ՎՍՏԱՀԵԼԻ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐ

Պաքուի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալասը, որ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան ապահովման վերաբերեալ հարցեր։

Քայա Քալաս նշեց, որ Եւրոմիութիւնը բարձր կը գնահետէ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները ու կը ձգտի զանոնք զարգացնելու։ Ան առանձնապէս ընդգծեց ուժանիւթի բնագաւառէ ներս կողմերու շատ յաջող ու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։ Քալասի խօսքով՝ Պաքու Պրիւքսէլի կողմէ վստահելի գործընկեր մը կը համարուի՝ Եւրոպայի ուժանիւթի անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ։

Ալիեւ յայտնեց, որ բնական կազի ոլորտին առընթեր, Ատրպէյճանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ լայն համագործակցութեան հնարաւորութիւններ կան նաեւ փոխադրութեան ոլորտի պարագային։

Բաց աստի, Ալիեւ դիտել տուաւ, որ քայլեր կ՚առնուին եւ քննարկումներ կ՚ընթանան Երեւանի ու Պաքուի միջեւ երկկողմանի հիմունքներով յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։

Իր կարգին, Ճէյհուն Պայրամով Քայա Քալասի հետ հանդիպման ընթացքին կրկնեց, թէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը պէտք է փոխուի, որովհետեւ տարածքային պահանջներ կը պարունակէ իր երկրէն։

Պաքուի մէջ Քայա Քալաս յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը կ՚աջակցի տեւական ու կայուն խաղաղութեան հասնելու ուղղեալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն եւ կ՚ողջունէ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծի բովանդակութեան համաձայնեցումը։

Շաբաթ, Ապրիլ 26, 2025