Արխիւ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

-Եկա՞ւ Կաղանդ պապան, հարցուցի առաջին դասարանի աշակերտներուս։ 
Դիմացս նստած տասը մանուկները իրենց ձեռքերը բարձրացուցին։
-Եկաւ, քանի՜ անգամ…
-Չեկաւ…
-Դեռ կանուխ է, պիտի գայ… 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Հասարակութեան քայքայման վրայ արդի մշակոյթի ազդեցութիւնը այսօր շատ քննարկուած եւ վիճարկուած նիւթ մըն է։ Թէեւ արդի մշակոյթը իր մէջ կը պարունակէ նորարարութիւն, թեքնոլոժիք յառաջընթաց եւ անհատական ազատութիւններու ընդլայնում, միեւնոյն ժամանակ ան կը յառաջացնէ լուրջ հարցադրումներ՝ արժէքային համակարգերու թուլացման, համայնքային կապերու խզման եւ բարոյական պատասխանատուութեան նահանջի մասին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդ արարածը կեանքը կ՚ապրի տկարութիւններով, թերութիւններով, սխալներով, քանի որ ան թէեւ կը ձգտի կատարելութեան, բայց երբեք չի՛ կրնար կատարեալ ըլլալ՝ քանի որ թերութիւններ, տկարութիւններ, սխալներ երբեք զինք չեն թողուր բոլորովին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մահը ինչքան ալ ծանր ու սարսափելի թուի՝ մահ է. դէպի անյստակութիւն տանող յայտնի աւարտ մըն է, վերջակէտ մը. սակայն, պէտք է ըսենք, որ ամենէն սարսափելին այս մէկը չէ, որովհետեւ որոշ ժամանակ ետք մահուան դիմաց մարդ կը համակերպի, կ՚ընդունի ճշմարտութիւնը եւ սիրեցեալին սուգը սրտին մէջ կը շարունակէ ապրիլ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2025

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ զարգացումներու կը սպասեն ո՛չ միայն Ատրպէյճանի, այլեւ Թուրքիոյ հետ սահմանին։
Վարչապետ Փաշինեան շաբաթավերջին Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի տարեվերջի ձեռնարկին ժամանակ ունեցաւ ելոյթ մը։ 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2025

Միջմիութենական նարտի մրցաշարքը այս տարի եւս համայնքէն ներս անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Հանգուցեալք Նուրհան Կիւլիստանեանի եւ Ալէն Քալքի յիշատակին ձօնուած մրցաշարքը արդէն 28-րդն էր իր նմաններու շարքին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2025

Համայնքային զանազան հաստատութիւններու կողմէ տրուած կրթաթոշակները համակարգելու առաջադրութեամբ ստեղծուած յանձնախումբը գումարեց իր առաջին ժողովը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2025

Երէկ, Սուրբ Ծնունդի առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորական այցելութեան փութաց Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ քաղաքիս Պատրիարքական փոխանորդին՝ Եուսուֆ Չեթին մետրապոլիտին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2025

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս 2022 թուականէն ի վեր ուշագրաւ գործունէութիւն կը ծաւալէ «Յոյս» միաւորումը, որ հետամուտ է յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներու խնամքը ապահովելու։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2025

Ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայայի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց տուած այցելութիւնը վերջին օրերուն բնորոշեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։ Ամանորի ընդառաջ, համայնքային շրջանակներէն ներս կը շարունակուին այս այցելութեան արձագանգները։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2025

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Պաքու 2026 թուականին պիտի շարունակէ երկխօսութիւնը Հայաստանի հետ՝ խաղաղութեան գործընթացը յառաջ մղելու նպատակով։ 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2025

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան ենթարկուեցաւ վիրահատութեան։ Ծանօթ է, որ ան ներկայիս բանտարկուած է՝ Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2025

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Այսօր ամենակարեւոր համաշխարհային մարտահրաւէրներէն մէկն է՝ աշխարհի բնակչութեան աճն ու աշխահի ապագան։ 2024 թուականին աշխարհի բնակչութեան թիւը հատած է 8 միլիառի սահմանը, իսկ ՄԱԿ-ի կանխատեսումներուն համաձայն՝ մինչեւ 2050 թուականը կրնայ հասնիլ շուրջ 9.7 միլիառի։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ռուսաստան-Սուրիա յարաբերութիւններուն մէջ կը դիտարկուին բոլոր առումներով նոր ժամանակներ:
Մոսկուա եւ Դամասկոս կը ձգտին համագործակցութեան մթնոլորտի մէջ հասնիլ՝ իւրաքանչիւրը սեփական առաջնահերթութիւններով:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2025

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Անցնող երկու շաբաթներու սիւնակներով յաջորդաբար ներկայացուցինք Սիրան Սեզայի կեանքն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր գրական վաստակներէն հատուածներ: Սեզան նաեւ գրած է իր տպաւորութիւնները զանազան նշանաւոր մարդոց մասին՝ անոնց մահուան կապակցութեամբ:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հին օրերու Կէտիկփաշան՝ շատերու հօրենական, մօրենական, պապենական սերտ կապեր ունեցած, յիշատակներով պարուրուած պատմական եւ նոյնքան պատուական թաղ մըն է եղած։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 105 տարիներ առաջ՝ 1920 թուականին, երբ Հայաստան արդէն իր առաջին Հանրապետութիւնը հիմնած էր, Եգիպտոսէն երկու մեծահարուստ եղբայրներ՝ Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրները նամակ կը ղրկեն եւ կը խնդրեն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ունենալ.

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդկային կեանքը յաճախ կը նմանցըւի հոսող գետի մը, որուն մէջ դէպքերը անսպասելի ալիքներու նման կը յառաջանան։ Ոմանք մեղմ են, աննկատ, իսկ ուրիշներ՝ հուժկու եւ ցնցիչ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ծանօթներու մէջ ինքզինք օտար զգալ եւ բազմութեան մէջ առանձին ապրիլ… ցա՜ւ պատճառող այս վիճակը կը զգան մարդիկ՝ որուն վկայած ենք յաճախ, յաճախ կ՚ապրինք այս կացութիւնը, քանի որ ո՜րչափ ալ մարդոցմով, «բարեկամներ»ով շրջապատուած ըլլանք, նոյնքան ծանօթ-անծանօթ, մտերիմ կամ օտար մարդոցմով՝ մենք առանձին կը քալենք կեանքի ճամբան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յայտնի փիլիսոփայ Պղատոն իր աշխատութիւններուն մէջ տոկոսով գումարը կը ներկայացնէ որպէս հասարակական համերաշխութիւնը քայքայող երեւոյթ, որովհետեւ այդ մէկը հասարակութիւնը երկուքի կը բաժնէ՝ հարուստի եւ աղքատի, պարտատէրի եւ պարտականի միջեւ:

Էջեր