ԱՌԱՋ ԵՒ ՎԵՐՋ

Ապրիլի 24-էն առաջ, ապրիլի 24-էն վերջ՝ նոյնն են իսկութեան մէջ։ Ամէն տարի այս օրերուն հայ եղող ամէն բան կը բռնկի։ 23, 24, առաւելագոյնը՝ 25. միայն Ծիծեռնակաբերդին կրակը կը մնայ 26-ին։ 

Ջահերը վար կ՚իջնեն, վրէժխնդրութեան շապիկները կը հանուին, պատգամները կը սպառին, ուղերձները կը վերջանան… բայց ամենակարեւորը՝ նկարները կը հրատարակուին։ 

Կը հարցնեմ. 

Տարիներ առաջ, երբ ո՛չ ֆէյսպուք կար, ո՛չ ինսթակրամ, ո՛չ թուիթըր կար, ո՛չ թելեկրամ, այսքան նախանձախնդի՞ր էինք մեր ըրածները փռելու։ Հասած ենք հոն, ուր բան մը ընելու նպատակը անոր յաջորդելիք ցուցադրութեան մէջ է։ 

Կ՚ընդունիմ, հին ատեն, առաջ, միշտ ալ եղած է միջոցառումէ մը ետք անտեղեակները տեղեկացնելու համար հաղորդագրել անոր մասին… բայց, չափը չէ՞ անցած, բարեկամներ. տեղեկանք ու հաղորդագրութի՞ւն է ասիկա։

Դժուա՞ր է գիտակցիլ, որ նոյն բանին, դէպքին, անձին, երեւոյթին մասին կրկնուող ակնարկները, ընկերային հարթակներուն մէջ շրջող առաւելաբար նկարները արդէն հակառակ ազդեցութիւն կը թողուն։ 

Աշխարհի որեւէ ծայր, վայրկեան առ վայրկեան բանի մը հետեւելու անհաւատալի այս հնարքը չունեցած, որքան ազդու էին, օրինակ, պատերազմներու ականատես լրագրողներուն քաշած պատկերները. մինչեւ այսօր գանձ ու փաստեր են անոնք, իսկ այսօրուանները՞։

Ամէնուր են այսօրուան աղէտները։ Շատ են անոնք եւ նոյնանման. փլած շէնքեր, կապոյտ երկինքին մէջ սողացող սեփսեւ ծուխեր, կրակ, գլուխ, ձեռք ու ոտք կապած մարդիկ, աւերուած տուներ, փոշիներու տակ մնացած ապրանքներ, ճաշի մեծ կաթսայի մը շուրջ հաւաքուած մանուկներ… այս բոլորը կը տեսնենք եւ ի՞նչ կ՚ընենք։ 

Կ՚անցնինք։ 

Ժամանակին թերթ կարդացողները էջը կը դարձնէին, կը ծալլէին, աւելի ուշ՝ մարդիկ հեռատեսելի կայանը սկսան փոխել, այսօր՝ ամէն ինչ մատի հպումով կը սահի, կ՚երթայ։ 

Ապրիլ 24-եան մեր ոգեկոչումներն ալ այս ցանկին մէջ են. յիշել-պահանջել, երկու-երեք օր հնչող որակաւոր երաժշտութիւն, ազգային երգեր, Կոմիտասէն կատարումներ, Պարոյր Սեւակ, ձանձրոյթէն խուսափելու համար կրճատուած ղօղանջներ, հոս-հոն ցուցադրելու համար տարին մէկ դարակէն հանուող ֆիլմեր, քննադատութիւններ, աղուոր է, աղուոր չէ, շատ երկար է, սրահը լեցուն էր, եկեղեցին պարապ էր, մարդիկ կու գան, մարդիկ չեն գար, հոգերնին է, հոգերնին չէ, օգուտ ունի, օգուտ չունի, աս, ատ… նկարնե՜ր-նկարներ, սուգի «մուտ»ը հաղորդելու համար համաձայնաբար սեւ հագած վարչութիւններ, խորհրդաւոր պատկերներ, էտիթներ, ֆիլթըրներ, սթորիներ, երկօրեայ ժամանակաւոր փրոֆայլ կամ քաւըր ֆոթօներ… 

Ի՞նչ են ասոնք եւ ի՞նչ կ՚ընենք մենք։ 

Որո՞ւն, ի՞նչ կը փորձենք փաստել։ 

Ըրի՞նք։ 

Ապրիլի 24-ը «տօնեցինք»։

Դրօշակ վառեցի՞նք։

Այս բոլորը աշխարհին ցցուցի՞նք։ 

Վերջ։ 

Խաբուսիկ է «վերջ»ին քովի վերջակէտը, քանի որ ատկէ վերջ կը վերսկսի մեր բնականոն ընթացքը։ 

Հայկական երգեր կոչուող կլկլոցները կը շարունակուին. «Լաւ էլ հայկական աուրա կար», ըսած էր երիտասարդ աղջիկ մը այդ երգերուն ստեղծած մթնոլորտին ակնարկելով։ Հայրենիք թէ՛ սփիւռք, արեւելահայերէնի թէ՛ արեւմտահայերէնի խնդիրները կը շարունակուին, Հայաստանի մէջ ապրող, ռուսերէն չգիտցող սփիւռքահայերը կը զանազանուին. իսկութեան մէջ, ռուսերէն գիտնան ալ՝ կը զանազանուին։ Սփիւռքի հայկական դպրոցներուն մէջ մեր աշակերտները շատ յաճախ անգլերէն կը խօսին, երիտասարդներն ալ, Միջին Արեւելքի մէջ՝ արաբերէն, այլ երկիրներու մէջ՝ տեղական լեզուն կը խօսին, հակառակը ըսողը բացառութիւններ տեսած ըլլալու է։ Հայրենիք թէ սփիւռք՝ նշանակութիւն չունի, Թուրքիա գացողներու հերթը կը շարունակուի. մարդիկ գործ կ՚ընեն, ապրանք, ուտելիք, պտուղ ու բանջարեղէն կը բերեն, «հանգստանալու» կ՚երթան, կը պտտին, «շօփինկ» կ՚ընեն, թրքական շորեր, կօշիկ ու պայուսակներ կը գնեն… 

Այսպէս, եւ աւելին։

Ծիծեռնակաբերդ բարձրացած պահուն, Տիգրան Մանսուրեանը «որսացող» եւ հարցազրոյցի համար գլխուն հաւաքուող լրագրողներէն մէկը մեծ երաժիշտին ըսաւ, որ «ձեզ մեղադրում են…»։ 

Պիտի չշարունակեմ հոն հնչող այպանանքը, քանի որ անիմաստ է. հայկական որեւէ հեռուսատակայան մը ներկայացնող, տգէտ, պա՛րզապէս տգէտ, ու այդ պատճառաւ ալ՝ անսահմանօրէն յանդուգն «լրագրող»ի մը խայտառակութիւնը, բայց նաեւ մեր իրողութիւնն է աս պատկերը… 

-85 տարեկան եմ, իմ աշխատանքովս կը պատասխանեմ զիս մեղադրողներուն, բալիկ ջան, ըսաւ Մանսուրեան։ 

Բառին բուն իմաստով՝ մեծ այս մարդուն վայելող խորիմաստ այս պատասխանէն ի՛նչ հասկցաւ, Մանսուրեանին՝ մեծահոգաբար «բալիկ» կանչած այս աղջնակը, իրօք՝ չեմ գիտեր, բայց այս դէպքէն աւելի դիպուկ վերջ մը չե՛մ կրնար գտնել ապրիլեան իմ խոհերուն… 

Եթէ՜ կարենայինք գիտակցիլ, որ իւրաքանչիւրիս իր ասպարէզին մէջ՝ սիրող սիրտով, արթուն խիղճով, պատրաստուած միտքով ու անշեղ կամքով ըրած կամ ընելիք գործը եւ անոր դրական արդիւնքները ամենաիրական ոգեկոչումը կրնան ըլլալ ցեղասպանուած, ցեղասպանուող ու այնուամենայնիւ գոյատեւող մեր ժողովուրդին համար…

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 28, 2025