Արխիւ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեան կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այսօր ժողով մը կը գումարէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Նիստը նախատեսուած է յետմիջօրէի ժամերուն՝ գլխաւորութեամբ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի, որ ի պաշտօնէ ղեկավարն է նաեւ ERVAB-ի։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Ժան Վալժանին ծանօ՞թ էք։
Այո՛, Վիքթոր Հիւկոյի «Թշուառներ»ու հերոսին մասին է խօսքը։
Դեռեւս նախակրթարանի տարիներէս մէկուն ընթացքին էր, երբ առաջին անգամ ծանօթացայ եւ խորապէս ազդուեցայ հիասքանչօրէն հիւսուած մարդկային այս կերպարով:
Ցաւով կը տեղեկանանք, որ ի Տէր հանգած է Կաթոլիկ եկեղեցւոյ երիցագոյն եւ բազմամեայ սպասաւորներէն Մոնս. Լուի Փելաթր եպիսկոպոսը: Երկար տարիներ ան պաշտօնավարած էր Թուրքիոյ մէջ, մանաւանդ, որ այդ ժամանակաշրջանի կարեւոր մէկ հատուածին եղած էր Իսթանպուլի մօտ պապական փոխանորդ:
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ծննդեան 75-ամեակի յոբելեանը նշուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր համախմբուած էին թեմակալ առաջնորդներ, մայրավանքէ ներս պաշտօնավարող եպիսկոպոսներ, միաբաններ եւ քահանաներ, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան պաշտօնէութիւնը։
Հայաստանի Ազգային ժողովը յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին պիտի ձեռնարկէ կառավարութեան 2026-2031 թուականներու գործունէութեան ծրագիրը:
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Իմ ծնողներս Մարաշէն եկած են»:
«Իմ մեծ ծնողներս՝ Ատանայէն, Այնթապէն, Հաճընէն…»:
Առաջին անգամն է, որ կ՚այցելէի հայկական գաղութներ, ուր հայեր յաճախակիօրէն կը յիշէին իրենց պապենական արմատները՝ առնչելով իրենց ինքնութիւնը պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հետ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երբ կը հիւսուի անձնաւորութիւնդ պատահարներու, ճակատագրականութեան կամ անճակատագրութեան մը մէջ ու կ՚ըլլաս ես մը՝ ամենայնութիւն մը խաղացող, խզող ու պայթեցնել փափաքող՝ այն ժամանակ տիեզերքը կը յայտնուի ակամայ խիտ կամ թեթեւ տեսքերով-չափերով, պարզ կամ խճճուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ, Իրանի, Իսրայէլի եւ Արեւմուտքի շահերու խաչաձեւման կէտին վրայ՝ Սուրիա այս շրջանին յարաբերութիւններ կը վերակառուցէ նաեւ Ռուսաստանի հետ:
Լայն հաշուարկով պահել նուազագոյնը:
Էսատի անկման յաջորդած իրավիճակի մէջ, արտօնեալի դիրքէն հեռացած Մոսկուա Դամասկոսի հետ նոր քայլեր կ՚առնէ վերջնականօրէն դուրս չմնալու համար Մերձաւոր Արեւելքի եւ Միջերկրականի խաղերէն, որոնց կապակցութեամբ իր ապագայ նախաձեռնութիւնները կը մեկնաբանուին Ուքրայնայի պատերազմի ընթացքին հաւանական չափումներու եւ վարկածներու պարունակին մէջ:
Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Բանաստեղծ, արձակագիր Կարապետ Ոսկեան, ծնած է Բերա, Պոլիս, 1869 թուականի ապրիլի 14-ին:
Զաւակն է բնիկ կուտինացի Արիստակէս Ոսկեանի, որ տասը տարեկանին Պոլիս գաղթած է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ իմաստասիրական միտքը իր առաջին ծիլերը տուաւ հեթանոսութեան շրջանին՝ էպիկուրեան, սոկրատեան, պղատոնեան, արիստոտելեան, ստոյիկեան կիկերոնական -Տիրան Հայկազն- դպրոցներ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ճիշդ է, որ յաճախ գրականութեան մէջ գրողներ ընթերցողին ուշադրութիւնը գրաւելու եւ զինք «կլանելու» համար զգայացունց տողերու կը դիմեն եւ այդ մէկը կ՚օգնէ շատ անգամ ոչ-հետաքրքրաշարժ յօդուած մը, արձակ մը աւելի գրաւիչ դարձնելու. այս մէկը գրողներու յատուկ հնարք մըն է:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդ երբ կը մեծնայ, միայն հասակ չ՚առներ։ Անոր հետ կը մեծնայ նաեւ աշխարհի մասին իր պատկերացումը։ Մանկութեան տարիներուն մեզի կը սորվեցնեն, թէ ի՛նչ է ճիշդը եւ ի՛նչը՝ սխալ, ի՛նչ է ազնուութիւնը, ի՛նչ կը նշանակէ յարգանքը, ինչո՞ւ պէտք է մեծերու հանդէպ պատկառանք ունենալ, ընկերոջ կողքին կանգնիլ, խոստումը պահել եւ մարդ մնալ նոյնիսկ այն պահերուն, երբ ո՛չ ոք մեզ կը դիտէ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Լո՛յս է աշխարհը հորիզոնէ՜ հորիզոն։ Մութ, խաւար եւ մշուշոտ անկիւն մը իսկ կարելի չէ՛ երեւակայել նոյնիսկ ամենախոր անձաւներուն մէջ։ Ուստի, լոյսի տիրապետութեան մէջ միայն խաղաղութեան ձիթենիներ կրնան ծաղկիլ եւ ուրախութեան այգիներ պտղաբերել։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աստուա՞ծ մարդը իր պատկերով ստեղծեց, թէ ոչ մարդը իր պատկերով Աստուած (աստուածներ) ստեղծեց՝ վերլուծութեան արժանի լուրջ խնդիր մըն է, սակայն, Շահնուր իր «Աւագ ուրբաթ» աշխատութեան մէջ հետեւեալը կը գրէ. «Կապիկը եթէ իրեն համար Աստուած մը երեւակայէր, անոր կապիկի դիմագիծ պիտի տար»։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի գահուն 132-րդ յաջորդը, առաքելահաստատ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի շնորհազարդ գահակալը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանրական հայրապետն ու նուիրապետութեան սրբազնագոյն գլուխը այսօր աշխարհացրիւ իր հօտի հաւատարիմ ու հաւատացեալ զաւակներու սրտին մէջ հերթական անգամ պատուանդանի վրայ: Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը թեւակոխէ ծննդեան 75-ամեակի շրջանը. յոբելեան, որ հոգեւոր հրճուանքով կը համակէ համայն հայութիւնը՝ տոգորուած երախտագիտական զգացումներով:
Վեհափառ ու վեհաշնորհ հայրապետը:
«Ամէն հայի սրտից բխած, լսիր այս ձայն, ով Աստուած. երկար կեանք տուր հայրապետին, երկար օրեր հայոց հօր. Տէր, անսասան պահիր դու միշտ Քո իսկ հիմնած Մայր Աթոռ»:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան շատ անհանգստացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ առկայ իրադրութեան հետեւանքով։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի համալիրէն ներս հոգեհանգստեան պաշտօն եւ հոգեճաշ:
Համայնքային շրջանակները վշտակցեցան հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանին, որ վերջին շրջանին իրերայաջորդ կորսնցուց իր անզգուական ծնողքը:
Նորին Ամենապատուութիւնը առ Աստուած աղօթք բարձրացուց՝ հոգելոյս դասախօս Ռուբէն Պետրոսեանի եւ բարեյիշատակ բժշկուհի Վանուհի Սեդրակեանի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար՝ մաղթելով Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւնը հարազատներուն եւ շառաւիղներուն համար: Թրքահայ վարչայինները ցաւակից՝ հայրենի բարձրաստիճան դիւանագէտին:
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այս շրջանին հրատապ օրակարգ դարձած է՝ իշխանութիւններուն կողմէ փոքրամասնական համայնքային վարժարաններէ ներս հիւր աշակերտներու պարագային սահմանուած արգելքը։
Խոր ցաւով կը գուժենք մահը մեր համայնքի երէց սերունդի այնքան սիրուած ու յարգուած ներկայացուցիչներէն՝
ՏԻԱՐ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՓԵՔԱՅՎԱԶԻ
Հանգուցեալը իր սերունդի տիրական ներկայացուցիչներէն մին էր, որ իր ընտանիքէն, սիրելիներէն հրաժեշտ կ՚առնէ խոր ծերութեան մէջ։