ԹԱՂՄԱՆՍ
Հակառակ իմ կամքիս, ես կը քալէի թաղմանս…: Անցնող տարիներուն բոլոր սորված սին քարոզները, հիմա ինծի համար ծիծաղելի օճառի փուչիկներ կը թուին, շա՜տ ծիծաղելի: Մարդը քաջ կ՚ըլլայ, երբ ինք դեռ եւս կարիք չունի քաջ ըլլալու…, սակայն կը փլուզուի, երբ խնդիրը՝ իրակա՛ն խնդիրի կը վերածուի…, երբ կը հարկադրուի հասկնալ քաջութիւնը յանձնուելու իմաստով…, այն իմաստով, որ մարդկային ամէն ինչ մէկ կողմ դնէ եւ բաւարարուի դիտելով եւ ո՛չ թէ գործարդութեամբ…:
Իսկ դուն, մինչեւ սենեակս հասնիլը իմ տանջանքս եւ գլխապտոյտս էիր..., եւ կը զգայի, թէ ինչպէս դուն դուրս կու գայիր կողոսկրներուս արանքէն, մատներուս արանքէն, իսկ ես ի զուր կը խածնէի յոյս մը, որ չէր ուզեր ինծի հետ մնալ…: Քու նախադասութիւնդ կ՚արձագանգէր գլուխիս մէջ, նախադասութիւնդ՝ որ օրին մէկը գրեցիր ինծի. «Եթէ մտածումներդ փոխուին, ես պիտի ձգեմ քեզի… Կարեւորը այն է, որ բաժանում պիտի ըլլայ… Կը հասկնա՞ս դուն այդ սարսափին իմաստը»: Սիրելիս, գլուխս չէ՛ փոխուած, ա՛րիւնս փոխուեցաւ, ամէն ինչ փոխուեցաւ…, եւ կը վախնամ աչքերուդ առջեւ կանգնիլ՝ աղերսելով սէրդ, ինչպէս մէկը, որ թանկարժէք բաներ կորսնցուցած է… Կը վախնամ՝ այս բառին մէջ եղած ո՜ղջ վախկոտութեամբ, նայելու աչքերուդ եւ տեսնելու մերժումի իմաստ՝ կարեկցանքով ընկերակցուած…: Պիտի զգամ, որ ոտքերս կը սահին այն ժայռին վրայէն, որ ամբողջ կեանքս անցուցի իմ ամբողջ զօրութեամբս զայն բարձրանալու…, եւ հովիտը պիտի չկարենայ նոյնիսկ քիչ մը շարունակելու փափաք վերադարձնել ինծի: Գիտե՞ս, թէ ինչ կը նշանակէ, որ երիտասարդ մը յայտնաբերէ, թէ իր դաժան եւ չոր կեանքը ո՛չ այլ ինչ է, քան մաքուր անիմաստութիւն մը: Ապա, կը հասկնաս, թէ ի՞նչ կը նշանակէ, որ սէրը կառուցուի միայն կարեկցանքի սիւներուն վրայ:
Այդ գիշեր ես անզուսպ նաւակի մը մէջ քնացայ՝ պայքարելով անյատակ յորձանուտին մէջ…: Գլուխս լեցուն էր բազմաթիւ զաւեշտութիւններով, որոնք զիրար կը յաջորդէին առանց ո՛չ մէկ կապի…: Ձեւաւորած կարծիքներս կարիք ունին մաքրուելու… Արժէքները՝ զորս պաշտած եմ, պէտք է քանդուին… Երազները՝ որոնք ձեւաւորած եմ կուրծքիս տակ, այլեւս իրաւունք չունիմ անոնց տէր ըլլալու, եւ ամէն ինչ որ անցեալին, ներկայիս ու ապագայիս մէջ կայ՝ ծածկուած են հեղուկութեամբ մը՝ նեխած հոտով…: Ինծի կը թուէր, որ բոլոր արժէքները, որոնք հպարտ մարդը սահմանած է իր կեանքին համար, ոչ այլ ինչ էին քան զառանցանքը գինովի մը, որ կ՚ուզէ մոռնալ…:
Իսկ հիւանդ մարդուն միտքերը, երբ անոր երեւակայութիւնը կը վազվէ, տխուր եւ ուրախ միտքեր են…: Պահ մը ես համոզուեցայ, թէ հազարաւոր ու հազարաւոր մարդոց մէջէն ինծի ինկած ընտրութիւնը՝ անիծեալ քրոնիք հիւանդութեամբ հիւանդանալու, եզակի գնահատումի գործընթաց էր, եւ որ այս հիւանդութիւնը հազուագիւտ մետայլ մըն էր, որ կուրծքս ներսէն կը զարդարէր եւ ես անոր զրնգոցը սիրտիս բաբախին հետ կը լսէի: Բայց ճշմարտութիւնը ուրիշ բան էր: Եւ երբ արթնցայ, ողբերգութիւնը աչքերուս առջեւ՝ մռայլ, սուր, սեւ, կը ձգուէր դէպի աւարտ չունեցող իմ ապագաս, բուրելով անկարողութիւն եւ զրկանք…:
Ինչո՞ւ համար ամէն բանէ աւելի քու մասիդ կը մտածէի: Այնպէս թուեցաւ ինծի, որ ամէն ինչի կարելի է համբերել: Սակայն դուն իմ աղով համեմուած յատուկ տանջանքս էիր…: Ես ո՜ղջ զօրութեամբս կ՚ուզէի բոլոր կերպերով այդ ցանկութիւնը լուծել, որպէսզի կարենայի քեզ ձգել ու փախչիլ…, կամ աւելի ու աւելի կառչիլ քեզի…, սակայն վախւորած վերաբերմունքը, տատանուող վերաբերմունքը անողոքօրէն կը կրծէր գլուխս…:
Մէկ օր վերջ ես որոշումի յանգեցայ…, հիմա, չեմ գիտեր, թէ ինչը զիս դրդեց այս որոշումին. մոռցայ, կամ ըսենք՝ յետագային տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ստիպեցին ինծի մոռնալ…: Սակայն կը յիշեմ այն ինչը, որ միտքիս մէջ էր երբ որոշում կայացուցի, այն է, որ ես պէտք է մէկ անգամ իսկական հերոս ըլլայի…: Ըլլալ անոնցմէ մէկը, որոնց անունները պատմութիւններուն մէջ կը յիշուին, թէ անոնք մեծ քաջութեամբ դիմակայած են իրենց հանդիպած դժուար իրավիճակները եւ դաժանօրէն ապտակած են իրենց ճակատագրերը…: Եւ ես ինծի ըսի. ինչքա՜ն ուրախ եմ, որ որոշումի յանգեցայ. «Ես ճշմարտութիւնը պիտի յայտնեմ անոր, ամբողջ ճշմարտութիւնը…: Եւ ան պիտի իմանայ, թէ ի՜նչ տանջանքներ կրելու պատրաստակամութիւն ունեցած եմ, երբ որոշած եմ ձգել զինք, որպէսզի ան երջանիկ կեանքի մէկ ուրիշ ճամբայ մը փնտռէ: Ան գիտէ, թէ ինչքա՜ն կը սիրեմ զինք…: Եւ եթէ հիմա ան չկարենայ հասկնալ իմ զոհաբերութեանս մեծութիւնը, ապա ապագային պիտի իմանայ: Ամէն պարագայի, զիս չի հետաքրքրեր, որ ան իմանայ կամ չիմանայ, կարեւորը խիղճս քիչ մը պիտի հանգստանայ, եւ կեանքս, որոշ հանգստութիւն ու բաւարարուածութիւն պիտի ունենայ…»:
Սիրելիս, դուն չես գիտեր, թէ ի՜նչ ծանր կշռեց վրաս այս որոշումը…: Ըսենք, թէ ես հիւանդ էի, հիւծուած եւ չէի հասկնար, թէ ի՛նչ կը կատարէի… Ըսենք, թէ ես կ՚ուզէի մինչեւ վիզ խրուիլ ամբարտաւան անհնազանդութեան ցեխին մէջ եւ կ՚ուզէի կորսնցնել բացարձակապէս ամէն ինչ, քանի որ կորսնցուցած էի ամենէն կարեւոր բաները: Ըսենք, որ կ՚ուզէի կուրծքէս պոկել մարող յոյսերուն բոլոր մնացորդները, եւ որ այս ծիծաղելի անհնազանդութիւնը միակ միջոցն էր, որով կրնայ ինքզինքիս ապացուցել՝ թէկուզ ամենէն կարճ ժամկէտի մը համար, թէ տակաւին կը ձգտիմ վարուիլ որպէս մարդ…, որեւէ մէկ մարդու նման…: Ըսենք որեւէ մէկ բան, բայց այն, որ իմ որոշումս վերջնական էր, եւ ամբողջ ճամբու ընթացքին մինչեւ քեզի հասնիլը ես զայն կը սեղմէի կուրծքիս ամբողջ ուժովս եւ կողոսկրերս դաժանօրէն կը բաբախէին, բայց ապարդիւն:
Թէ ինչ պատահեցաւ ետքէն, դուք շատ լաւ գիտէք, ինչպէս մարդը գիտէ մետաղադրամի մէկ կողմը, բայց ընդհանրապէս միւս կողմը չի գիտեր: Եւ ես այդ միւս կողմն էի: Ներքնապէս ես ամբողջ ուժովս կը պայքարէի, որպէսզի կարենայի ըսել քեզի, կամ հառաչել քու առջեւդ…, որոշումիս մասին….: Սակայն, ամէն ինչ կը մերժէր կոկորդիս հասնիլ…: Չէի կրնար կանգնիլ, ինչպէս կը կանգնի ոեւէ մէկ Շէյքսփիրեան հերոս՝ անցեալ դարերու համարձակութեամբ իր ողբերգութիւնը ներկայացնելու համար: Ես անհամբեր կը փնտռէի պատուհան մը, որով կարենայի մտնել, բառ, որուն կառչէի, ինչ որ բան, որուն կարենայի յենիլ, բայց տատանումներուս մէջ ես քեզի հազուագիւտ հնարաւորութիւն տուի, որպէսզի ոչնչացնես ամէն ինչ…:
Դուն ինձմէ աւելի համարձակ էիր խոստովանելու, որ ուրիշ մէկը կայ…, եւ թէ դուն ստիպուած ես ենթարկուիլ այն հնարաւորութիւններուն, ինչ որ ան տուած է քեզի…, որոնք ես չեմ տուած քեզի… Բայց դուն ինծի ըսի՞ր, թէ իրապէս ուրիշ մէկը կայ…: Ո՛չ…, դուն այդ խօսքերը չարտասանեցիր…, դուն զանոնք այնպիսի անկեղծութեամբ մը ըսիր, որ աւելի կոշտ էր քան որեւէ մէկ պարզ բառ…: Ատով ապտակեցիր զիս, նախքան ես կը գտնէի այն բառը, որ կը բռնէր ողբերգութիւնս եւ կը լեցնէր զայն իմ տխուր հիւանդութեան լուրով…: Դուն ամէն ինչ այնպիսի համարձակութեամբ ըսիր, որ կը վայելէ կնոջ մը, որ կը փափաքի հաստատուիլ…: Իսկ երբ դուրռը քեզ անհետացուց, օրերը եւս անհետացուցին քեզ: Եւ դուն գացիր այնտեղ, որ ես չեմ գիտեր, բայց ես կը զգամ…: Այդ պահը տանջեց քեզ, այդ մէկը յստակ է, սակայն ամէն ինչ քովս ձգեցիր, մերկ պատերուն մէջ եւ գացիր…: Սկսայ…, մոռցայ…, եւ դուն երբեք չլսեցիր ինձմէ այն խօսքերը, որոնք ես տնկեցի ինծի մնացած արժանապատուութեամբս. բառերը, որոնք գիշեր առ գիշեր հաւաքեցի հեւքէս…, քաջութենէս…, վախէս…, եւ որ սակայն հնարաւորութիւն չունեցայ ըսելու զանոնք քեզի…:
Ես կը նայէի հին դրան, երբ գոցեցիր զայն…: Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ տակաւին Դամասկոսի մայթերով կը քալէիր եւ ես կը լսէի քայլերուդ ձայնը յստակօրէն: Սակայն ես յատակն էի…, յորձանքին վերջաւորութեան… Անմիջապէս զգացի, թէ ինչ կորսնցուցի…, եւ կորսնցուցի զայն հակառակ իմ կամքիս…: Դուն չես գիտեր, որ վատնեցիր իմ վերջին հնարաւորութիւնս վերականգնելու իմ մարդկութիւնս, որ հիւանդութիւնը մինչեւ վերջ կուլ տուաւ…: Դուն չես գիտեր, թէ ինչքա՜ն զրկեցիր զիս այն միակ միջոցէն, որով ես կ՚ուզէի ինքզինքս համոզել, թէ տակաւին կրնամ քաջ ըլլալ…, եւ ինծի այնպէս թուեցաւ, որ դատարկ պատահականութիւն մըն էր կեանքս, որ ո՛չ մէկ իմաստ ունէր…, եւ թէ աշխարհի բոլոր սխալները իմ վրաս կը հաւաքուին…:
Ինչո՞ւ շտապեցիր խոստովանելու: Ինչո՞ւ: Ինչո՞ւ ինծի իմ յատուկ առիթս չի տուիր, որպէսզի վերջին դերերս խաղամ…: Սակայն դուն չես գիտեր…: Ամէն ինչ շատ արագ պատահեցաւ: Եւ դուն հիմա այնտեղ ես, այգիի մը մէջ, եւ թէ այդ իրաւունքը ունիս, եւ ան ալ ունի, բայց ո՞վ կրնայ կանգնեցնել զիս՝ ատելու երկուքիդ…, բոլորին… եւ ինքզինքիս…: Ո՞վ կրնայ արգիլել ինծի ատել բոլորիդ…, եւ մահ կամենամ բոլորիդ…, եւ ինծի…, եւ ամէն ինչի համար: Արժէքներն ու իտէալնե՞րը: Ո՛չ. ատոնք ձեր արժէքներն ու իտէալներն են…, առողջ եւ երջանիկ մարդոց… իսկ իմ արժէքներս ու իտէալներս ուրիշ բան են…, իւրայատուկ են, տարբեր, որ կը համապատասխանեն դառնութեան կոյտերուն, որոնցմով ես կ՚ապրիմ:
Կը տեսնե՞ս. տարբերութիւնը մէկ վայրկեան էր միայն… Եթէ ուշանայի խոստովանութեանդ մէջ, ապա ամէն ինչ պիտի փոխուէր: Սակայն առիթը կորսուեցաւ հիմա…, եւ դուն սկսար ճիշդ այնտեղէն, ուր ես վերջացայ…
•շար. 2 եւ վերջ
(«12-րդ անկողինին մահը»)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ