ՅԻՍՆԱՄԵԱՅ ՎԱՍՏԱԿ…
Պոլսահայ գեղարուեստասէր շրջանակները երէկ երեկոյեան Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ» գեղարուեստասրահի երդիքին տակ համախմբուեցան եզակի ձեռնարկի մը առթիւ։ Այսպէս, ժողովրդական պարերու եւ ժողովրդական արուեստի երախտաշատ վարպետ Ժուլիա Մութլու նշեց իր գեղարուեստական գործունէութեան 50-ամեակը։