ԵՐՋԱՆԻԿ ՉԵՆՔ՝ ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ…

«Երջանկութիւն»ը՝ մարդուն սկզբնական նպատակն է. աշխարհասէր, հաճոյասէր մարդը տեւապէս կը փնտռէ երջանկութիւնը։ Մարդը միշտ հեռուն կը փնտռէ երջանկութիւնը եւ չի՛ գոհանար իր ներկայ վիճակով։ Այս մասին ընդհանրապէս դժգոհութիւն, տրտունջք, գանգատ կը տիրէ մարդուս։ Մա՛րդ գոհ չէ՛ իր վիճակէն առհասարակ…

Երիտասարդ մը կը դիմէ իմաստունի մը՝ օգտուելու համար անոր իմաստութենէն։

Իմաստունը վարանումով կը նայի երիտասարդին եւ կ՚ըսէ անոր, թէ կարողութիւն ունի՞ հասկնալու իմաստութեան գաղտնիքները եւ կ՚ուզէ փորձել զայն։

Իմաստունը աւազին վրայ գիծ մը կը գծէ եւ կ՚ըսէ երիտասարդին. «Կարճեցո՛ւր այս գիծը»։

Երիտասարդը՝ ինքնավստահ, գիծին մէկ մասը աւազով կը գոցէ եւ կ՚ըսէ իմաստունին. «Ահաւասի՛կ, կարճեցաւ գիծը»։ Բայց իմաստունը չ՚ընդունիր երիտասարդին լուծումը եւ կ՚ըսէ. «Գնա՛, աւելի հասունցիր եւ ապա եկուր, որպէսզի կարող ըլլաս օգտուիլ իմ ուսուցումէս»։

Երիտասարդը կը հեռանայ գլխիկոր…

Միջոց մը կ՚անցնի եւ օր մը երիտասարդը դարձեալ կը ներկայանայ իմաստունին։ Այս անգամ վստա՛հ է, որ իմաստունը պիտի ընդունի զինք որպէս աշակերտ, քանի որ կը խորհի, թէ այլեւս հասունցած է եւ կարող՝ հասկնալու իմաստունին ուսուցումները։ Բայց իմաստունը տակաւին չէ համոզուած եւ դարձեալ նոյն փորձը կը կրկնէ. Աւազին վրայ գիծ մը կը գծէ եւ կ՚ըսէ երիտասարդին, որ կարճեցնէ այդ գիծը։

Երիտասարդը այս անգամ իր ափերով կը գոցէ աւազին վրայ գծուած գիծին աւելի մեծ մասը եւ կ՚ըսէ իմաստունին. «Ահաւասի՛կ, գիծը աւելի շատ կարճեցաւ քան նախկինը»։

Իմաստունին պատասխանը դարձեալ ժխտակա՛ն է եւ կը մերժէ երիտասարդին առաջարկը։

Երիտասարդը՝ քիչ մը զարմացած, քիչ մը յուսախաբ  կը հարցնէ իմաստունին. «Ինչպէ՞ս կարելի է ուրեմն կարճեցնել այս գիծը»։

Իմաստունը, իր գծած գիծին քով աւելի երկար գիծ մը կը գծէ եւ կ՚ըսէ. «Ահաւասի՛կ, աւելի երկար գիծին քով նախորդ գիծը կարճեցաւ»։

Սիրելինե՜ր, երբ ներկայ երջանկութիւնները անտեսենք եւ հաւանական ապերջանկութիւնները եւ դժբախտութիւնները նկատի չառնենք, չենք կրնար երջանիկ համարել մենք զմեզ։

Այս իմաստով, մարդ միշտ հեռո՜ւն կը փնտռէ երջանկութիւնը եւ չի տեսներ ներկայ երջանկութիւնը. զոր օրինակ՝ շնչառութիւնը երջանկութիւն մըն է, եթէ խորհինք, թէ կան շնչառութեան դժուարութիւն ունեցողներ, յետոյ գաւաթ մը ջուրը նոյնիսկ երջանկութեան շարժառիթ կրնայ ըլլալ, երբ պուտ մը ջուրի կարօտը ունեցող ծարաւիներու գոյութեան հաւանականութիւնը նկատի ունենանք։ Արժէք մը եթէ ձեր քովն է, զայն կարելի չէ ամբողջովին գնահատել, բայց, երբ հեռանայ կամ կորսուի, այն ատեն կը հասկցուի անոր իրական արժէքը. ինչպէս՝ երջանկութիւնը…

Եւ որքա՜ն իմաստալից է Յիսուսի խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Այսօրուան հոգը իրեն կը բաւէ, վաղը ինքզինք կը խորհի»։ Վաղուանով մտահոգուիլ եւ օրն ալ հոգով լեցնել որքան որ սխալ է՝ վաղուան հաւանական երջանկութիւնը մտաբերելով այսօրուան երջանկութիւնը արժէքազրկել, չվայելել զայն նոյնքան սխալ է։ Ուստի, հեռունե՜րը չփնտռենք երջանկութիւնը, քանի որ ան միշտ հեռուն տեսնել ուզել՝ զայն անմատչելի կը դարձնէ. ճիշդ հորիզոնին նման՝ որ ինչքան մօտենալ փորձենք անոր, ան միշտ հեռու է մեզմէ։

Բայց գոհանալը պէտք չէ՛ շփոթուի անտարբերութեան, անգործութեան եւ անաշխատութեան հետ։

Արդարեւ, մարդ պէտք է կարելին ընէ՝ յուսայ եւ ջանք թափէ, որպէսզի վաղը աւելի արդիւնալի ըլլայ՝ քան այսօրը։ Մարդ աշխարհ եկած է աշխատելու, աշխատելով, գործելով իր կեանքը գոյապահպանելու եւ գոյատեւելու համար։ Բայց ներկայ ունեցածն ալ պէտք չէ ստորագնահատէ։ Որովհետեւ կեանքի մէջ ամէն գոյութիւն, ամէն վիճակ անպայման արժէք մը ունի։ Մարդ կրնայ աւելի լաւին ձգտիլ, բնական զգացում մըն է ասիկա, բայց ո՛չ երբեք պատճառ՝ ներկան ստորագնահատելու եւ թերագնահատելու։ Քանի որ մարդ երբ այսօրուանին արժէքը չի կրնար գնահատել, վաղուանն ալ չի կրնար գնահատել եւ այս կերպով տեւական դժգոհ կ՚ըլլայ՝ ապերջանիկ եւ երջակութենէն միշտ հեռո՛ւ։ Բայց ի՞նչ է «երջանկութիւն»ը։

Ըսենք, որ «երջանկութիւն»ը աշխարհային տեսողութեամբ յարաբերական վիճակ մըն է եւ կարելի չէ որոշ իմաստ մը տալ անոր։ Երջանկութիւնը, ընդհանրապէս ուրախութեան եւ երանութեան միջեւ վիճակ մըն է. ուրախութենէն վեր եւ երանութենէն ցած հոգեվիճակ մը։ Բայց երջանկութիւնը վայրկենական զգացում մը չէ՝ ինչպէս եւ ուրախութիւնը, որ ժամանակաւոր է։ Այս իմաստով երջանկութիւնը կեանքի ընթացքին մէջ շրջան մըն է։ Մարդ ուրախ կրնայ ըլլալ, երբ ժամանակաւոր կարօտութիւնը վերանայ, չքանայ, ասիկա կրնայ պատահիլ պահ մը կամ քիչ մը աւելին, իսկ երջանկութիւնը աւելի հոգեկան եւ բարոյական գոհացումի մը արդիւնքն է եւ եթէ ոչ անժամանակ, բայց երկարատե՛ւ։ Երջանկութիւնը ապերջանկութեան կը վերածուի վատ պատճառով մը միայն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 15, 2025, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2025