Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՌԻԹ ԵՒ ՊԱՏՃԱՌ ԱՐԹՆՈՒԹԵԱՆ

«Ինչո՞ւ մեռելներուն մէջ կը փնտռէք ողջը։ 
Այստեղ չէ, այլ յարութիւն առաւ…»։
(Ղուկաս ԻԴ. 5-6)

Ինչպէս հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր, այս տարի եւս անհամբեր կը սպասենք մեր եկեղեցիներու զուարթ ղօղանջին, որ մեզ անգամ մը եւս պիտի աւետեն Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը։

Երուսաղէմի վիմափոր գերեզմանէն տարածուած այս լուրը առաջին աւետողներն էին «լուսաւոր զգեստով երկու մարդիկ»՝ հրեշտակներ, որոնք զարհուրած իւղաբեր կիներուն աւետեցին. «Ինչո՞ւ մեռելներուն մէջ կը փնտռէք ողջը։ Այստեղ չէ, այլ յարութիւն առաւ…»։

Մենք՝ հայերս այսօր կարծես կը մոռնանք «մեռել» բառին այնքան գեղեցիկ հոմանիշը, որ աւելի ալ քրիստոսնէական է. «ննջեցեալ»։ Անձը չի կորսուիր, չի՛ դադրիր գոյութիւն ըլլալէ, այլ՝ կը ննջէ ժամանակաւորապէս։

Այս տեսակէտին լաւագոյն օժանդակողներն են մեր բառարանները, որոնք կու գան ստուգաբանելու «յարութիւն» բառը՝ «յառնել» արմատով, որ կը նշանակէ «ոտքի ելլել, քունէն արթննալ, յարութիւն առնել, կենդանանալ…»։ Յարութեան համար ունինք «վերադարձ՝ մահէն դէպի կեանք» իմաստը, որուն կը կցուի «վերակենդանացում»ը, կայ նաեւ «վերազարթնում» իմաստը։

Ինչպէս մեր ժամանակաւոր քունը՝ նինջը վերջ կը գտնէ արթննալով, այնպէս ալ վերջ պիտի գտնէ հաւատացեալի մահ կոչուած քունը՝ յարութեամբ:

Քրիստոս արթնցաւ իր եռօրեայ քունէն, ինչպէս Զատկական այս օրերուն իր ձմեռնային քունէն կ՚արթննայ բնութիւնը։

Սիրելիներ,

Այս զարթօնքը՝ արթննալու այս գործունէութիւնը հրաշալի օրինակ է մեզի։ Մարդ պէտք է արթննայ նաեւ իր մեղքի քունէն։ Որքա՜ն անուշ կու գայ այն թմրածութիւնը, այն քունը, որուն պատճառը մեղքն է։

Իւրաքանչիւրս այսօրը, այս մեծ տաղաւարը որպէս արթննալու հրաւէր պէտք է ընդունինք։

Կլայեցի Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը աւելի քան ութ հարիւր յիսուն տարիներ առաջ գրի առած եւ Հայոց ժամագիրքի մէջ ներառուած «Յիշեսցուք»ի տողերով հաւատացեալը քանի քանի անգամներ կը հրաւիրէ արթննալու։ «Զարթի՛ք…»: «Արթնցէ՛ք, ո՜վ արիւնով փրկուածներ, եւ Փրկողին փա՜ռք տուէք։ Արթնցէ՛ք, ո՜վ նոր ժողովուրդներ, եւ Նորոգողին նոր երգեր երգեցէք։ Արթնցէ՛ք, երկրպագե՛նք, եւ արցունք թափելով այս ըսե՛նք. ալէլուիա»:

Աւագ շաբթուան սուրբ օրերուն հաւատացեալներու ամենասիրելի արարողութիւններէն մին է Խաւարման գիշերի ժամերգութիւնը՝ ժողովուրդի սիրելի անուամբ Լացի գիշերը, ուր Աւետարանական երկարաշունչ ընթերցումները կը պատմեն Տէր Յիսուս Քրիստոսի Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ ապրած տագնապալի ժամերը. այդ տագնապին մէջ աղօթելը՝ Աստուծմէ ուժ ստանալու խնդրանքով: Պետրոսին եւ Զեբեդէոսի որդիներուն հետ գացած պարտէզի աղօթքի ընդմիջումներուն աշակերտներուն կ՚ըսէ. «Հոգիս տրտում է մեռնելու աստիճան. այստեղ կեցէք եւ ինծի հետ հսկեցէք» (Մատթ. ԻԶ.38) եւ «Արթո՛ւն կեցէք եւ աղօ՛թք ըրէք, որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնաք» (Մատթ. ԻԶ.41): Տէրը իր աշակերտներէն կ՚ակնկալէ միայն արթուն մնալ եւ աղօթել:

Պօղոս առաքեալ Հռոմայեցիներուն ուղղած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Այս ալ պէտք է գիտնաք ներկայ ժամանակի մասին. որովհետեւ հիմա ճիշդ ժամն է որ մենք քունէն արթննանք. քանի որ հիմա փրկութիւնը աւելի մօտ է մեզի, քան երբ որ հաւատացինք։» (Հռոմ. ԺԳ.11, նաեւ Եփես. Ե.14):

Նոր կտակարանի՝ բնականաբար Աստուածաշունչ մատեանի վերջին գիրքի՝ Յովհաննու Յայտնութեան մէջ Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ առաքեալ կը գրէ. «Ուրեմն արթո՛ւն եղիր եւ զօրացի՛ր…» (Յայտն. Գ.2), եւ՝ «Ահա կու գամ ես գողի մը նման. երանի՜ անոնց՝ որ արթուն են…» (Յայտն. ԺԶ.15):

Ս. Զատկի առաւօտուն խաւար գերեզմանը լուսաւորուեցաւ, լոյս հագաւ, մութ գերեզմանը եղաւ Լոյս Գերեզման: Սուրբ Գերեզմանէն ծագող լոյսը լուսաւորեց, կը լուսարէ ու պիտի լուսաւորէ Քրիստոսի բոլոր հաւատացեալները:

Ս. Զատիկը կամ Տիրոջ հրաշափառ Յարութեան մեծ տաղաւարը արթննալու եւ արթուն մնալու տօնն է: Յարուցեալ Քրիստոս բոլորս կը հրաւիրէ մեղքի թմբիրէն արթննալու եւ միշտ արթուն մնալու, որպէսզի կարողանանք այդպէս դիմաւորել մեր Փրկիչը:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 19, 2025