ԵՒ ԱՅԴ ՊԱՐԸ ԴԱՐՁԱՒ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ

Լոնտոն եմ, ընկերուհիիս Քրիստինէին քով իջեւանած եմ եւ միասին այցելեցինք իր ընկերուհիին՝ Նարէին։

-Արուեստագէտի տուն է, ըսաւ Քրիստինէն, եթէ տրամադրութիւնը լաւ է, անպայման կը պատմէ պատէն կախուած իւղանկարներուն պատմութիւնը։

Իսկապէս բոլոր պատերը իւղաներկ նկարներով զարդարուած էին։ Նկարներուն հերոսուհին ինքն էր պարելու ժամանակ։ Բոլորին մէջ նոյն կապոյտ շալը ձեռքին, մէջքին կամ օդը երկարած…

Ամէն բան այնտեղ սիրոյ մասին կը խօսէր…

-Ե՛ւ նկարներն են գեղեցիկ ե՛ւ պարուհին… ըսի, փորձելով նիւթը բանալ։

-Նկարիչը ես չեմ, ես ներ-շընչողն եմ, սկսաւ Նարէն։ Նկարները ձեզի կարծել պիտի տան, որ ես պարուհի եմ… Ոչ, պարզապէս պարել շատ կը սիրէի ու դեռ կը սիրեմ եւ շատ լաւ կը պարէի…

Հայաստանի մութ ու ցուրտ տարիներն էին։ Տարիներ առաջ Լոնտոն հաստատուած զարմուհիիս՝ Գայիանէին հրաւէրով Լոնտոն եկած էի։ Նկարչական ցուցասրահի մը մէջ կ՚աշխատէր Գայիանէն եւ երեսնամեակին առիթով մեծ հրաւէր մը տուած էր։ Շատ մարդ կար, աղմուկ-աղաղակ, կենացներ, հաճոյախօսութիւններ, բարձրաձայն խնդալներ եւ անշուշտ խլացնող երաժշտութիւն… հիւրերը՝ իր լայն շրջանակին «ընտրանին» էին միայն։

Բարեբախտաբար շնորհաւորանքները սկսան եւ կենացներուն ժամանակ ստիպուած էին դադրեցնել երաժշտութիւնը, բարձրաձայն խօսակցութիւններն ու խնդուքները։

Զարմուհիս շնորհակալական խօսքը աւարտեց հետեւեալ յայտարարութեամբ. «Իսկ այժմ կը վերադառնանք մեր երգ ու պարին, սակայն այդ պիտի սկսի Հայաստանէն ժամանած զարմուհիիս՝ Նարէին հայկական պարով…»։

Փոքր տարիքէս սիրած եմ պարը եւ հետեւած, սակայն ծնողքս մերժեցին, որ այդ դառնար մասնագիտութիւնս։

Սեւ ընդգծուած մէջքով եւ լայն փէշով հագուստ մը հագուած էի՝ ուսերուս շատ նուրբ կապոյտ շալով մը։ Հայրենիքի դժուար օրերէն ետք հայկական երաժշտութիւնը օտար Լոնտոնին մէջ արթնցուց պարելու ցանկութիւնս եւ ամբողջովին տրուեցայ պարին… Իմ աշխարհիս մէջ էի արդէն, չէի ուզեր երաժշտութիւնը աւարտի, կ՚ուզէի մինչեւ առտու պարել… Յանկարծ շատ գրաւիչ երիտասարդ մը հրապուրուած իմ պարով, թերեւս կը սպասէր յարմար վայրկեանին՝ գինիով բաժակը երկարեց ինծի։ Նայուածքը կանչող էր եւ վայրկենական ամբողջովին կլանեց զիս։ Երգը կը հասնէր իր աւարտին, ժամանակ չունէի կամ պիտի պատասխանէի իր նայուածքին եւ կամ ամէն ինչ այդպէս պիտի ցնդէր, անմիջապէս շալս երկարեցի իրեն ու հրաւիրեցի պարի…

Համարձակութիւնս ի զուր չանցաւ… Գեղեցիկ վալսի մը երաժշտութեան ներքոյ մենք խենթեցած պարեցինք։ Ոտքերս գետին չէին դպչեր, նոյնիսկ զգացի, որ երկինք հասեր էի… 

Այդ պարը կեանքիս մեծագոյն հեքիաթն էր… Կասկած չկար, որ մենք ստեղծուած էինք իրարու հետ պարելու համար։ Եթէ նոյնիսկ մէկ պարի համար ըլլար մենք պիտի հանդիպէինք… 

Եւ այդ պարը դարձաւ ճակատագիր, դարձաւ յաւերժութիւն…

-Արհեստանոցս երթանք, կ՚ուզեմ անպայման նկարել քեզ այս պարին ազդեցութեան տակ, եօթ ժամէն երեք ամիսով ցուցահանդէսներու պիտի մեկնիմ եւ ափսո՜ս Լոնտոն պիտի չըլլամ։

-Իսկ ես մինչեւ առտու կրնամ պարել։

Երբ արթնցայ, գրութիւն մը ձգելով արդէն մեկնած էր. «Պարդ զգլխիչ էր, խենթացուց զիս։ Շատ անուշ կը քնանայիր՝ չարթնցուցի։ Ստիպուած եմ մեկնիլ, շուտով մաքրող կինը կու գայ՝ ինք կը փակէ դուռը։ Գիշերն ու պարդ հետս կը տանիմ, հասցէդ ձգէ. Փ.»։

Ժամանակ մը ետք մեկնեցայ Հայաստան՝ նոյնպէս ես հետս տանելով այդ գիշերը…

Շատ չանցած սրտիս կողքին զգացի, երկրորդ սրտի մը տրոփումը։ Սպասեցի, որ երեք ամիսները անցնին, լուր մը ստանալու համար։ Երեքը դարձաւ չորս, դարձաւ հինգ, բայց ոչ մէկ լուր։ Իսկ արգանդիս մէջ փոքրիկս ո՛չ միայն կը շարժէր, այլեւ սկսեր էր պարել։

Շատ ուշ գիտցայ, որ սպասուհին, որ շատ սիրալիր չընդունեց ներկայութիւնս, դիտմամբ թէ ոչ, որպէս աւելորդ թուղթ հասցէս ալ թափած էր։

Չզայրացայ, չբարկացայ, չբողոքեցի… Այս ծնունդն է այդ պարին, պարգեւը այդ գիշերուան, որ կեանքի կոչուեցաւ առանց խոստումի եւ մաս կազմեց էութեանս։

«Ու նայիրեան աղջիկների հեզաճկուն պարն եմ սիրում», աղջիկս Նայիրի անուանեցի։

Նայիրին մեծցաւ, հիանալի կը պարէր, իր պարը ամբողջ սէր էր եւ ես քաջալերեցի, որ շարունակէ, վերջ ի վերջոյ ինք պարի մը ծնունդն էր…

Աւարտեց Պարի պետական համալսարանը եւ շատ շուտով դարձաւ մենապարուհի։

Քսան տարեկան էր, երբ հրաւիրուեցաւ Լոնտոն՝ պալէի մեծ սրահին մէջ պարելու։

Ելոյթին աւարտին միջին տարիքի մարդ մը կը մօտենայ Նայիրիին.

-Նկարիչ եմ ու կ՚ուզեմ ձեզ արհեստանոցս հրաւիրել, այսպիսի պար մէկ անգամ միայն տեսած եմ…

-Ընդհանրապէս անծանօթներու հետ չեմ շփուիր, բայց կը խոստանամ վաղը հանդիպիլ, այնպէս կ՚երեւի, որ դուք զգացիք ու ապրեցաք իմ պարս…

Յաջորդ օրը Նայիրին կ՚երթայ նկարիչին արհեստանոցը։

Նկարիչը ցոյց կու տայ իր նկարներէն «Նարէին պարը» շարքը…

Աղջիկս ափ ի բերան կը մնայ.

-Դուք ծանօ՞թ էք մօրս, այս իմ մայրս է… Եւ անունը Նարէ է…

Ինչպէս կը տեսնէք բոլոր նկարներուն մէջ ես եմ՝ կը պարեմ կապոյտ շալով մը։ Կապոյտ շալս որպէս յիշատակ այդ գիշերէն իր հետ վերցուցած է, վերադարձին մի՛շտ կախուած ձգելով իր արհեստանոցին մէկ պատէն։

-Քսան տարի առաջ հանդիպեցայ գեղեցկուհի մօրդ եւ երբեք չմոռցայ… Դուք այնքան նման էք անոր եւ նոյն նազանքով կը պարէք… Ուզեցի անպայման այցելէք արհեստանոցս, անկարելի էր, որ դուք մտերիմներ չըլլայիք։ Այո՛, դուք շատ նման էք ձեր մօրը՝ ի՛մ Նարէիս… Այդ ո՛չ միայն ձեր պարն ու արտաքինը կ՚ըսէ, այլեւ իմ սիրտս։

Ես Նայիրիին հօրը մասին երբեք չէի խօսած, միայն կ՚ըսէի, որ «Մեր կեանքը վրձինով գծուած է»։ 

Հեռաձայնեցին… Տասն օր ետք եկայ Լոնտոն։ 

Ճերմակ կտաւ մը կը սպասէր ինծի, որուն վրայ նոյն վրձինով երջանկութիւնս նկարուեցաւ…։

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երուսաղէմ, 2025

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2025