Արխիւ
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի լողաւազանի համալիրէն ներս, Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որ անցաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ գրատպութեան պատմութիւնը դարերու երկար ճանապարհ անցած է՝ առաջին հայ տպագիր գիրքերէն մինչեւ ժամանակակից հրատարակչութիւն եւ տպագրական նորարարութիւններ։
Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարին ընդառաջ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս արդէն ընթացքի մէջ է ուխտի շաբաթը, որու նախընթացը ձեւաւորուած է վերջին տարիներուն:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Մեքքէի համատեղ պաշտպանութեան համաձայնագիրը թեքնիքապէս կը համապատասխանէ ՆԱԹՕ-ի պայմանագրի հինգերորդ յօդուածին:
Երէկ, Հայաստան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Ատրպէյճան համատեղ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկան՝ 8 օգոստոս 2025 թուականին, Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած խաղաղութեան գագաթաժողովի առաջին տարեդարձին առթիւ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին դատ բացաւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական եկամուտներու կոմիտէին դէմ:
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հիւրընկալեց Աւստրիոյ վարչապետ Քրիստիան Սթոքէրը:
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղարն է, վերջերս դասախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Ուրուկուայի մայրաքաղաքին մէջ:
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռն ալ ի վերջոյ հաստատեց իր աջակցութիւնը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ի նպաստ։ Անխոցելի պահել հայ եկեղեցին։ Վեհափառ Հայրապետի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարձրացուցած ձայնին մէջ յանցագործութիւն որոնելը անտեղի կը նկատուի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երանութիւններ»ը սիրտն են Յիսուսի քարոզութեան։ Անոնց հռչակումը կրկնութիւնն է այն խոստումներուն՝ որոնք տրուած են «ընտրեալ» ժողովուրդին՝ սկսեալ Աբրահամէն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խորհրդային Միութեան տարիներուն նման կոմիտէութեան մը ստեղծումը քիչ մը կրնայ տարօրինակ թուիլ, որովհետեւ բացայայտ կամ անյայտ ձեւերով կոմիտէութիւնը իր աշխատանքով հայրենասիրութիւն եւ հայապահպանութիւն կը քարոզէր։ Կոմիտէի գործունէութիւնը ունէր գաղափարական բնոյթ, ինչ որ շատ անգամ կրնար հակասել Խորհրդային Միութեան սպասումներուն:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Հայաստանի նորագոյն հանրապետութեան կարեւորագոյն տարեդարձներէն մէկը եղաւ օգոստոսի 8-ը: Ի՛նչ խօսք, մեր վարչապետը շնորհաւորեց հանրապետութեան քաղաքացիները եւ ուղերձ մը յղեց անոնց:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Խողովակաշարները երբեմն քաղաքականութեան մասին աւելի շատ կը խօսին՝ քարիւղի բաղդատմամբ. տարածաշրջանային մրցակցութիւններ եւ միջազգային դերակատարներու ազդեցութեան պայքարներ
Երէկ առաւօտ, Գնալը կղզիի «Ճաշ» զբօսարանին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշ մը, որ կազմակերպուած էր Կեդրոնական սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ: Շուրջ 130 հոգի համախմբուեցաւ նախաճաշի սեղաններուն շուրջ՝ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ:
Շաբաթավերջին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց թրքահայ այն երիտասարդները, որոնք այս տարուայ համալսարանի մտից քննութիւններուն արձանագրած են բացառիկ յաջողութիւն: Այսպէս, թիւով 12 յաջող երիտասարդները Գումգաբու փութացին՝ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու համար, արժանացան նաեւ անոր բարձր գնահատանքին:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան պատարագեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոսեկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը: Գոհաբանական Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ՝ ՎոսփորիԱսիական ափի այս գողտրիկ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 250-ամեակին առթիւ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու անդամները կոչ ուղղեցին Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ առաջնորդուիլ բացառապէս օրինականութեան սկզբունքներով:
Հայաստանի 9-րդ գումարման ազգային ժողովի դիւանը ձեւաւորուեցաւ վերջնականօրէն։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կ՚ընթանան դէպի մշտական խաղաղութեան համաձայնագիր:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրումը շաբաթավերջին առիթ դարձաւ բարձր մակարդակի վրայ արձագանգի: