ԹՈՎՄԱՍ ԹԷՐԶԵԱՆ (1840-1909)

Թովմաս Թէրզեան ծնած է 21 հոկտեմբեր 1840-ին, Կոստանդնուպոլիս: Մայրը իտալացի եղած է, իսկ հայրը՝ յունախօս իզմիրցի, հայ կաթոլիկ: 

Հայ բանաստեղծ, թատերագիր, թարգմանիչ եւ ուսուցիչ: Տասը տարեկանին ընդունուած է Բերայի Մխիթարեաններուն վարժարանը, ուր մէկ տարի ուսանելէ ետք, ղրկուած է Վենետիկ, Մուրատ Ռափայէլեան վարժարան, ուր հմտացած է գրաբար, իտալերէն, ֆրանսերէն եւ հին յունարէն լեզուններու մէջ: Այս լեզուներուն կողքին նաեւ իմացած է անգլերէն եւ թրքերէն: Ռափայէլեան վարժարանէն ներս իրեն դասակից ունեցած է Մկրտիչ Աճէմեանը, Սրապիոն Թղլեանն ու ուրիշներ:

1858-ին վերադարձած է Պոլիս եւ Խասգիւղի Ներսիսեան վարժարանին մէջ զբաղած է ուսուցչութեամբ, դասաւանդելով հայերէն եւ ֆրանսերէն: Այս վարժարանէն ներս իրեն աշակերտած են Ռեթէոս Պէրպէրեանը, Մինաս Չերազն ու ուրիշներ:

Որոշ ժամանակ ետք պաշտօնավարած է նաեւ նոյն գիւղի Նուպար Շահնազարեան վարժարանէն ներս, ուր իրեն աշակերտած է Եղիա Տէմիրճիպաշեան:

Թովմաս Թէրզեանին աշակերտած են նաեւ Գրիգոր Զօհրապ, Երուխան, Ալփիար եւ ուրիշներ:

Պաշտօնավարած է Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանէն ներս եւս, ուր իրեն աշակերտած է Արշակ Չօպանեանը, որ յետագային պիտի կազմէր անոր բանաստեղծութիւններու եւ թարգմանութիւններու ժողովածուները՝ երկու հատորով:

Թէրզեանին կը պարտինք հայկական առաջին օփերան՝ «Արշակ Բ.»ի թատերագրքոյկը (Libretto): 

Հեղինակ է շուրջ մէկ տասնեակ բանաստեղծական ժողովածուներու:

Իր կատարած թարգմանութիւններէն նշանաւոր են «Անակրէոն»ի տաղերը, որոնք թարգմանած է հին յունարենէ:

Թէրզեան կազմած է ֆրանսերէնի դասագիրքեր, որոնցմէ մի քանի հատը հինգ-վեց անգամ տպագրուած են: Այդ դասագիրքերէն են՝ «Նոր քերականութիւն գաղղիերէն լեզուի», Կ. Պոլիս, 1868, եւ՝ «Գործնական քերականութիւն ֆրանսերէն լեզուի», Վենետիկ, 1873: 

1907-ին կաթուածահար եղած է, որմէ ետք իր առողջութիւնը վատացած է եւ 8 փետրուար 1909-ին այլ կաթուածի մը հետեւանքով մահացած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ: 

***

Արշակ Չօպանեանը այսպէս կը գրէ անոր մասին. 

* Այդ երանելի շրջանին ամենէն թանկագին երեւոյթներէն, այդ շքեղ բոյլին ամենէն պայծառ աստղերէն մէկն էր Թէրզեան: Իր տեղը Պէշիկթաշլեանին ու Դուրեանին միջեւ է: Մեր երեք ամենաքնքուշ, ամենաքաղցր քնարերգակներն են անոնք: Ու երեքն ալ, թէպէտ՝ գեղեցկագիտութեան ու խառնուածքի որոշ տարբերութիւններ ունենան, անով մանաւանդ կ՚եղբայրանան, որ Պոլիս քաղաքին արբեցուցիչ գեղեցկութեանը ամենէն հարազատ թարգմաններն են. -ինչպէս Պարոնեան մեծագոյն արտայայտիչն է Պոլսոյ ինքնայատուկ համեղ սրամտութեան:

… Ուսուցիչը որ եղաւ Թէրզեան՝ այնքան մեծ էր որքան բանաստեղծը: Այն դերը զոր Պէշիկթաշլեան կատարեց՝ ընտանիքներու մէջ, Թէրզեան զայն՝ բազմաթիւ տարիներ՝ կատարած է մեր ազգային վարժարաններուն մէջ՝ նոյնքան ձեռնհասութեամբ. եւ աւելի լայն արդիւնաւորութեամբ: Մէկէ աւելի հայ սերունդներ իրմէ սորված են սիրել, ըմբռնել, ճաշակել գեղարուեստն ու գրականութիւնը ու ո՛չ միայն հայերը, այլ Պոլսոյ բոլոր ցեղերը օգտուած են այդ ուսուցչէն. պետական վարժարաններուն, ուր ֆրանսերէն լեզուն ու գրականութիւնը կ՚ուսուցանուէր, ամենէն սիրուած դասատուներէն մէկն է եղած. թուրք երիտասարդութիւնը 4-5 տարի առաջ, խորին յարգանքի ու երախտագիտութեան ցոյց մը ըրաւ իրեն՝ տօնելով անոր ուսուցչութեան երեսնամեակը: Թրքահայ արուեստագէտներէն, գրագէտներէն շատերը իր աշակերտները եղած են: Ես ինքս՝ իրեն շատ բան կը պարտիմ: Երբեք պիտի չմոռնամ իր դասերը Կեդրոնականին մէջ: «Դաս»եր չէին անոնք (Թէրզեան «փրոֆեսէօր»ի ծանչ ու յաւակնոտ տիպարը չէր). արուեստագէտի մը խօսուըռտուքներն էին. կ՚առնէր եւրոպացի մեծ բանաստեղծի էջ մը ու կը կարդար, կը մեկնէր, կ՚ապրէր զայն ու մեր հոգւոյն ու մտքին մէջ թափանցել կու տար անոր գեղեցկութիւնը. ուսուցչութենէ վեր բան մըն էր իր ըրածը. մեծ բանաստեղծ մըն էր, որ մեծ բանաստեղծներու հոգին մեզի կը բանար: Ա՜խ, անպատմելի գեղեցկութիւնը զոր իր դէմքը՝ արդէն ա՜յնքան գեղեցիկ՝ կը զգենուր այդ պահերուն. գանգուր մազերով պսակուած լայն ճակատը աւելի կը լայննար, դէմքին գծերը կ՚այլափոխուէին, կը լուսավառէին, ներքին անճար բերկրութիւնով մը կը ծաղկէին. աչքերը՝ գեղեցիկին գինովութեամբը ճաճանչաւորուած, ամբողջ դասարանը ընդգրկող սաւառնագին նայուածքի մը մէջ տարածուած, կը խօսէր, մինչ իր ժեսթերը՝ այն նուրբ, բարեշնորհ մարդու աննման ժեսթերը պարզ, փափուկ ու գողտր, կը ստորագծէին իր խանդոտ, սրամիտ, ընտանի ու խորաթափանց, հմայող, համոզող ու սնուցանող խօսքը…:

Բացի Կեդրոնականի դասերէն, ինքը՝ հայրական համակրութեամբ մը՝ զոր կեանքիս մեծագոյն պատիւներէն մին կը համարիմ, իմ առաջին քայլերուս մէջ զիս քաջալերած, թերութիւններս ուղղած, ինծի առաջնորդ ու զօրավիգ է եղած: Իբր բանաստեղծ՝ զինքը միշտ պաշտած եմ, բայց բանաստեղծը չէ որ զիս առաջնորդած է, իր քերթողական արուեստը, իր ուղղութիւնն ու աշխարհայեացքը տարբեր էին անոնցմէ, զոր ինծի տրուեցաւ ունենալ. բայց իր վարպետ արուեստագէտի խրատները, իր անթերի ճաշակով գրագէտի ցուցմունքները, իր սէրը, իր խրախուսանքը եւ մանաւանդ իր փափուկ ու ինծի այնքան սիրելի հեգնութիւնը՝ նորընծայ եռանդի մը չափազանցութիւններուն ու կաղումներուն հանդէպ՝ ինծի բարերար եղած են. եւ ես զինքը միշտ համարած եմ եւ այսօր իր գերեզմանին առջեւ կը համարիմ նորէն իր խոնարհ ու շնորհապարտ աշակերտը («Անահիտ», Հանդէս ամսեայ, Ազգային, գրական, գեղարուեստական, ԺԱ. տարի, 1909, ապրիլ-մայիս, թիւ 1, 2, էջ 36, 38-39):

***

Արշակ Չօպանեան Թէրզեանի զաւակներուն խնդրանքին ընդառաջելով աշխատանք տարած է եւ Թովմաս Թէրզեանի երկերը հաւաքած է երկու հատորներու մէջ, որոնք տպուած են 1929-ին, Վենետիկի մէջ: Երկրորդ հատորի ծանօթագրութիւններուն մէջ, Չօպանեան այսպէս կը գրէ.

* Թովմաս Թէրզեանի մահուընէն քանի մը տարի յետոյ, 1914-ի սկիզբները, իր որդիները, գիտնալով իմ խորին սէրս զմայլելի բանաստեղծին ու ամենասիրելի վարդապետիս նկատմամբ, ինծի ղրկեցին իր անտիպ ու տպուած բանաստեղծութեանց օրինակութիւններու ծրար մը, խնդրելով որ հանգուցեալին քերթողական արտադրութեանց լիակատար ու քննական հաւաքածուի մը հրատարակութեան համար հարկ եղած աշխատանքը յանձն առնեմ…:

Այս հրատարակութեան մէջ, ինծի տիրական սկզբունք ըրի հեղինակին բնագիրը պահպանել անեղծ, զայն վերարտադրել նոյնութեամբ, առանց լեզուի եւ տաղաչափութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն մտցնելու, նոյն իսկ երբ ինչ ինչ փոփոխութիւններ պիտի կարենային մաքրել այս կամ այն հատուածը որոշ բիծերէ: Թէրզեան, որ մեր մէջ ամենէն հմուտ ու խնամոտ արուեստագէտներէն մին եղած է տաղաչափեալ բանաստեղծութեան, -ինչպէս ամենամեծ բանաստեղծները- զերծ չէ թերութիւններէ. իր գրաբար էջերուն մէջ կը նկատուին մերթ լեզուական կամ քերականական անխնամութիւններ, աշխարհաբարի մէջ՝ անճշդութիւններ. գալով իր տաղաչափութեան, հազարաւոր փափուկ ու նուագաւոր հեշտաթաւալ տողերու հետ՝ խճողուած ու աններդաշնակ տողեր ալ կը գտնենք իր գործին մէջ: Հ. Ղազիկեան, որ այս ծանր աշխատանքին մէջ ինծի թանկագին աջակցութիւն մը բերաւ՝ ոչ միայն տպուած էջերու օրինակութիւնը տալով, այլ եւ կարգ մը տեղեկութիւններ ու լուսաբանութիւններ հայթայթելով եւ փորձերու սրբագրութիւններուն մէջ ինծի օգնելով, -կ՚ուզէր որ ինչ ինչ աններդաշնակ տողեր բարեփոխէինք՝ բառերու կարգը շրջելով կամ մէկ քանի բառի տեղ ուրիշներ դնելով. կ՚ուզէր նաեւ որ մերթ ընդ մերթ նկատուող գրաբարի թերութիւններն ուղղէինք, - (յըղեղէնի պէս գրաբարի մէջ արդարեւ արտառոց ձեւի մը տեղ յուղղոյն դնէինք, ընդ իմ եւ ընդ ձեզի տեղ1 ընդ իմ եւ ընդ ձեզ ճշդագոյն ձեւը կիրարկէինք2խզուած բառին տեղ զոր Թէրզեան կը գործածէ arraché-ի իբր հոմանիշ, խլուած դնէինք, չը գտներ, չը տեսների տեղ չի տեսներ, չի գտներ գրէինք. ես ատոր համաձայն չեղայ): Իմ իրաւունքս ու պարտքս էր ուղղել օրինակութեան սխալները (այլոց ձեռքով տգիտութեամբ կամ հապճեպով կամ թիւր ընթերցմամբ եղած, ու նոյն իսկ մերթ հեղինակին ձեռքով՝ անուշադրութեամբ), ընտրել տարբերակներուն մէջէն լաւագոյնները՝ հաւաքածուին մէջ դնելու համար, բայց որեւէ չափով «չսրբագրել» հեղինակը, պահպանել անոր յատուկ լեզուն, անոր տաղաչափութիւնը, անոր ճաշակը՝ ամենայետին մանրամասնութեանց մէջ իսկ, նոյն իսկ թերութեանց մէջ, թերութիւններ որ այդ գործին ամբողջութեան հոյակապ գեղեցկութեան մէջ չնչին արատներ են լոկ: Նոյնպէս, քերթողական էջերու այս շատ ճոխ կոյտին մէջ լաւագոյնները միայն ընտրելու եւ միջակ արտադրութիւնները, պատահական թեթեւ գրութիւնները մէկդի ձգելու գաղափարին չուզեցի համակերպիլ. բացի Անէծք ի ցոփ երգիծական տաղիկէն, որ բոլորովին անարժէք է քանի մը մանկական ոտանաւորներէ, որ մանկավարժական արտադրութիւններ են եւ կապ չունին բանաստեղծութեան հետ, իր բոլոր քերթուածներն ու տաղերը անհրաժեշտ նկատեցի դնել այս հաւաքածուին մէջ, -ինչպէս կ՚ըսեն բոլոր մեծ հեղինակներու հրատարակիչները,- որովհետեւ Թէրզեանի պէս քերթողի մը անձնաւորութեան ու գործին ամբողջութիւնը՝ իր մեծ ու մանր կողմերով՝ շահեկան է, եւ եթէ առաջնակարգ էջերը բանաստեղծին տաղանդին չափը կու տան, միւսները անոր նկարագիրը, անոր բարոյական դէմքը, անոր վարքուբարքի մասնայատկութիւնները, անոր ընտանի դիմագիծը կը պատկերացնեն ու կը լրացնեն այս գործը: Միմիայն կէտադրութեան մէջ քանի մը փոքրիկ փոփոխութիւններ թոյլ տուի ինքզինքիս՝ բնագրին աւելի յստակ ընթերցման նպաստելու համար. Թէրզեան գրեթէ ջնջած է ստորակէտը՝ չափազանց յաճախ բութ կիրարկելով, բութերու թիւը նուազեցուցի. յաճախ՝ աճապարանքով՝ նոյն իսկ կէտեր կամ շեշտեր մոռցած է դնել, պակասները լրացուցի. ինք սղուած ուն կամ եւը կը նշանակէր ո՞ւ ձեւով (ո՞ւ անյատակ), որ այսօր անսովոր պիտի թուէր, ատոր տեղ դրի ամենքէն ընդունուած ‘ւ անյատակ ձեւը. Թէրզեան հրոս, դրախտ, սթեփի նման բառերը միավանկ նկատելով՝ յոգնակիին մէջ կը գրէ հրոսեր, դրախտեր, սթեփեր, դրի բուն ձեւը՝ դրախտներ, հրոսներ, սթեփներ, (որովհետեւ հայուն համար այդ բառերը իրապէս երկվանկ են, որ կրնան նաեւ իբր միավանկ արտասանուիլ) («Բանաստեղծութեանց ամբողջական հաւաքածոյ», Թովմաս Թէրզեան, երկրորդ հատոր, Վենետիկ - Ս. Ղազար, 1929, էջ 301-302): 

***

Արփիար Արփիարեան այսպէս կը գրէ Թէրզեանի մասին.

* Թէրզեան Ալիշանին աշակերտած ըլլալու բախտաւորութիւնը ունեցած է։ Վարժապետը աշակերտին մէջ կը զգար խանդավառ հոգին, զոր ինքն ալ կը բորբոքէր։ Ապագայ քնարերգակը դպրոցին մէջ մատենագրական լուրջ ուսումնասիրութիւններ ըրաւ ու եռանդով փարեցաւ մեր հին լեզուին։ Ոսկեբերանը զինքը գրաւած էր, ձեռքէն չէր ձգեր. մինչեւ իսկ գիշերները բարձին տակը։ Մեր ոսկեդարեան հայերէնին Թէրզեանին վրայ բարերար ազդեցութիւնը ակներեւ կը տեսնուի անոր պերճ աշխարհաբարին մէջ։ Խանդավառ երիտասարդը Պոլիս վերադառնալով, շատ չանցած իր անունն ալ Պեշիկթաշլեանին զուգաբարբառ կը հնչուի գրեթէ։

Այդ ատեններն էր, որ արքունի ճարտարապետ Պալեան Յակոբ պէյ խանդավառ բարեկամ կը հանդիսանար հայ գրագէտներու եւ արուեստագէտներու, կը կառուցանէր Օրթագեղի թատրոնը, ուր Ադամեան եւ Հրաչեայ արուեստագէտներ էին, եւ Թէրզեան տիտղոսաւոր թատերգակ բանաստեղծ։ Հայ թատրոնին մեծ ապագայ մը կը պատրաստուէր։ Յակոբ պէյին ընտանեկան դժբախտութիւնը ու վաղաժամ մահը ցիրուցան տարտղնեցին Օրթագեղի բանաստեղծական բոյնը։

Թէրզեան ամուսնացած, բազմադիմի մտատանջութիւններով ծանրաբեռն, օրն ի բուն աշխատելու դատապարտեալ, այլեւս չէր կրնար երգել։ Ինք որ արուեստին երկրպագուն էր, կը զգար թէ բանաստեղծ մը ո՛չ միայն ներշնչեալ մը պէտք է ըլլայ, այլ, եւ աշխատող մը։ Եւ չէր կրնար աշխատիլ։ Ու ընկերական կեանքի նոր պայմաններն ալ ջլատեցին զինքը։

Հիմակ Թէրզեան կը մնայ սիրուած յիշատակ մը. սակայն օր մը պիտի վերակենդանանայ, եւ այն ատեն իր անտիպ ոտանաւորներն ալ օրուան նորութիւն ըլլան թերեւս։

Այս յոյսով սպասենք։

***

Գրիգոր Զօհրապ այսպէս կը գրէ իր ուսուցիչին մասին.

* Քերթող մը ըսի. հին դարերու դրուպատուր, որ կ՚երգէ կ՚անցնի շարունակելով իր ճամբան, կեանքի ճամբան երկար ու ամայի. նետահար թռչունին պէս, որուն փախուստի շաւիղը՝ հողին վրայ կաթկթող վէրքի արիւնէն կը գուշակուի, այդպէս ալ իր հոս հոն ցիրուցան երգի, ներդաշնակութեան կտորներէն բանաստեղծին ուղին կը ճշդուի՝ որքան ալ անփոյթ եղած ըլլայ ինք ժողվելու, հաւաքելու իր վատնած ու շռայլած ձայնին արձագանգը։

Իր քնարը ունկնդիրներու համար չէ որ կը մրմնջէ, այլ գլխաւորապէս իրեն համար ու յետոյ այն մտերիմներուն, որոնք «տունէն» են եւ ոչ փողոցը հանդիպուած օտարականներ։

Այս է պատճառը որ չէ ամփոփած իր քերթուածները հատորի մը մէջ. յետոյ խորհած է, թերեւս իրաւամբ, թէ պէտք է զանոնք թողուլ ամենքն ալ իրենց տեղը ու իրենց ատենին։ Իրարու քով բերել այդ հատուկտոր եղանակները, երբ, ափսո՜ս, անկարելի է իրարու քով բերել զանոնք որ այդ եղանակները լսեցին։ Ի՞նչու համար։

Հետաքրքիրները հասկնալ կ՚ուզեն, թէ այս քերթողին ի՞նչ է կեանքին ըմբռնումը, յատուկ իմաստասիրութիւնը, որով գոյութիւնը արդարացնէ կամ դատապարտէ. յոռետե՞ս թէ լաւատես ոգի մըն է, ո՞ր կիսագունտին կը վերաբերի։

Բանաստեղծները աստղաբաշխներու նմանցուցած եմ միշտ, որոնք իրենց դիտակի ապակիներէն երբեք ճշդութիւնը չեն կրցած տեսնել ու վայելել. շատ մեծ, կամ շատ փոքր կ՚երեւան առարկաները իրենց. աչամերձիկ ապակիինն է յանցանքը, որուն կորնթիքին վրայ՝ ամէն պատկերներ կը բեկբեկին, կ՚այլայլին, ճիշդ հակոտնեան կ՚ըլլան իրականին։

Ասոր համար է, որ քերթողները ճշմարտութենէ շատ անդին կամ շատ ասդին պիտի մնան. այս է իրենց ճակատագիրը. լալու կամ խնդալու կարող են միայն եւ երբ տեսնենք անոնցմէ մին, որ Թովմաս Թէրզեանին պէս ժպտիլ ալ գիտէ, ժպիտ որ համակերպութիւն կը նշանակէ կեանքի տուեալ պայմաններուն, լաւագոյն իմաստասիրութիւնը բերած կ՚ըլլայ մեզի։

Ուսուցչին կեանքը քերթողի կեանքին չափ ու թերեւս անկէ աւելի շահեկան է. պատուելիներէն անմիջապէս ետքը, անոնց տաքուկ յիշատակովը, աւանդութիւններովը, ծէսերովը լեցուած ուսուցչական աթոռին վրայ՝ այս բանաստեղծը, իր գեղեցիկ երիտասարդի վայելչութեանը մէջ դալար ոստի մը բողբոջումն էր հոն, ուր քիչ առաջ, գօսացած ծառը կը կենար։

Իրմով է որ հայկաբանութեան դասէն ետքը ու անոր քովիկը սկսած է գրականութեան դասը, որ հիմա անգամ, նորութիւն մըն է եւ որ քսան տարի առաջ ճշմարիտ հերձուած մըն էր անդրդուելի հայկաբաններու սերունդին մէջ։

Գրաբար քերականութեան միապաղաղ սառոյցէն ետքը ուր, բեւեռային ուղեւորութեանց մէջ պատահածին պէս, գացողները մեծ մասով կը փատնան, ճշմարիտ գարունի մը տպաւորութիւնը ըրաւ այս դասախօսութիւնը աշակերտներուն վրայ. ամենքը կանանչցան ծաղկեցան։

Ո՞րինն է պատիւը եթէ ոչ ուսուցչին, որ իր շուրջը հաւաքուած տղոց եռանդը ու աւիւնը չի մարեց, այլ գիտցաւ վառ պահել անոնց սէրը մեր լեզուին համար, որ Բագրատունին, Ալիշանը ու Հիւրմիւզը ճանչցուց անոնց եւ որ ի հարկին իր քնարը, իր սիրտը դրաւ անոնց մանրիկ մատներուն տակ։ Ո՞րինն է պատիւը եթէ, նշմարելով թաքուն հարստութիւնները, որոնք կը պահուէին այդ փակ սրտերուն մէջ, կրցաւ հմայքի բառը արտասանել.

Բացուէ, ո՛վ Սէզամ։

Թովմաս Թէրզեան ո՛չ ծափերու ըղձանքը եւ ո՛չ դատափետութեան վախը քաշած է երբեք. փառքի ցանկացող չէ եղած եւ ոչ ալ յուսախաբութեան ենթակայ։

Իր բոլոր կեանքը համակերպութիւն մը եղած է. Պէշիկթաշլեանի կրտսերն է ինք ու անոր պէս, համեստ վաստակաւոր, չի սիրեր աղմուկը։

Բայց որքան ալ մեկուսանալ ուզէ, խուսափիլ դէպի իրեն կարկառող ձեռքերէն, գրականութեան մէջ իր կրկին ու թանկագին գործունէութիւնը չի պիտի մոռցուի։

***

Ինտրան այսպէս կը գրէ Թէրզեանի մասին.

* Թովմաս Թէրզեան, Պէշիկթաշլեանի պէս աշակերտած է Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանին եւ անոր պէս հմուտ էր հայերէնի, ֆրանսերէնի, իտալերէնի եւն., նաեւ պատմութեան եւ հայ ու օտար դպրութեան: Մեծ գրասէր եւ մեծ գրագէտ. ուսուցիչ՝ լի հմտութեամբ եւ հրապոյրով, իր աշակերտներուն համար անմոռանալի:

Թէրզեանի գործերն են, բացի ֆրանսերէն դասագրքերէ, անջատ քերթուածներ, զորս ամփոփած չէ իր կենդանութեանը: Թատերական գործերն «Սանդուխտ», «Յովսէփ գեղեցիկ», «Մահն Աբելի», «Մովսէս», եւ «Խոսրով Բ.»ը: Ունի քանի մը թարգմանութիւններ ալ, «Տաղք Անակրէոնի»՝ գրաբար, «Աստրա» (Էլիզապէթ թագուհին) եւն.: Մեծ Մխիթարեաններուն աշակերտ՝ ու ազնիւ մարդ ինքն ալ՝ պահած է միշտ գրաբարի ճաշակը իբրեւ բարձրագոյն գեղեցկութեան արտայայտիչ լեզուի մը: Գտնուելով ինք ալ գրաբարի եւ աշխարհաբարի ժամանակներու միջեւ՝ իր լեզուն խառնուրդ մըն է երկուքէն, բայց մանաւանդ ամէն գեղեցկութեանց սիրող իր հոգին է, որ երկուքէն ալ կ՚առնէ ինչ որ գեղեցիկ կը թուի իրեն: Պատմական ու հոգեկան գրեթէ նոյն կացութեան մէջ գտնուող ուրիշ բանաստեղծներէ՝ Պէշիկթաշլեանէն, Պէրպէրեանէն, Եղիայէն աւելի Թէրզեան այդ խառնուրդ լեզուն արտադրած ու կիրարկած է ճաշակով, ձայնական ներդաշնակութեան լաւագոյնս հոգածու:

Իր բանաստեղծութեան մեծագոյն յատկանիշներն են գեղեցկապաշտութիւնն ու համայնազգայնութիւնը: Տիեզերական գեղեցիկն է զոր կը գտնէ ու կը պաշտէ եւ մինչ Պէշիկթաշլեան մանաւանդ ազգային ու հայրենական եւ մերթ նաեւ բնականն է զոր կ՚երգէ, Թէրզեան կը փառաւորէ, կը պանծացնէ նաեւ գեղարուեստականը, պատմականը եւ աւելի ընդարձակ զգացողութիւն եւ երեւակայութիւն ունի, քան մեր մէջ ուրիշ ոչ մէկ բանաստեղծ: Իր գեղեցիկը, սակայն, որքան բարոյական եւ որքան անաշխարհիկ, ճշմարտապէս բարձր է իր ներշնչմանց աղբիւրը եւ ոչ այլ ինչ է իրօք, քան անմահութիւնը, զոր Թէրզեան կը գտնէ բազմարտայայտուած ամենափափուկ, ամենադոյզն իրերու մէջ իսկ, երբ գեղեցիկ են անոնք եւ ի՞նչ բան արդեօք չի գեղեցկանար ու չ՚ազնուացներ, երբ Թէրզեան կը նայի անոր:

Իր մէկ ուրիշ յատկանիշն՝ այս երկարակեաց բանաստեղծին մէկ ուրիշ զաւեշտական դրոշմն է, իր զուարթախոհ խաղաղութիւնը, որ կը բխի անտարակոյս այն արժանաւորութենէն, զոր ունի Թէրզեանի հոգին հանդէպ այն բարձրագոյն գեղեցկին, այն նոյնութենէն, որ կայ անոր եւ իր հոգւոյն մէջ, իր ազնուական ու ներդաշնակ հոգուն: Իր կատարեալ գեղեցկագէտի գործը՝ զինքը կը դարձնէ մեր ամենէն կարեւոր դասականներէն, եւ ներշնչարան մը, օրինակ մըն է անոնց, որ կոչուած են բարձրագոյն զգացողութեանց եւ անոր արտայայտման:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ


1 Այս երկուքն ալ՝ Անակրէոնի տաղերու թարգմանութեան գրքոյկին մէջ են:

2 Թէրզեանի գրաբար արտադրութեանց մէջ նշմարուող լեզուական թերութիւնները մերթ անուշադրութեան կամ անփութութեան հետեւանք են, բայց մերթ ալ կամաւոր շեղումներ են: Թէրզեան որ կը սիրէ ու գիտէ գրաբարը եւ որ զմայլելի մաքրութեամբ գրաբար բազմաթիւ տողեր ունի, կ՚ախորժի երբեմն դասական հայերէնի մէջ աշխարհաբարի յատուկ բառեր, դարձուածքներ, քերականական ձեւեր մտցնել - ինչպէս աշխարհաբարն ալ կ՚ուզէ, շատ աւելի շեշտուած կերպով ու աւելի լայն չափով, գրաբարի տարրերով ճոխացնել: Ինք անշուշտ շատ լաւ գիտէր որ ուղեղ բառին բացառականը յուղղոյ է, բայց բառին ըղեղ ռամկական ձեւը նախընտրած է եւ զայն գրաբար բացառականով հոլովելու քմահաճոյքն ունեցած է: Ասոր նման ուրիշ տողերու մէջ ալ գրաբարի հանդէպ աւելի կամ նուազ ազատութիւններ թոյլ տուած է ինքզինքին: Կը թուի թէ ան ուզած է, յաճախ, գրաբարի ծանր ու հինաւուրց վեհութիւնը, մեծվայելչութիւնը մերթ թարմացնել, նորցնել՝ արդի լեզուի ընտանի ձեւերով, իր ժամանակէն բան մը դնել հին դարերու դասական բարբառին մէջ: Ճիշդ այդպէս ըրած է նաեւ Պէշիկթաշլեան…:

Շաբաթ, Ապրիլ 26, 2025