ՇԷՅՊԱՆԻ ԱՄՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանի կը պատրաստուի այցելել Ուաշինկթըն։ Ան այս շաբթուան մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ ամերիկացի օրէնսդիրներու հետ՝ քննարկելու համար Սուրիոյ դէմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ սահմանուած վերջին պատժամիջոցներու վերացման վերաբերեալ հարցեր։ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած է նաեւ Էսատ Շէյպանիի հանդիպումը՝ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի հետ։ 

Ըստ ամերիկեան կողմի հաղորդումներուն՝ եթէ Սուրիա պաշտօնապէս յայտարարէ Իսրայէլի հետ անվտանգային հարցերու շուրջ համաձայնութեան ուղղութեամբ շարժուելու մասին, ապա ամերիկեան կողմի վերաբերմունքին մէջ կրնան ըլլալ դրական տեղաշարժեր։

«Ռէօյթըրզ»ի հաղորդումներով, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութիւնը տակաւին որեւէ մեկնաբանութիւնով հանդէս եկած չէ Էսատ Շէյպանիի մօտալուտ այցելութեան կապակցութեամբ։ 

Հարկ է նշել, որ  վերջին քսանհինգ տարուան ընթացքին առաջին անգամ Սուրիայէն արտաքին գործոց նախարար մը պիտի այցելէ Ուաշինկթըն։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2025