ մօրս սովորութեան՝ ամանին մէջտեղը կարմիր հաւկիթներով խաչ մը ըրինք, շուրջն ալ այլ գոյներով ներկուածները տեղաւորեցինք եւ եղանակը տաք ըլլալուն՝ գրասենեակս տարինք որպէս ամենազով սենեակը տունին։

Եկեղեցիէն վերադարձանք՝ Քրիստոսի տարիքով իրարու փակած 33 մոմերով, տունը Նոր Լոյսով ճառագայթեցաւ… հրաւիրուած հոգեւորականը հացը, աղն ու ջուրը օրհնեց եւ բացի մեր ընտանիքէն մօտաւորապէս քսան հիւր Հոլանտայէն եւ Հայաստանէն սեղան նստանք։

Անդրադարձայ, որ տղաս անհետացեր է…

Արփիակ, Արփիակ, ներս-դուրս փնտռեցինք՝ Արփիակը չկայ…

Արդեօք այս երկար օրէն ետք յոգնած քնացե՞ր է, մտածեցի… Բայց անկողինն ալ պարապ էր։ Ի՞նչ եղաւ, ո՞ւր գնաց, անհամբեր այս ընթրիքին կը սպասէր…

Գրասենեակիս դուռը բացի… Այդ որքա՜ն միամիտ ենք եղեր մայր ու աղջիկ, որ զինք ուրախացնելու համար ներկուած հաւկիթներուն ամանը իր ձեռքը տուինք իբր ապահով տեղ տունին ամենազով սենեակը տանելու։ Այո՛, պարզապէս տաքէն պաշտպանած էինք ներկուած հաւկիթները, իսկ տղայէ՞ս…

Արփիակս փառաւորապէս բազմեր էր սենեակին մէջտեղը, հաւկիթներուն գունաւոր կեղեւները սփռուած շուրջբոլորը։

-Յաղթեցի՛, մամա յաղթեցի՛, նայէ՛, եւ ցոյց տուաւ մատներով զգուշութեամբ բռնած միակ չկոտրուած կարմիր հաւկիթը, նայէ՛ յաղթեցի բոլորին, ասի Յիսուսն է, որ Յարութիւն առաւ։

Փոքրիկ քրիստոնեայիս երեսը կը փայլէր, աչքերը կը շողարձակէին… 

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՂԹԵՑ ԱՇԽԱՐՀԻՆ եւ յաղթանակը այդ վայրկեանին չարաճճի մանչուկիս անմեղ հայեացքին մէջն էր, որ քանի օր չարչարուելով սպասած էր այդ վայրկեանին։

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երուսաղէմ

Շաբաթ, Ապրիլ 19, 2025