ՄԱՀ՝ ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԷՕՔԵԼԻԻ
Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախընթաց օր իր մահկանացուն կնքած է՝ Անգարայի փոքրաթիւ հայ համայնքի երիցագոյն դէմքերէն Կարապետ Սէօքելի։ Յառաջացած տարիքին բերումով ան կը տառապէր առողջական խնդիրներէ, իսկ շուրջ երկու տարիէ ի վեր, դժբախտաբար, անկողնոյ կը ծառայէր:
Փրոֆ. Թորոս Ալճանի գլխաւորած համախոհներու խումբը կը պատրաստուի ներկայանալ համայնքին:
Երէկ, Գալֆաեան տան մէջ ուրախ մթնոլորտով հիւրընկալւեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ տեսակցեցաւ տնօրէնուհի Թամար Ներկիզի եւ վաստակաւոր կրթական մշակ Արուսեակ Մկրտիչեանի հետ։ Այցելութեան ընթացքին հայր սուրբը դպրոցի գրադարանին համար նուիրեց՝ իր վարդապետական թեզին հիման վրայ հրատարակուած գիրքէն մակագրուած օրինակ մը։
Համայնքային շրջանակներէ ներս սպասումները կը շարունակուին՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կազմի վերանորոգման համար։ Մինչ պաշտօնական մարմիններու կողմէ տակաւին ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հիւանդանոցներու ընտրութեան կանոնադրութիւնը չէ հրապարակուած, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ միշտ ուշադրութիւն կը գրաւեն խմորումները՝ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ղեկը յառաջիկայ շրջանին ստանձնելու համար։
«Յանկարծ» թատերախումբը նախընթաց օր Մխիթարեան վարժարանի ընտանիքին համար ներկայացուց «Yüreğim Dağlardadır» թատերախաղը։ Բեմագրութիւնը պատրաստուած է ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի անգլերէն համանուն գործին հիման վրայ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց բեմադրիչներ Էլա Եալչընն ու Ալէն Փերտեճին, որոնք «Մերհապա» անունով շարժանկարի ժապաւէնի մը արտադրութեան պատրաստութիւններուն ձեռնարկած են։
Երէկ երեկոյեան, Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ գումարուեցաւ ընդհանուր ժողով։ Հերթական համագումարին առթիւ միութեան հաւաքատեղին փութացած էին Կեդրոնականի զանազան սերունդներէ սաներ, որոնք քուէարկեցին նոր վարչութեան ձեւաւորման համար։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը այս տարի եւս միջվարժարանային մարզական խրախճանքով մը ոգեկոչեց՝ դպրոցի անմոռանալի ու երախտաշատ տնօրէններէն հոգելոյս Հայկ Նշանը։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէնութիւնը բծախնդիր աշխատանքով մը կազմակերպած էր այս մրցաշարքը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։
Անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած 9-րդ միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթը շաբաթավերջին համայնքային շրջանակներու ուշադրութեան արժանացաւ։ «Քրիստին Սալերի» հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած մրցոյթը տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ:
Սեբաստահայերու եւ համակիրներու միութեան նախաձեռնութեամբ երէկ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշ մը, որու մասնակիցները առաւօտուն նախ Ս. Պատարագի մասնակցեցան Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։