Շաբաթ 26, Ապրիլ 2025
ՇԻՄՇԷՔԻ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՅՑԸ
Պետական գանձի ու ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէք վերջին օրերուն այցելեց Ուաշինկթըն, ուր տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական գանձի նախարար Սքաթ Պեսընթի հետ։ Զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հնարաւորութիւնները։ Նախարարները առանձնապէս շօշափեցին ներդրումներու, առեւտուրի, հաղորդակցութեան եւ ուժանիւթի բնագաւառներու համագործակցութեան ընթացքը։
Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ այս շփումը տեղի ունեցաւ, երբ ամերիկեան նոր ղեկավարութիւնը միջազգային առեւտուրի գործընկերներուն համար ահաւոր բարձր համեմատութեամբ մաքսատուրքեր սահմանել կը փորձէ։
Շաբաթ, Ապրիլ 26, 2025