ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Աթագիւղի Ողիմպիական աւանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ՝ Գալֆաեան տան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային մարմնամարզի խրախճանք մը, որ 17-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Ձեռնարկը ձօնուած էր հոգելոյս Վարսէն Օրունճաքճըէլի յիշատակին։
Մեներգչուհի Մարալ Այվազ երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ, ուր ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Մարալ Այվազ հերթական անգամ համախմբեց իր համակիրներն ու հայ երգի սիրահարները, որոնք խանդավառ ապրումներ ունեցան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները, որոնց հետ էին «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ շարք մը համակիրները։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեան, որ այս օրերուն իր ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսին առթիւ քաղաքիս մէջ կը գտնուի, երէկ հիւրընկալուեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունուեցաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի կողմէ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանին մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Էքրէմ Իմամօղլուն շնորհաւորեց՝ վերընտրութեան առթիւ եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։
Էսաեանի ընտանիքը շաբաթավերջը անցուց տօնական տրամադրութեամբ։ Էսաեանցիներու այս տարուան հաւաքը առիթ հանդիսացաւ արտասովոր ոգեւորութեան եւ բոլորը ականատես դարձան սերունդներու մեծ տողանցքի մը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն նկարիչ Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեան վերջին շրջանին պոլսահայ գեղարուեստասէրներու համակրանքին առարկայ արուեստագէտ մը դարձած է։ Շաբաթավերջին իր հերթական ցուցահանդէսը բացուեցաւ քաղաքիս մէջ։
Շիշլի մարզակումբի եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի համատեղ նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ քայլերթ մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը շաբաթավերջին շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ վերամրապնդուեցաւ իր աւանդութիւններուն մէջ։ Առաւօտուն Դպրեվանքի ընտանիքի վարիչներն ու զանազան սերունդներէ սաներ երախտագիտութեան այց մը տուին Շիշլիի գերեզմանատան պատրիարքներու թաղամասը, ուր ոգեկոչուեցան հաստատութեան նախկին վանահայրերը։
Սամաթիոյ ընտանիքը յատկանշական շաբաթավերջ մը ապրեցաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։