ԽՆԱՄԵԼ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Համապարփակ անվտանգութիւն եւ դիմակայութիւն 2025» խորագրեալ միջազգային համաժողովը, որու բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Երկօրեայ համաժողովը, որ սկսած էր երէկ, այսօր կը հասնի իր աւարտին։
«Ես կը կարծեմ, թէ Հայաստանի ժողովուրդն է խաղաղութեան հայեցակարգի հեղինակը։ Մեր ժողովուրդն է խաղաղութեան օրակարգի հեղինակը», բացման լիագումար նիստի ընթացքին յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան։ Իր ելոյթին մէջ վարչապետը այս երեւոյթի ապացոյցը համարեց ինքզինքն իսկ։ Ան նկատեց, որ քաղաքական եւ մտաւորական վերնախաւի շրջանակներէն ներս հարցախոյզի մը պարագային շատերը իր վարչապետութեան դէմ կ՚արտայայտուին։ «Եւ ասոր համար եղած են ջանքեր, կոչեր, հաւաքներ եւ այլն։ Իսկ ի՞նչ բանի հաշւոյն կայուն է Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը։ Շատ գումա՞ր կը ծախսենք, հիպրիթ միջոցներ կ՚օգտագործե՞նք. ոչ, բացարձակապէս։ Սա յաջորդ շրջադարձային կէտն է մեր ժողովուրդի հազարմեայ պատմութեան ընթացքին։ Որովհետեւ մեր ժողովուրդի հազարամեայ պատմութեան ընթացքին բանաձեւը եղած է հետեւեալը. վերնախաւերը ստեղծած են խօսոյթներ եւ պարտադրած են ժողովուրդին», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Բաց աստի, վարչապետը նկատեց, որ այժմ իրավիճակը բոլորովին ուրիշ է։ Քաղաքական վերնախաւը՝ իշխանական մեծամասնութիւնը, քաղաքական կը դարձնէ այս բովանդակութիւնը, որ կը բխի ժողովուրդէն։ Իր խօսքով՝ այդ հազարամեակներու ընթացքին ժողովուրդը միշտ ունեցած է իր պատկերացուցած բովանդակութիւնը։ «Նրբութիւնը այն է, որ ժողովուրդը մէկ ձեռք չունի, որ գրէ, ձեւակերպէ ու հրապարակէ», ըսաւ ան։
Համաժողովի ընթացքին վարչապետը շեշտեց, որ 2021 թուականի ընտրութիւններէն յետոյ իրականացուած քաղաքականութիւնները ամբողջութեամբ ձեւաւորուած են նախընտրական արշաւի ընթացքին ժողովուրդի հետ դէմ առ դէմ իր ունեցած խօսակցութեան ընթացքին։
Ի լրումն այս բոլորին, Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի անվտանգութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ օրինականութեան վրայ։ «Հայաստանի համար զէնքի եւ սպառազինութեան ձեռքբերման շուկաները անսահմանափակ են, իսկ անվտանգութեան թիւ մէկ միջոցը եթէ բանակն է, ապա սա կը նշանակէ, որ անվտանգութեան միջոց չկայ», ընդգծեց Հայաստանի վարչապետը։
Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ խաղաղութիւնը կը պահանջէ ամենօրեայ խնամք եւ հաստատութենականացում։