ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ ՆԵՐԿԱՆ…
Յայտնի նկարիչ Գրիգոր Սահակօղլու ներկայիս կը մասնակցի հաւաքական ցուցահանդէսի մը, որու բացումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան՝ Պէյօղլուի «Yapı Kredi» գեղարուեստի եւ մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ «Ներկան նկարագրել» անուանեալ այս ծրագրին ան մասնակցութիւն կը բերէ երեք ստեղծագործութիւնով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ փոխ-ատենապետ Հերման Փորթագալեանի։ Ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի այցելու հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի սաները վերջին օրերուն յաջողութիւններ արձանագրեցին շարք մը ձեռնարկներու մէջ, ինչ որ դպրոցէն ներս ուրախութեան առիթ դարձաւ։
Երէկ յետմիջօրէին, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Երեւանէն՝ արժէքաւոր գիտնական Քարոլինա Սահակեանը, որ քանի մը շաբթուան համար կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Քարոլինա Սահակեան իր սերունդի փայլուն ներկայացուցիչներէն մին է՝ որպէս պատմաբան, թրքագէտ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարվէն Սերթշիմշէքն ու գործակից ընկերները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Երուսաղէմի քրիստոնեայ Տաճարական ասպետներու ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Տէյվիտ Էփլըպայի։ Խումբը այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս եւ փափաքած է Իսթանպուլի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ հանդիպումներ ունենալ։
Մեներգչուհի Սիպիլի արտասահմանեան շրջագայութիւնները միշտ կ՚ունենան լայն արձագանգ եւ իր ելոյթները կ՚արժեւորուին երկար ժամանակի վրայ տարածուած։ Նոյնը պատահած է նաեւ դէպի Աւստրալիա իր վերջին ուղեւորութեան պարագային։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Ֆէնէրճին եւ անդամուհիներէն Առլէթ Ինճիտիւզէնը։
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ջերմօրէն ողջունեցին Մելոտի եւ Պուրակ Էրիքին երիտասարդ ամոլի Սուրբ Պսակի խորհրդակատարութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։