Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջերս ընտանիքով Երեւան գացած էինք: Նպատակը՝ մեր զաւակներուն հետ քիչ մը պտտիլ, յետոյ Երեւանի հրապարակին վրայ «վայելել» շատրուանները…: Եօթ-ութ տարիներէ ի վեր այս պտոյտները արդէն սովորութեան վերածուած են:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ազատութիւնը սքանչելի՜ բան մըն է, բայց զայն վայելողը կրնայ զայն փճացնել։ Ուստի, բարոյական դաստիարակութիւնը ազատութեան կազմաւորում մըն է, ի դիմաց դրդապատճառներու, առաջարկներու, անոր գործնական կիրարկումին, անոր գործադրումին, դրդումին, վարձատրութիւններուն, գնահատումներուն, նմոյշներուն, օրինակներուն, խորհրդանիշներուն, խորհրդածութիւններուն, յորդորներուն, վարուելակերպին եւ երկխօսութիւններուն՝ որոնք մարդոց կ՚օգնեն զարգացնելու այն ներքին եւ կայուն սկզբունքները՝ որոնք կ՚առաջնորդեն ինքնաբուխ կերպով բարիք գործելու։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայ գրականութեան մէջ տեսած ենք բազմաթի՜ւ գրողներ, որոնք գրող դարձած են բարձրաձայնելու համար իրենց գաղափարներն ու համոզումները, սակայն, անոնց մէջ կայ մէկը, որ այս առաջիններուն հակառակ՝ իր սկզբունքներուն եւ գաղափարներուն տէր դառնալու նպատակով մէկդի ձգած է իր գրելու շնորհքը եւ որոշած է չգրել.
Սփիւռքէն բազմատասնեակ երիտասարդներ վերապատրաստութենէ կ՚անցնին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Հայագիտութեան եւ կրօնագիտութեան նիւթերու դասընթացները կ՚ընթանան «Գարեգին Ա.» կեդրոնէն ներս:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս ամբողջ թափով կը շարունակուին՝ շաբաթավերջին Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարի պատրաստութիւնները: Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին՝ արդէն ընթացքի մէջ է ուխտի շաբաթը, որու շրջանակներէն ներս, երէկ երեկոյեան, շատ յատկանշական հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ կղզիի բարձունքին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս». (ՄԱՏԹ. ԻԲ 39). (ՅՈՎՀ. ԺԳ 34), եւ ասիկա՝ սկզբունքի մը համեմատ եւ համակարգի մը փորձառութեամբ սովորաբար կը գործադրեն. «Չկա՛յ աւելի մեծ սէր քան թէ իր կեանքը տալ բարեկամներուն համար». (ՅՈՎՀ. ԺԳ 13)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այս յօդուածը, մեծ հաւանականութեամբ, մի քանի օրեր ետք լոյս տեսնէ, սակայն, այսօր՝ մի քանի ժամեր ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը որպէս մեղադրեալ պիտի ներկայանայ դատարան։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդու կեանքին մէջ վիշտը հիւր մըն է, որ դուռը թակելէ առաջ երբեք չի հարցներ՝ պատրաստ ե՞ս զինք ընդունելու։
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Քանի մը գիշեր, զորս անցուցի արթնամնութեամբ, զուարճութեամբ ու երազներով՝ Լոնտոնի ամենագեղեցիկ եւ ամենանշանաւոր գիշերային ակումբներուն, պանդոկներուն ու փողոցներուն մէջ, Թայմզի ափին բնակող բարեկամս, մինչ իր շքեղ ինքնաշարժով մեզ կը տանէր կեանքիս տեսած ամենագեղեցիկ անգլիական անձրեւին տակէն, հարցուց ինծի.
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարին ընդառաջ, ամբողջ թափով կը շարունակուի ուխտի շաբթուան ծրագիրը:
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ՝ Հայաստանէն ժողովրդական մեներգչուհի Աննա Սառա Պօղոսեանի համերգը, որ բացառիկ խանդավառութեան առիթ դարձաւ:
Գնալը կղզիի յունաց պատմական վանքը այս տարի եւս ամրան շրջանին կը հիւրընկալէ թրքահայ մանուկներ եւ պատանիներ:
Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած եկեղեցահալած քաղաքականութեան շրջանակներէն ներս, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթո-ղիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դէմ ձեռնարկուած քրէական վարոյթը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել հանրային կարծիքը:
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց՝ Երեւանի մօտ հաւատարամագրուած արաբական պետութիւններու դեսպանները:
Սպիտակ տան գագաթաժողովի առաջին տարեդարձին առթիւ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ նոր շփում: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարները հիւրընկալուեցան՝ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալին կողմէ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ուսումնական վերամուտի առաջին շաբաթավերջն էր, երբ տասը տարեկան թոռնուհիս՝ Վանան, հօրը հետ մեր տուն մտաւ, վազելով եւ մեծ ուրախութեամբ:
Երէկ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրական երդիքին տակ տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ՝ թերթիս ընտանիքին տեսակէտէ այնքան հարազատ երկու անձնաւորութիւններու հիւրընկալմամբ: Այսպէս, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը մէկտեղեց՝ Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանէն Հրակ Փափազեանը, որ «Թրփանճեան» հայոց արդի պատմութեան ուսումնասիրութիւններու ամպիոնի վարիչն է եւ մեր Հայաստանի սիւնակագիրներէն Յակոբ (Վարանդ) Քորթմոսեանը:
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղարն է, վերջերս դասախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Ուրուկուայի մայրաքաղաքին մէջ:
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռն ալ ի վերջոյ հաստատեց իր աջակցութիւնը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ի նպաստ։ Անխոցելի պահել հայ եկեղեցին։ Վեհափառ Հայրապետի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարձրացուցած ձայնին մէջ յանցագործութիւն որոնելը անտեղի կը նկատուի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուածաշունչը Մատեանը ցոյց կու տայ մեզի, մարդուն՝ անասունէն բացարձակապէս գերիվեր եւ անգին ըլլալը։ Ծննդոց Գիրքէն մինչեւ Յայտնութիւն, Սուրբ Գիրքը ամբողջութեամբ կը զբաղի մարդ էակով։ Այս իմաստով մարդ արժէ՛ք մըն է։