Ապագայ
Աշխարհակարգի փոփոխութեան այժմու պահը կը բնորոշուի շատ ուշագրաւ իրադարձութիւններով։ Պատմութեան ընդհանուր հոլովոյթին մէջ, պետութիւններու միջեւ մեծ պատերազմներով կ՚ուղղորդուէին աշխարհակարգի փոփոխութիւնները։ Այսօր կարծես երեւոյթը քիչ մը աւելի տարբեր դարձած է. ներքին պատերազմներով ալ կ՚ուղղորդուի կամ կը զուգորդուի աշխարհակարգի փոփոխութիւնը։
Երկրագունդի վրայ կան բազում պատերազմներ։ Երբ պետութիւնները կը փորձեն ուժով լուծել իրենց հարցերը, ապա հասարակութիւններէն ներս ալ անխուսափելի կը դառնայ՝ բռնութեան հոսանքներու ծնունդ առնելը, անոնց արդարացումը՝ որպէս այլընտրանք։ Սա չափազանց վտանգաւոր ու մտահոգիչ է։ Եւրոպայի առկայ ցաւալի իրադարձութիւնները կը վկայեն այս մասին։
Ո՛ւր որ կայ բռնութիւն, այնտեղ անկարելի է խօսիլ ժողովրդավարութեան մասին, որ հաւաքական ամէն տեսակ խնդրի խաղաղ լուծման բանալին է տեսականօրէն։ Երկրագունդի պաշարները կը նուազին թափով։ Համաշխարհային ընդհանուր հարստութենէն լայն զանգուածներուն վիճակած բաժինը տակաւ կը սահմանափակուի։ Ընկերային ցանցերն ալ, իրենց հերթին, կենցաղի պարագային անբաւարարութեան զգացում կը հրահրեն շատերու մօտ։ Կլիմայի փոփոխութիւնը կ՚ուրուագծէ սովի հեռանկար։ Բռնութիւնը՝ անվտանգութենէ անդին, նաեւ արժեհամակարգի հարց մըն է։ Քաղաքակրթութիւններու բախում ըսուածը ունի՝ կենսամակարդակի, ընկերատնտեսական դասակարգերու տարբերութեան խորացմամբ, ընկերային անարդարութիւններով ահագնանալու ներուժ։
Աշխարհի այժմու ընթացքով ժողովրդավարութեան ապագան հազիւ թէ երաշխաւորուած ըլլայ՝ առանց բարեկեցութեան։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ