ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ՅԱՋՈՂ ՄՏԱԽԱՂԵՐ
Շաբաթավերջին Ս. Խաչ դպրեվանքի նախաձեռնութեամբ պոլսահայ հինգ լիսէներու սաները մէկտեղուեցան մտախաղերու առթիւ։ Իր տեսակին մէջ 7-րդ այս մրցաշարքը կազմակերպուած էր Թուրքիոյ ուղեղի խումբին եւ Մտախաղերու կազմակերպութեան հետ համագործակցութեամբ։
Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները այս շրջանին իրերայաջորդ յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն մտախաղերու մէջ։ Անոնք վերջերս NDS միջնակարգի տանտիրութեամբ կազմակերպուած մտախաղերու մրցաշարքի մը, որ երրորդն էր իր տեսակին մէջ։
Անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին կազմակերպուած 9-րդ նկարչութեան մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը շաբաթավերջին առիթ ընձեռեց մեծ ոգեւորութեան։
Հայ արդի բանաստեղծութեան տիտաններէն Զահրատ երէկ երեկոյեան գրական-գեղարուեստական ձեռնարկով մը ոգեկոչուեցաւ Էսաեան սանուց միութեան մէջ՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։
Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մինաս Մեծատուր եւ գործակից ընկերները երէկ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց այցելեցին՝ Մայրերու օրուան ընդառաջ։ Անոնք իրենց յարգանքին ու գուրգուրանքին առարկայ դարձուցին մեր համայնքի երէց սերունդի իգական սեռի այն ներկայացուցիչները, որոնք մշտական բնակութիւն հաստատած են հիւանդանոցի ծերանոցէն ներս։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ միշտ տօնախմբութեան համազօր են Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան տարեդարձները։ Համբարձման երէկուան արարողութիւնները եկան բնորոշել հաստատութեան հիմնադրութեան 192-րդ տարեդարձը։
Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը փորձած է իրաւաբանական օժանդակութիւն ապահովել Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին համար:
Մատակարար մարմինը այսօր կը տեսակցի ծնողաց միութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Պէզճեան Մայր վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտուհիներէն Մելանի Քուշ ուշագրաւ յաջողութիւն մը արձանագրեց՝ Թուրքիոյ մտախաղերու Դ. շարքի եզրափակիչ փուլին։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը 192 տարեկան. օր աւանդական շուքով տօնակատարութիւններու: