Արխիւ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2025

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս առաւօտ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ։ Հարկ է յիշեցնել, որ մօտաւոր անցեալին, երբ տեղի կ՚ունենար նորընտիր քահանայապետի գահակալութեան արարողութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը ակամայ բացակայած էր։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հար­ցում. Վա­խը մար­դուն ի՞նչ կու տայ եւ Աս­տու­ծոյ ա­պա­ւի­նի­լը ի՞նչ կու տայ:
Պա­տաս­խան.
Ա­ռա­կա­ցին մէջ կը կար­դանք. «Վա­խը մար­դը ո­րո­գայ­թի մէջ կը ձգէ, բայց Տի­րոջ ա­պա­ւի­նո­ղը ա­մուր ա­պաս­տա­նա­րան կ՚ու­նե­նայ» (Առ 29.25):

 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2025

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը 2025-2026 կրթական շրջանը դիմաւորեց խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ առաջին զանգը հնչեց հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2025

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը շաբաթավերջին բացաւ նոր եղանակը։ 2025-2026 շրջանը երգչախումբի անդամները ողջունեցին բարձր տրամադրութեամբ եւ արձակուրդի շրջանէ վերջ զիրար վերագտնելու խանդավառութեամբ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2025

Երէկ, Խաչվերացի տօնին առթիւ Սկիւտարի բարձունքին տեղի ունեցան աւանդական կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնք համախմբեցին թրքահայ ազգային-եկեղեցական շրջանակները։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2025

Շաբաթավերջին, Թոփգաբուի ընտանիքը համայնքային շրջանակները հիւրընկալեց՝ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ամրակայուած շէնքի պաշտօնական բացման արարողութեան առթիւ, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2025

Երէկ, Խաչվերացի տօնին առթիւ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ մատոյց օրուան Ս. Պատարագը եւ խօսեցաւ քարոզ մը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2025

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Խաչվերացի տօնին առթիւ առանձնայատուկ հոգեւոր ապրումներ զգալի դարձան՝ մանաւանդ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց արարողութիւններուն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2025

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արագածոտնի թեմէն ներս յատկանշական եւ անմոռանալի համախմբման օր մը: Ներքին Բազմաբերդ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնները փայլուն անցան՝ գլխաւորութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեանի - Էֆրիմ Պաղ պարգեւատրուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2025

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը մեկնի Քաթար, ուր կը մասնակցի Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ Արաբական լիկայ արտահերթ գագաթաժողովին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2025

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումէն անմիջապէս վերջ Թուրքիա արագօրէն պիտի բնականոնացնէ իր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սիրելի՜ներ, ընդհանրապէս կը լսէք, մէկու մը երբ հարցնեն, թէ «ազատ ժամերուն, զբօսանքի պահերուն ի՞նչ կ՚ընէք» եւ կամ «ի՞նչեր են ձեր հաճոյքները», պատասխանը առհասարակ կ՚ըլլայ. «Գիրք կը կարդամ»։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաճառական Պետրոսի համար տղուն սեւամորթ ամերիկացիի հետ ամուսնանալը նեղացուցիչ էր, սակայն ինչպէս միշտ՝ ժամանակը մեղմեց այդ ցաւը եւ ամէն բան դարձաւ բնական:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երբ գիշերը մեղմօրէն կը փաթթէ քաղաքը, երբ անձրեւը մեղմ կաթիլներով կ՚իյնայ պատուհանիս ապակիէն, յաճախ կու գամ ինքզինքս կորսուած գտնել Սթիւտիօ Կիպլիի ժապաւէնի մը մէջ։

 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Վե­րա­մուտ է։
Դպրո­ցա­կան ա­շա­կերտ մը ու­նե­նա­լու կամ չու­նե­նա­լու հետ կապ չու­նի այս ի­րո­ղու­թիւ­նը։

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ։ Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար». (ԳԱՂԱՏ. Զ 14)։

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

​Գիր գրականութիւնը, յօդուածագրութիւնն ու վիպագրութիւնը շատերու համար լոկ բառերու եւ գաղափարներու ամբողջութիւն մը կրնայ թուիլ, սակայն, այդ մէկը գրողի մը համար կրնայ շատ անգամ լքուած հոգիի մը աղաղակները ըլլալ, որ շատ անգամ ընթերցողին համար կրնայ անթափանց մնալ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2025

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

​Առաւելագոյնն ու նուազագոյնը, նաեւ անոնց ձգտման մարդկային յատկանիշութիւնը՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ, տարբեր հասկացողութիւններով առարկաներ են: Շատ մը պարագաներու առաւելապաշտութիւնը կրնայ ըլլալ արդարացի, օրինական ու բարոյական, իսկ ուրիշ պարագաներու ոչ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ձեռքերուս մէջ է Բերիոյ հայոց թեմի բարեջան եւ ժրաջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի թարգմանական մէկ նոր արգասիքը՝ «Հոգեւոր ըմբռնումներ»: Գիրքին հեղինակը Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ բարեյիշատակ հոգեւորականներէն՝ Իուանիս Եպիսկոպոսն է:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իսրայէլ անցեալ երեքշաբթի թիրախաւորեց Քաթարը։ Աւելի ճիշդ է ըսել, որ Իսրայէլ ո՛չ թէ թիրախաւորեց Քաթարը, այլ Տոհա մեկնած «Համաս»ի բանակցութիւններու պատուիրակութեան գտնուած վայրը։

Էջեր