ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՊ ՀԱՒԱՔԻՆ

Մերձաւոր Արեւելքի արիւնալի իրադարձութիւնները հետզհետէ կ՚ահագնանան՝ մասնաւորապէս Իսրայէլի կողմէ Կազզէի դէմ ձեռնարկուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններով։ Վերջին օրերուն իրադարձութիւնները բազմապատիկ մտահոգիչ համեմատութիւններու հասած են եւ այս մթնոլորտին մէջ երէկ Տոհայի մէջ տեղի ունեցաւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ Արաբական լիկայի արտահերթ համատեղ գագաթաժողովը։ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համիտ ալ Սանիի հիւրընկալմամբ կազմակերպուած այս գագաթաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ ունեցաւ ելոյթ մը։ Նախագահ Էրտողան ելոյթին մէջ շեշտեց, որ դիւանագիտական ջանքերը պէտք է կեդրոնացուին՝ Իսրայէլի դէմ պատժամիջոցներու խտացման նպատակով։ Բաց աստի, Իսրայէլի իրաւասուները արդարութեան առջեւ պէտք է հաշիւ տան եւ այս նպատակին հասնելու համար միջազգային իրաւունքի մի-ջոցները պէտք է օգտագործուին։ Միեւնոյն ժամանակ, Էրտողան համոզուած է, թէ տնտեսական գետնի վրայ ալ ճնշումներ պէտք է բանեցուին Իսրայէլի վրայ։

Տոհայի հաւաքի ընթացքին, բացի այս ելոյթէն, Էրտողան շարք մը կարեւոր երկկողմանի հանդիպումներ ալ ունեցաւ։ 

Նոյն արտահերթ գագաթաժողովի ընթացքին արաբական եւ իսլամական երկիրները կոչ ուղղեցին, որպէսզի կասեցուի Իսրայէլի անդամակցութիւնը ՄԱԿ-ին։ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի Տոհայի մէջ շեշտեց, որ արաբական եւ իսլամական երկիրները պէտք է ստեղծեն միասնական միջոց մը՝ իրենց առջեւ ծառացած անվտանգային մարտահրաւէրներուն արձագանգելու համար։ Իր կարգին, Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանն ալ հաւաքի ժամանակ կոչ ուղղեց, որպէսզի մահմետական երկիրները խզեն իրենց յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ։

Միւս կողմէ, այս հաւաքին զուգահեռ՝ Իսրայէլի բանակը արդէն ցամաքային գործողութեան սկսաւ Կազզէի դէմ։ Իր կարգին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոն ալ յայտնեց, որ «Համաս» քիչ ժամանակ ունի հրադադար հաստատելու համար։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2025