ՉՈՐՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման խտացեալ որոնումներու մթնոլորտին մէջ, Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ բարձր մակարդակի քննարկումները թափով կը շարունակուին։ Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի պալատին մէջ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիվըն Ուիթքոֆը։ Սա անոնց արդէն չորրորդ հանդիպումն էր։ Փութինի կողքին էին արտաքին քաղաքակութեան գծով իր օգնականը Եուրի Ուշաքով եւ Ռուսաստանի ուղղակի ներդրումներու հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Քիրիլ Տիմիթրիեւ, որ եւս, իր հերթին, Ուաշինկթըն կ՚այցելէ՝ որպէս Փութինի յատուկ բանագնաց։
Պաշտօնական աղբիւրները մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած Փութին-Ուիթքոֆ երէկուան հանդիպման շուրջ։ Ի դէպ, «Reuters» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ ԱՄՆ-ի առաջարկած ծրագրին շուրջ տարաձայութիւններ խնդրոյ առարկայ են։
Ուաշինկթընէն վերջին շրջանին Մոսկուայի հետ ձեռնարկուած աշխատանքին կապակցութեամբ ընդհանրապէս լաւատես ազդանշաններ կը տրուին։ Ուիթքոֆի ներկայ այցելութենէն առաջ միջազգային լրահոսին մէջ արձագանգ գտած էր, որ ԱՄՆ եւ Ուքրայնա փոխադարձ ըմբռնումի մը հասած են՝ արժէքաւոր մետաղներու արժեւորման հեռանկարներուն շուրջ։
Վերջին օրերու ընդհարումներու ժամանակ Թրամփ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը Փութինին կոչ ուղղած էր, որպէսզի կանգ առնէ։ Ան երէկ ալ յայտնեց, որ Խրիմը պիտի մնայ Ռուսաստանի կազմին մէջ։ Թրամփ թէեւ այս հեռանկարին կը յօժարի, սակայն, Եւրոպան դէմ է այդ մէկուն, ինչպէս Թուրքիան։ Ամերիկացի ղեկավարը երէկ կրկնեց նաեւ, որ չի կարծեր, թէ Ուքրայնա երբեւիցէ կ՚անդամակցի ՆԱԹՕ-ին։
Եուրի Ուշաքով տեղեկացուց, որ Փութինի եւ Ուիթքոֆի երէկուան բանակցութիւնները հնարաւորութիւն տուած են դիրքորոշումներու մօտեցման։
Իր կարգին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ նախընթաց օր դիտել տուաւ, որ Մոսկուա պատրաստ է Քիեւի հետ համաձայութեան՝ կարգ մը տարրերու ճշգրտումէն վերջ։
Բացի Մոսկուայէն, Ուաշինկթըն այս շրջանին աշխոյժ երկխօսութիւն կը ծաւալէ նաեւ Թեհրանի եւ Փեքինի հետ։ ԱՄՆ-Իրան վերջին շփումներուն ի շարունակութիւն՝ Թրամփ երէկ պատրաստակամութիւն յայտնեց այդ երկրի նախագահին կամ հոգեւոր առաջնորդին հետ հանդիպելու ուղղութեամբ։ Բաց աստի, ան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինկի հետ։