ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը այս տարի եւս կազմակերպեց՝ դպրոցի անմոռանալի ու բարեյիշատակ տնօրէններէն հոգելոյս Հայկ Նշանի յիշատակին ձօնուած աւանդական մարզական խաղերը, որոնք չորրորդն էին իրենց նմաններու շարքին։ Եռօրեայ ծրագիրը ընդգրկեց զանազան մարզաձեւեր։
Միջվարժարանային փառատօնի մը մթնոլորտին մէջ անցաւ այս մրցաշարքը, որու ընթացքին տղաքը խմբային ու եղբայրական պայքարի մղումով յաջող խաղարկութիւն ցոյց տուին, միասնաբար յուզուեցան կամ ուրախացան։
Եզրափակիչ արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Ազատ Էօզկիւր Տեմիրճի եւ գործակից ընկերները, ծրագրին մասնակցած վարժարաններու տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ հոգելոյս Հայկ Նշանի այրին՝ նոյնպէս վաստակաւոր կրթական մշակ Սաթենիկ Նշան։ Ս. Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Սերքան Քըյըճը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլորը՝ մինչ արձակման փուլի հասարակաց մաղթանքն էր յաջորդ տարի եւս համախմբել տղաքը եւ համախմբուիլ հոգելոյս կրթական մշակի յիշատակին շուրջ։