Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2024

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Շէյխ Մուհամմէտ պին Զայիտ ալ Նահիան դէպի Պաքու պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2024

Էքրէմ Իմամօղլու եւ Մուրատ Քուրում՝ 31 մարտին ընդառաջ խօսք կ՚ուղղեն հանրային կարծիքին:
ԱՔ կուսակցութեան թեկնածուն համոզուած է, թէ անկարելի է Իսթանպուլը ապագայի համար ցատկատախտակ տեսնել:

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2024

Ռուբինեան եւ Պոնօ անդրադարձան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:
Ուաշինկթըն միշտ կը հետաքրքրուի Անգարա-Երեւան-Պաքու առանցքի իրադարձութիւններով եւ տարածաշրջանի իրավիճակով:

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2024

Հայաստանի ղեկավարութիւնը այսօր կը հիւրընկալէ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկոս Երափեթրիտիսը, որ երէկ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Երեւան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2024

Միրզոյեան. «Երեւան եւ Պաքու շատ մօտ ապագային կրնան հասնիլ խաղաղութեան հաստատման»:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու հերթական բանակցութիւնները նախատեսուած են այս ամսավերջին:

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2024

Երէկ, Երեւանի մէջ բացուեցաւ աշխարհահռչակ շարժանկարի բեմադրիչ, բեմագիր Սերկէյ Փարաճանովի արձանը։ Այս տարի մեծանուն արուեստագէտի ծննդեան 100-ամեակը կը նշուի եւ այս յոբելեանը կը նշանաւորուի մայրաքաղաքի մէջ անոր արձանի զետեղմամբ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2024

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այս տողերը միայն նորութիւններ չեն, ոչ ալ՝ սովորական շարադրանքներ, այլ՝ օրուան ընթացքին մեր գործածած կամ օգտագործած զանազան թիւերու մասին որոշ տեղեկութիւններ: Շատեր կրնան տեղեակ ըլլալ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօնի առթիւ Գումգաբուի մէջ ընդունեց քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներն ու իրենց ընկերակիցները, որոնք փոխանցեցին իրենց շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները։

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2024

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ի՞նչ է ասիկա:
Ամբողջ ազգ մը խաչբառ կը լուծէ, մարզական խաղերու կը հետեւի, կամ գիշերուան թատերախաղը կը դիտէ, մինչ իսրայէլական զէնքերը ուղղուած են իր ճակատին, հողին, արժանապատուութեան եւ քարիւղին:

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կ՚աղօթենք Աստուծոյ, կ՚աղօթենք եւ կը խնդրենք Աստուծմէ, քանի որ Ան մեր երկնային Հայրն է, եւ շատ բնական է՝ որ որդի մը բան մը խնդրէ իր հօրմէն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհի վրայ կան մարդիկ, որ հակառակ իրենց ունեցած նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն ու տանջանքներուն, շատ անգամ աւելի՛ լաւատես են՝ քան ուրիշներ իր շատ աւելի բարենպաստ պայմաններով կ՚ապրին:

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդը, ստեղծագործող անձ մը ըլլալու կոչումով ստեղծուած է։ Ան իր բազմաթիւ զգացումներու վիհին մէջէն աշխարհ մը կը ստեղծէ՝ ի՛ր աշխարհը եւ ընկերութեան մէջ «արժէքաւոր անձ» մը կը դառնայ։

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կեանքի մէջ յաջողութիւնները պատահականութեան արդիւնք չեն. անոնք շատ անգամ ծնունդ են լուրջ աշխատութեան եւ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ վստահաբար այդ յաջողակներէն մէկն է Սայաթ Նովա, որ իր մահէն 229 տարիներ ետք անգամ կը շարունակէ իր պատուաւոր եւ ուրոյն տեղը ունենալ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2024

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ներկայ տարեմուտին Անթիլիասի մէջ ընդունեց Պէյրութի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Էրվէ Մակրոն։

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2024

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն միաբաններէն նորոգ վախճանեալ Տ. Արիս Արք. Շիրվանեանին, որու կորուստը ներկայ տարեմուտին խոր ցաւ յառաջացուցած էր:

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2024

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ուաշինկթընէն բարձրաստիճան դիւանագէտ մը։ Այսպէս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններուն գծով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնոն, որ ընդունուեցաւ նաեւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2024

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ նշանակուեցաւ Նաիրի Պետրոսեան, որ այս պաշտօնին մէջ պիտի յաջորդէ Սահակ Սարգսեանին։

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2024

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

2024-ի տարեմուտին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի վարչական փակուղին կը խորանայ՝ մասնաւորապէս համայնքային վարժարաններու ցանցին տարիներէ ի վեր յետաձգուած եւ անյաղթահարելիօրէն կուտակուած խնդիրներուն ազդեցութեամբ. առկայ մարտահրաւէրները պայմանաւորեցին նաեւ Գումգաբուի ընդունելութեան մթնոլորտը:
Տագնապը կ՚ահագնանայ՝ քանի երկար ժամանակէ ի վեր ներդրում-արդիւնք յարաբերակցութիւնը դիտումնաւոր չի հաշուարկուիր, հաւաքական կարիքները առարկայականօրէն չեն արժեւորուիր եւ նիւթական միջոցները անխնայօրէն կը մսխուին՝ բաղձալին իրականի վերածելու անիրատես ձգտումով, ինչ որ կ՚ուղղորդուի աճպարարութիւններու դիպաշարով, նաեւ արհեստական օրակարգի սնուցմամբ:

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2024

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Արդէն 130 եւ աւելի տարիէ ի վեր ամերիկեան աւանդոյթ մը կայ. Գալիֆորնիոյ նահանգի Փասատինա քաղաքին մէջ Նոր տարին կը սկսի Վարդերու շքերթով:

Էջեր