ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ
Փեքին եւ Պաքու հանդէս եկան համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան մասին յայտարարութեամբ մը։ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինկ վերջին օրերուն հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ պետական այցելութիւն մը տուաւ իր երկիրը։ Դիմաւորման արարողութենէն վերջ, երկու նախագահները ունեցան առանձնազրոյց մը, որուն յաջորդած ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւններն ալ գլխաւորեցին։
Համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ յայտարարութեան բովանդակութեան մէջ շեշտուած է, որ Չինաստան եւ Ատրպէյճան վճռական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն իրարու հիմնարար շահերուն, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանման ուղղութեամբ։ Շեշտուած է, որ Փեքին կ՚աջակցի Պաքուի խաղաղութեան օրակարգին։
Կողմերը կը նախատեսեն նաեւ յառաջիկային բանակցութիւններու սկսիլ ազատ առեւտուրի մասին։ Ի լրումն այս բոլորին, Չինաստան եւ Ատրպէյճան կը նախատեսեն համագործակցութիւնը խորացնել արդիւնաբերութեան եւ վերականգնուող ուժանիւթի բնագաւառներէն ներս։