Արխիւ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

25 օգոստոսի այն կիզիչ օրը՝ 20 տարի առաջ, 2006-ին, սա անիրաւ ու անարդար աշխարհին, իր պաշտած Հայաստանին ու ժողովուրդին հրաժեշտ տուաւ հայ գրականութեան վերջին Հսկան՝ Սիլվա Կապուտիկեանը (Երեւան, 20 յունուար 1919 - Երեւան, 25 օգոստոս 2006), հոգեկան անփարատելի ցաւերու մէջ բոլորելէ յետոյ իր ծննդեան 87-ամեակը: 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026

Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

7. Ի՞նչ է կուսակրօնութիւնը: 8. Քանի՞ կերպ է: 9. Կուսակրօնութեան ի՞նչ ճամբայ բռնել պէտք է: 10. Այդ ուխտը ընողներուն ներելի՞ է ետքէն ամուսնանալ:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կատարեալ ըլլալ, չի նշանակեր անսխալական ըլլալ, բայց, ամէն սխալ կարելի է սրբագրել պարագաներէն դաս առնելով։ Առակախօսը կը զգուշացնէ. «Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ, բայց յանդիմանութիւն ատողը անմիտ է». (ԱՌԱԿ. ԺԲ 1)։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Նախորդ բոլոր յօդուածներու լոյսին տակ այսօր կու գանք եզրակացնելու Շահնուրի բողոքը, որ ի սկզբանէ եղած է նոյնը. աշխատի՛լ ու աշխատիլ… Շահնուր եւս Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանի նման որոշ ժամանակ հեռացաւ գրականութենէն եւ որոշեց չգրել:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026

ERVAB-ի երէկուան ժողովի հարցում-պատասխանի փուլին օրակարգի վրայ եկան Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վերաբերեալ շարք մը ուշագրաւ լսումներ։ Այսպէս, Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութիւնը վերջերս կալուած մը վաճառած է։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026

Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլ յառաջիկայ սեպտեմբերի 28-ին պիտի ընդունի թրքահայ վարժարաններու ներկայացուցիչները։ ERVAB-ի երէկուան ժողովին ընթացքին այս մասին մանրամասնութիւններ հրապարակեց՝ ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

ERVAB-ի երէկուան ժողովին ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու հետեւողականօրէն օրակարգի վրայ պահեց՝ համայնքային հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու գործունէութեան թափանցիկ չըլլալու, հաշուետուողականութեան պակասի եւ նոյնիսկ զեղծումներու հարցերը, որոնց կապակցութեամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրն ալ մատնանշեց պատկան իշխանութիւններու կողմէ հակակշռման գործառոյթի կատարման անհրաժեշտութիւնը:
Վարչական մեծ սնանկութիւՆ:
Ամլութիւն եւ բացարձակ փակուղի:
Անտարբերութիւն եւ անվստահութիւն:
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի հորիզոնին վրայ կ՚ուրուագծուին անխուսափելի ցնցումներ՝ տասնամեակներէ ի վեր կուտակուած խնդիրներու անտեսման, հաւանական լուծումներու յետաձգման, միայն օրը փրկելու ուղղեալ խաբուսիկ քայլերու հետեւանքով: Առկայ յորձանուտին մէջ անկազմակերպութիւնը, կամքի պակասն ու ժողովրդագրական վիճակը պատճառ դարձած են անշրջադարձելի տագնապի մը, որու յաղթահարումը կրնայ ըլլալ միայն իրատես հաշուարկներով զօրաշարժի մը միջոցաւ:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026

Իսթանպուլի քրիստոնեաները այս օրերուն ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ կու տան՝ քաղաքիս նախկին Պապական փոխանորդ Լուի Փելաթր արքեպիսկոպոսին, որ յառաջացած տարիքի մէջ կնքած է իր մահկանացուն:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026

Պաքուի եւ Թաշքենթի ղեկավարութիւնները այս շրջանին թափ կու տան՝ Կասպից ծովէ ներս համատեղ նաւատորմ մը ստեղծելու ուղղեալ աշխատանքներուն:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհալ Ալիեւ, որ պետական այցելութիւն մը տուաւ Թաշքենթ, հիւրընկալուեցաւ Էօզպեքիստանի նախագահ Շեւքէթ Միրզոյեւի կողմէ:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026

Երէկ, Փարիզի եւ Ռիատի միջեւ ստորագրուեցան շարք մը համաձայնագրեր, որոնք կը վերաբերին առողջապահութեան, փոխադրութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներէն ներս կողմերու համագործակցութեան զարգացման: 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026

Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ վերջին օրերուն տեղի ունեցան բարձր մակարդակի վրայ բանակցութիւններ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ, Յորդանանի մէջ տեղի ունեցան այդ բանակցութիւնները, որոնց նպատակն էր լարուածութիւնը նուազեցնել Սուրիոյ դէմ Իսրայէլի վերջին յարձակումներէն յետոյ: 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը արդէն ունի նոր գործադիր տնօրէն մը. յանձինն՝ Արամայիս Աւետիսեանի:
Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը քուէարկութեան արդիւնքով գործադիր տնօրէնի պաշտօնը վստահած է Արամայիս Աւետիսեանին, որ ստացած է 22 կողմ ձայն՝ փոխարէնը 0 դէն եւ երկու ձեռնպահ: 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը Ազգային ժողովի ամպիոնէն երէկ ներկայացուց կառավարութեան 2026-2031 շրջանի գործունէութեան ծրագիրը:
Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ այս նախաձեռնութեան շնորհիւ երկիրը պիտի համարկի միջազգային երկաթուղային ցանցին, դարակազմիկ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան տարածաշրջանէն ներս:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026

ERVAB-ի երէկուան ժողովին օրակարգի վրայ եկաւ՝ թրքահայ վարժարաններէ ներս հիւր աշակերտի կարգավիճակով ուսում ստացող տղոց վիճակը։ Ծանօթ է, որ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանէն արտագաղթելով Իսթանպուլ հաստատուած ընտանիքներու դպրոցահասակ զաւակներուն, որոնք հիւր աշակերտի կարգավիճակով կը յաճախեն՝ թրքահայ փոքրամասնական համայնքային դպրոցները։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2026

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Ժան Վալժանին ծանօ՞թ էք։
Այո՛, Վիքթոր Հիւկոյի «Թշուառներ»ու հերոսին մասին է խօսքը։
Դեռեւս նախակրթարանի տարիներէս մէկուն ընթացքին էր, երբ առաջին անգամ ծանօթացայ եւ խորապէս ազդուեցայ հիասքանչօրէն հիւսուած մարդկային այս կերպարով: 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանէն ոչ-հեռու, Դուին գիւղին մէջ՝ պատմական Դուին մայրաքաղաքի տեղին շատ մօտ, իրանահայ Ժորժ Աբրահամեանի հիւրընկալ տունը կարծես ժամանակի եւ սահմաններու վրայ կանգնած փոքրիկ աշխարհ մը ըլլայ՝ մշակոյթի, յիշողութեան ու մարդկային ջերմութեան միահիւսուած անկիւն մը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Այսօր մարդը կրնայ ամբողջ օրը ապրիլ աշխարհի մը մէջ, ուր գրեթէ ամէն ինչ տեսանելի է, բայց ինք՝ անտեսանելի։ Ընկերային ցանցերը մեզի խոստացան մօտիկութիւն, կապ, ներկայութիւն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ընկերութիւնը անհրաժե՛շտ է մարդկային կոչումին իրականացումին համար։ Այս նպատակին հասնելու համար հարկ է, որ յարգուի արդար դասակարգումը «արժէք»ներուն՝ որոնք ֆիզիքական եւ բնազդային տարածքը կ՚ենթարկեն եւ կ՚ենթակարգեն ներքին եւ հոգեւոր տարածքին։ Կեանքը ընկերութեան մէջ նկատի առնուելու է ամէն բանէ առաջ իբրեւ հոգեւոր կարգի իրականութիւն մը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

«Եւ դուն, երէկի սերունդ, ջարդուած սերունդ, կ՚ուրանամ քեզ ալ… Դուք պէտք է որ ջարդուէիք, քանի որ ամէն բան ըրիք ատոր համար։ Կարելի է եւ պէտք է ձեզի գթալ, բայց չեմ կրնար սիրել ձեզ»:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2026

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու եւ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու մէկտեղուեցան կրթական մշակներու հետ։

Էջեր