ՍՈՒՐԻՈՅ ՀՐԱԲՈՒԽԸ. ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ ԲԱՐԴ ԵՒ ԳՐԵԹԷ ԱՆԿԱՐԵԼԻ ՀԱՐՑՈՒՄԵՐ
Սուրիոյ շուրջ խմորումները կը շարունակուին։ Հիմնականը, որ երեւելի դարձաւ Պեշար Էսատի վարչակարգին տապալումէն ետք, ներքին միասնութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հարցն է։ Ու խորքին մէջ այս հարցով է նաեւ, որ տարածաշրջանային խաղացողներէն իւրաքանչիւրը կը փորձէ՝ «կարկտան»ի ձեւ առած երկիրը իր կողմը քաշել։
Գրեթէ ամիս մը առաջ, ամերիկեան ազդեցիկ լրատուամիջոցներ կ՚անդրադառնային Սուրիոյ այժմու վիճակին՝ նշելով, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համար կայ երկու խաղացող։ Անոնցմէ մին է Իսրայէլը, որ ներկայութիւն, ռազմական ներուժ կամ բանակային ամրակէտ չունի Սուրիոյ մէջ։ Միւսն է Թուրքիան, որ բոլոր առումներով կը համարուի հիմնական խաղացողը։ Թուրքիան կը համարուի նաեւ Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութենէն ետք երեւցած ուժերուն (մեծ հաշուով ո՛չ թէ քաղաքական, այլ զինուորական-զինեալ ուժեր) հիմնական հովանաւորը։ Բաց աստի, մինչեւ այս պահը ան ունի ռազմական ներկայութիւն՝ յենակէտեր ու զինեալ խմբաւորումներու կարեւոր մէկ մասը կը համարուի Թուրքիոյ աջակից եւ անոր քաղաքական գիծին, մօտեցումներուն հաւատարիմ։
Այս բոլորը, անշուշտ, շեշտակիօրէն երեւելի դարձան, երբ Էսատ փախուստ տուաւ Սուրիայէն։ Բայց եւ այնպէս, այսօր գոյութիւն ունի բոլորովին այլ եւ նոր իրավիճակ մը, որուն ընդհանուր խորագիրը հարկ է համարել՝ «ինչպէ՞ս կերտել ինքնիշխան եւ ամբողջական Սուրիա մը»։ Եւ այդ խորագրին «տէրն ու ծառան» կը համարուի երկրի անցումային փուլի առաջնորդը՝ նախագահ Ահմէտ էլ Շարա։ Ու հոս է նաեւ, որ ծագեցան որոշ հարցեր, որովհետեւ բոլոր խաղացողներուն համար եւ իւրաքանչիւրը իր շահերէն մղուելով այդքան ալ ողջունելի չէ, պիտի չըլլայ նկատելի կեդրոնական ուժ, հզօր բանակ եւ տարածքային ամբողջականութեան տէր հանդիսացող իշխանութեան մը գոյութիւնը Դամասկոսի մէջ։
Ու եթէ այս բոլորը հաշուի առնենք, ապա արագօրէն պիտի եզրակացնենք, որ Սուրիոյ շուրջ ընթացող բաւական սուր, բայց եւ այնպէս, յաճախ անտեսանելի պայքարը տակաւին պիտի շարունակուի երկար ժամանակ։
Դարձեալ ամերիկեան աղբիւրներու յղումով՝ հարկ է մէջբերել ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի տեսակէտները, ըստ որոնց՝ Սուրիա պէտք է «բարեյաջող» կերպով բաժնուի Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ։ Միջազգային հանրութիւնը երբեք չզարմացաւ այս խօսոյթէն՝ մասամբ վարժ դարձած ըլլալով լսել Թրամփի մօտեցումները, որոնք շատ յաճախ մէկ օրէն միւսը կրնան փոխուիլ։ Յստակ է, որ ԱՄՆ ունի թելադրանքներ եւ մտածումներ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած նոր կացութեան մասին, բայց, ըստ երեւոյթին, երբեք պատրաստ չէ միջամտութիւն կատարել՝ իր պատկերացումները իրականութիւն դարձնելու համար։
Այս մեթոտը կը կատարուի ամենատարբեր երկիրներու պարագային, հետեւաբար նոյնը կարելի է ըսել Սուրիոյ համար։ Թրամփի վարչակազմին համար կարեւոր է, որ Սուրիան հակառակորդ երկիր մը չըլլայ, բաց դաշտ մը չըլլայ ԱՄՆ-ի հակառակորդներուն ու յատկապէս՝ Իրանի եւ Ռուսսատանի համար։ Ասկէ զատ ամէն ինչ տանելի ու նոյնիսկ ընդունելի է։ Ու այս նոյն յարաբերակցութեամբ ԱՄՆ-ի նախագահը խորհուրդ կու տար Իսրայէլին եւ Թուրքիոյ, որպէսզի իրենց միջեւ բաժնեն Սուրիան. երկրորդական է, թէ ինչպէ՞ս կամ ի՞նչ ձեւաչափով…
Բնաւ զարմանալի չէ, որ Քաթար Սուրիոյ նկատմամբ հետաքրքրութիւնները պայմանաւորէ կազի ներուժով ու այդ կազի արտահանման համար յարմար ճանապարհներ գտնելու մտասեւեռումներով։ Ու ճիշդ այս առումով Սուրիոյ պատերազմի տարբեր փուլերուն ազդեցիկ դեր ունեցած այս երկիրը կը փորձէ նոր իշխանութիւններուն հետ կապերը աւելիով ամրացնել։ Ու թերեւս այս ծիրին մէջ պէտք է դնել Քաթարի հին-նոր մերձեցումը Ռուսաստանի հետ։
Քաթար-Ռուսաստան բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները նորութիւն չեն։ Սուրիոյ պատերազմի զանազան փուլերուն Մոսկուա կարեւոր ճիգեր գործադրեց Տոհայի միջոցաւ խօսելու համար այն խմբաւորումներուն հետ, որոնք կը հովանաւորուէին իր կողմէ։ Ռուսաստան այդ ժամանակ ո՛չ միայն խաղացող մըն էր Սուրիոյ մէջ, այլեւ ունէր օրակարգ թելադրող հիմնարար դեր մը։ Այսօր բոլորովին նոր դրութիւն մը կայ։ Հակառակ Սուրիոյ մէջ Թուրքիա-Սէուտական Արաբիա դերաբաշխումին՝ Քաթար կարգ մը առումներով կը շարունակէ ունենալ կարեւոր ըսելիք, դերակատարութիւն։
Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համիտ ալ Սանիի օրերս Մոսկուա տուած այցելութիւնը եւ այդքան ջերմ ընդունելութեան արժանանալը ցոյց կու տան ստեղծուած նոր իրավիճակին յարակից գիծերը։ Ի՞նչ կ՚ուզէ Ռուսաստանը Քաթարէն։ Ասոր դիմաց, Մոսկուա ի՞նչ տալու պատրաստ է Տոհային։ Կարեւորագոյն թղթածրարներ կան նախագահ Փութինի եւ էմիրի սեղանին վրայ։ Նոյն շրջանագիծին մէջ է, բնականաբար, Սուրիոյ նախկին ղեկավար Պեշար էսատի հարցը կամ ճակատագիրը։ Հաւանաբար այս առումով «Reuters» հաղորդեց բովանդակալից լուր մը, ըստ որուն, Էսատ Դամասկոսէն հեռացած պահուն իր հետ տարած էր կարեւոր հնչեղութիւն ունեցող թղթածրարներ։ Թէ ի՞նչ են անոնք՝ տակաւին պարզ չէ ու կրնայ ալ չդառնալ։ Յամենայնդէպս, ա՛յս լուրին ա՛յս նեղ պահուն հրապարակուիլը բնաւ պատահական չէ։ Հետեւանքները կամ արդիւնքները երեւելի պիտի դառնան կամ կրնան դառնալ աւելի ուշ։
Ըստ «Reuters»ի՝ Էսատի գլխաւոր խորհրդականներէն Եասէր Իպրահիմ կազմակերպած է անոր հեռացման օդանաւի վարձակալութիւնը՝ նախագահի արժէքաւոր ունեցուածքը, հարազատները, օգնականները եւ նախագահական պալատի աշխատակիցները դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ տեղափոխելու համար: Ըստ նոյն աղբիւրին՝ «Embraer Legacy 600» օդանաւը չորս անընդմէջ թռիչք կատարած է դէպի Սուրիա։ Իսկ Էսատի վերջնական հեռացումը եղած է 8 դեկտեմբերին, Ռուսաստանի «Հմէյմիմ» ռազմական օդակայանէն։ Էսատի օդանաւին մէջ կը գտնուէին սեւ պայուսակներ՝ առանց նշաններու, կանխիկ գումարներով։ Որոնց իւրաքանչիւրին մէջ առնուազն 500 հազար տոլար կար, ինչպէս նաեւ փաստաթուղթեր, համակարգիչներ եւ կոշտ սկաւառակներ (hard drive)։
Այս մանրամասնութիւններով հանդերձ, չէ նշուած, թէ ի՞նչ թղթածրարներ կային Էսատը դէպի Մոսկուա փոխադրած օդանաւին մէջ ու շատ հաւանական է, որ այս առումով նոր բացայայտումներ չըլլան։ Բուն խնդիրն է, որ Ռուսաստան ի՞նչ գինով ընդունած է Էսատը եւ արդեօք յառաջիկայ ժամանակներուն այդ գինը պիտի փոխուի՞ եւ կամ Մոսկուա նոր գին մը սահմանելով Էսատը պիտի արտայանձնէ՞ Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն։ Պատասխան մը տալը բարդ է եւ գրեթէ անկարելի։
Մոխրագոյն յարաբերութիւններ են Սուրիոյ շուրջ, երէկուան տէրերը այսօր դիտողներ են, հակառակորդները՝ «գործընկերներ», իսկ զոհը, «տէրն ու ծառան» նոյնն են՝ երկրի վիրաւոր եւ այլափոխուած ժողովուրդը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան