ԻԼԻՒՍԹՐԱԹԷՕՐ ՌՈՊԻՆ ԵԱՅԼԱ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ հիւրընկալեց յայտնի իլիւսթրաթէօր Ռոպին Եայլան, որ վարժարանին նուիրեց իր երկու գործերը։
Ռոպին Եայլա, որ Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտներէն է, «Քատիր Հաս» համալսարանին մէջ ուսանած է արդիւնաբերական արտադրութիւններու ծրագրաւորում, իսկ աւելի վերջ մագիստրոսութեան աստիճան ձեռք բերած է NABA-էն, Իտալիա։ Թուրքիա վերադառնալէ վերջ ան սկսած է գործունէութիւն ծաւալել իր մասնագիտութեան վրայ ու ներկայիս Թուրքիոյ յառաջատար ընկերութիւններուն հետ համագործակցութեան մէջ է։
Երէկուան այցելութիւնը իսկապէս յատկանշական էր՝ քանի ստեղծուեցաւ շատ ոգեւոր մթնոլորտ մը։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան, անդամուհիներէն Լիանա Սահակեան, Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան եւ այլ պատասխանատուներ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Ռոպին Եայլան, որ զրոյցի մըն ալ մասնակցեցաւ աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ։ Ան դիտել տուաւ, որ իր աշխատանոցը կը գտնուի Կեդրոնական վարժարանի հարեւանութեամբ, ուստի, կը ծրագրէ յառաջիկայ շրջանին աւելի անմիջական կապեր ունենալ այս պատմական կրթօճախին հետ։
Ռոպին Եայլայի կողմէ Կեդրոնականին նուիրուած ստեղծագործութիւնները արդէն իրենց տեղը գտան դպրոցէն ներս՝ մինչ Կեդրոնականի ընտանիքին անունով ալ իրենց յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։