ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ԼԻՍԷՆԵՐՈՒ ՍԱՆԵՐՈՒ ՈՍՊՆԵԱԿՆԵՐԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՎՐԱՅ
Կեդրոնական վարժարանի նախաձեռնութեամբ այս տարի 13-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ՝ Իսթանպուլին ձօնուած լուսանկարչական ցուցահանդէսը, որուն կը մասնակցին հարիւր եւ աւելի տարիներու վաղեմութեամբ քաղաքիս լիսէները։ Անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի յիշատակին ձօնուած մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը առիթ դարձաւ Կեդրոնականի երդիքին տակ բացառիկ ոգեւորութեան ստեղծման։ Դպրոցի պատմական դահլիճը համախմբեց բազում հիւրեր՝ մինչ յայտագիրը գործադրուեցաւ հայերէնի ուսուցչուհի Տիանա Պուլտուքի հանդիսավարութեամբ։ Ներկաներու շարքին էին Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Յարութիւն Էպէօղլու, տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, կրթական մշակներ եւ այլ հիւրեր, ինչպէս նաեւ նախագծին մասնակից դպրոցներու լուսանկարչական ակումբներու պատասխանատու ուսուցիչները։ Մրցոյթի դատակազմին մէջ էին Գրիգոր Սահակօղլուի, Ռեֆիք Աքյիւզի նման անուններ։
Յայտագրի տեւողութեան անմահ վարպետ Արա Կիւլէրի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ տեսաերիզ մը ցուցադրուեցաւ։ Տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Յակոբ Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ՝ Կեդրոնականի սաներէն Էլիզա Սարաչօղլու, Ատիս Տողանայ եւ Թալիա Սիրեմ Էրոլ ծափահարութիւններու արժանացան երաժշտական կատարումներով։
Ապա հրապարակուեցան այս տարուայ մրցոյթի դափնեկիրները։ Առաջին մրցանակին արժանացաւ Մարինա Ապտ (Կեդրոնական), երկրորդ հանդիսացաւ Պերրէ Լալ Սափմազ (Ըշըք լիսէ) եւ երրորդ՝ Լիա Փորթագալեան (Էսաեան)։ Մանսիոնի արժանացան Անիթա Չիլինկիր (Կեդրոնական), Կարէն Պետիկօղլու (Մխիթարեան) եւ Արտա Չուլճու (Կեդրոնական)։ Մրցանակաբաշխութենէն վերջ բոլորին յանձնուեցան մասնակցութեան վկայականներ։ Հիւրերը առիթն ունեցան մրցոյթին ներկայացուած բոլոր լուսանկարները տեսնելու՝ ցուցահանդէսի մը ձեւաչափին մէջ։
Հուսկ, հաճելի մթնոլորտը շարունակուեցաւ՝ հիւրընկալ դպրոցի ծնողաց միութեան կողմէ սարքուած ընդունելութեան սեղաններուն շուրջ։