Արխիւ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2024

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջին օրերուն հոգեւորականաց համագումար տեղի ունեցաւ։ Սա թեմի հոգեւորականաց դասու այս տարուան երրորդ հաւաքն էր։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կրօնքի եւ գիտութեան մասին առանձին-առանձին եւ երկուքի մասին միասնաբար շա՜տ բան գրուած է: Դրական թէ ժխտական մօտեցումներ միշտ ալ եկած են նոր երանգ մը տալու այս երկու զուգահեռ իրականութիւններուն, որոնք կողք կողքի կը քալեն՝ արդէն երկա՜ր դարերէ ի վեր:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդու իրաւունքներու ոտնահարումն ու բռնութիւնը, որ համաշխարհային խնդիր է, հասարակութեան վրայ կործանարար ազդեցութիւն ունեցող երեւոյթ մըն է։ Բռնութեան զոհերու մեծամասնութիւնը կը կազմեն կիներ, ինչ որ վերջին օրերուն ողողած է օրակարգը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Խօսելու կամ գրելու ատեն բառերու միջոցաւ նախադասութիւններ կը կազմուին. այդ բառերը իրենց նշանակութեամբ եւ ձեւով իրարմէ կը տարբերին։ Զոր օրիակ՝ «Աշակերտը հոն գնեց գիրք եւ մատիտ» նախադասութեան մէջ «աշակերտ», «գիրք», «մատիտ» բառերը ունին առարկայի նշանակութիւն եւ կրնան փոփոխուիլ, հոլովուիլ՝ «աշակերտի», «գիրքի», «մատիտէն» եւ այլն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան գործունէութեան հաւատացող մը չեմ, պարզապէս այն պարզ պատճառով, որ հեռու են «արդարութիւն» ըսուած ամենէն կարեւոր սկզբունքէն, որովհետեւ արդարութիւնը իր մէջ խտրականութիւն չ՚ունենար:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Թարգմանչաց տօնը հայոց տօնացոյցի այն տօներէն է, որ յաճախ խոհերու տեղիք կու տայ: Այս տօնը կը հմայէ, կը ներշնչէ եւ ինքնավստահութեամբ կը լեցնէ մեր հոգիները:
Առհասարակ, թարգմանութեան պատմութիւնը քաղաքակրթութեան պատմութիւն է: Հինգերորդ դարու հայ թարգմանիչներուն կատարած աշխատանքը փարոսի պէս լուսաւորած է հայ մշակոյթի, պատմութեան, մեր ինքնութեան ճանապարհը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ներկայ ժամանակաշրջանին զաւակ դաստիարակելը ամենէն դժուար մասնագիտութիւնը դարձած է, նկատի ունենալով արժէքներու փոփոխութեան, սրբութիւններու ոտնակոխումին, նորարարութեան լայնամաշտաբ տիրակալութեան եւ նիւթի ու նիւթականին գերիշխանութեան հանգամանքները:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ, թէ՝ Աստուած օրէքին տախտակներուն վրայ դրոշմեց ի՛նչ որ մարդիկ չէին կրնար կարդալ իրենց սրտերուն մէջ։
«Բարոյական օրէնք»ը՝ աստուածային Իմաստութեան գործն է։ Սուրբգրային իմաստով կարելի է սահմանել զայն իբրեւ հայրական ուսուցում, Աստուծոյ դաստիարակութիւն։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր հրապարակախօսութիւններուն մէջ վստահաբար բազմիցս խօսած ենք կորսուող սփիւռքին մասին. մերօրեայ սփիւռքը այսպէս կամ այնպէս, կէս մը կիսամահ, կէս մը մահամերձ կը փորձէ իր գոյութիւնը պահել, սակայն կան որոշ գաղութներ, որոնք շատ աւելի շուտ մահանալու դատապարտուած են՝ քան ուրիշներ. անոնցմէ մէկն է, օրինակ, Եգիպտոսի հայ գաղութը. այս գաղութը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ ունի եւ պէտք է ունենայ իր ուրոյն դերն ու տեղը, որովհետեւ այսօր թէեւ լճացած, անցեալին եղած է սփիւռքի ամենէն աշխոյժ գաղութը՝ իր ազգային գործունէութեամբ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2024

Հայաստանի տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու բնագաւառի հսկաներէն «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութիւնը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 20-ամեակը։ Ընկերութիւնը այս յոբելեանը կը տօնէ զանազան ձեռնարկներով։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2024

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, որ Համպուրկի կայունութեան համաժողովին մասնակցեցաւ, երէկ, Պերլինի մէջ ընդունուեցաւ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէրի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախագահները զրոյցի ընթացքին անդրադարձան նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մերձաւոր Արեւելքէն քրիստոնեայ տարրերու հեռացումը վերջ չունի՝ պայմանաւորուած առկայ քաոսով:
Հայութիւնը դժբախտաբար նոյնպէս նօսրացած է եւ տարածաշրջանի երկիրներէն գաղթը կը շարունակուի նկատելի չափով:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2024

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Նիւ Եորքէն.-

Հայ իրականութեան մեծագոյն բարենպատակ հաստատութիւնը այս շաբաթավերջին վերստին կը պայմանաւորէ հայութեան օրակարգը՝ իր ձգողականութեամբ եւ ազդեցութեամբ: Նիւ Եորքի մէջ կը գումարուի 93-րդ ընդհանուր ժողովը, որ յարակից ձեռնարկներով հանդերձ նախատեսուած է Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ: Աշխատանքային ծրագիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ «ԱՊՐԻ Արմենիա» վերլուծական կազմակերպութեան ֆորումը:
ՀԲԸՄ-ի անցումային հանգրուանը: Համազգային վստահութեան առանցք:
Աշխարհատարած հեղինակաւոր կազմակերպութեան շրջադարձին անվերապահ երախտագիտութեամբ կը մեծարուի Պերճ եւ Վերա Սեդրակեան ամոլը՝ շուրջ յիսուն տարիներու յանձնառու ղեկավարութեան համար: Մեծարանքի ընթրիքը տեղի կ՚ունենայ Մենհեթթընի «Մենտըրին Օրիէնթըլ» պանդոկի սրահներէն ներս: Արդէն 118-ամեայ կառոյցի կեդրոնական վարչութեան գլուխը կ՚անցնի Սեմ Սիմոնեան՝ որպէս 8-րդ նախագահ, որ օղակը կը հանդիսանայ՝ Պօղոս Նուպար փաշայով սկիզբ առած եւ երջանկայիշատակ Ալեք Մանուկեանով շարունակուած առասպելական անուններու ոսկէ շղթային. փաղանգ, որու բոլոր անդամները հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքի մղիչ ուժերը եղած են իրենց գործած ժամանակաշրջաններուն:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

20 փետրուար 2016-ին, համացանցի վրայ հրապարակած մեր մէկ գրութեան մէջ՝ «Ձուլուած հայեր» խորագիրը կրող, հետեւեալ հատուածը արձանագրած ենք. «Այսօր ամբողջ սփիւռքը լուրջ խնդիրի դիմաց կանգնած է. հայապահպանութիւն: Սակայն, լուրջ անտարբերութիւն մը կը տիրէ, որ տարուէ տարի զգալիօրէն կ՚աճի:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2024

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ՝ Մարի Նալճըն եւ Մարիամ Տրամէրեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի յանձնեցին հիմնարկին կողմէ վերջերս տպագրուած հայերէնի եւ թուաբանութեան նոր դասագիրքերը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2024

Արդէն քանիերորդ անգամն է, որ միջազգային գործընկերները կ՚ահազանգեն, իսկ իշխող քաղաքական ուժի՝ «Քաղպայմանագրի» ներկայացուցիչները լռելեայն կը հաստատեն, թէ Հայաստանին ցրտաշունչ ձմեռներ կը սպասեն յառաջիկայ տարիներուն, թերեւս նաեւ՝ սով եւ Հայաստան պէ՛տք է պատրաստ ըլլայ այդ արհաւիրքին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պաղեստինի խնդիրին շուրջ Իրան այսօր երեւելի հովանաւոր մըն է, բայց 40 տարի առաջ այդպէս չէր:
Կազզէի արիւնալի պատերազմ. Իսրայէլի ծայրայեղութենէն անդին կը հարցաքննուի նաեւ միւս կողմին ընթացքը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2024

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստ է լիովին ապահովել իր տարածքով բեռներու, փոխադրամիջոցներու եւ մարդոց երթեւեկութեան անվտանգութիւնը։
Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը ունեցաւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ)՝ Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2024

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, երէկ երեկոյեան հիւրընկալուեցաւ նախկին պոլսահայ շրջանակներու կողմէ։ Իր մասնակցութեամբ երեկոյթ մը տեղի ունեցաւ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս։ Նիւ Եորքի առաջնորդարանի համալիրի այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Պոլսահայ օգնութեան միութեան (C.A.R.S.) կողմէ, շրջանի հայկական այլ կազմակերպութիւններով հանդերձ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2024

Արժանապատիւ Տ. Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեան Միաբան
Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան
Իսթանպուլ, Թուրքիա
Սիրելի Տէր Հայր,
Քրիստոնէական ջերմ սիրով ու անկեղծ զգացումներով կ՚ողջունենք Ձեր երկար տարիներու գրիչի վաստակը, զորս լոյս կը տեսնէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ, հոգեբուխ յօդուածներով յագեցնելով քաղցը հազարաւոր ընթերցողներուն։

Էջեր