Ուրբաթ 2, Մայիս 2025
ՄԱՍՆԱԳԷՏԻ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ուղեկից մասնագէտ Միւժտատ Աթաման նախընթաց օր ասուլիսի մը մասնակցեցաւ աշակերտներու ծնողներուն հետ։ Հաճելի զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ այս երեկոյթը, որ կազմակերպուած էր թաղի «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ։ Միւժտատ Աթաման զանազան վկայութիւններու լոյսին տակ փոխանակուած փորձառութիւնները համադրեց՝ զանոնք դասելով ուսումնական ճամբորդութեան մը ամբողջին մէջ։
Հաւաքոյթի աւարտին դպրոցի տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ երեկոյթի ատենախօսին յանձնեց յուշանուէր մը։
Ուրբաթ, Մայիս 2, 2025