Արխիւ
Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ունի Ռուսաստանի եւ իր երկրին միջեւ առկայ պատերազմը դադրեցնելու քանի մը ծրագիր։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Հայաստանի կեդրոնի դահլիճի երդիքին տակ աննախընթաց ձեռնարկ:
Մեներգչուհի Սիպիլի երաժշտութիւնը նոր հարթութեան վրայ՝ տեսահոլովակի մէջ մեծն Կոմիտասի հետ խորհրդանշական զուգերգով:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը խոր ցաւով գուժեց մահը՝ երէց սերունդի հոգեւորականաց դասէն Տ. Սիփան աւ. քհնյ. Մխսեանի։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Տ. Եզրաս արք. Ներսիսեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց՝ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի հետ։ Ծանօթ է, որ նախօրէին Մերց Պերլինի մէջ հիւրընկալած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։
Հայագիտութեան միջազգային երրորդ քոնկրէսը տեղի կ՚ունենայ Երեւանի մէջ, Մատենադարանի յարկին տակ, ձօնուած Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակին:
Աշխարհի տասնվեց երկիրներէ յառաջատար համալսարաններու եւ գիտական հաստատութիւններու մասնագէտներ համախմբուած՝ հայագիտութեան ոլորտի փոխակերպումները տեսանելի դարձնելու, բարձր իրազեկութիւն ապահովելու նպատակով: Հայկական մտքի նոր աշխարհագրութիւն՝ աշխարհին ընդառաջ երթալու, ինքնընդլայնման եւ ներթափանցման վճիռ:
Այսօր, Մանիլայի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը։ Անոնք Մանիլայի մէջ կը գտնուին՝ Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան բարձր մակարդակի ձեռնարկներու շրջանակներէն ներս։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամէն տարի, յուլիսի երրորդ շաբթուան ընթացքին Անգլիոյ Թայմս գետը կը վերածուի վառ գոյներով հարուստ թատերաբեմի:
Թագաւորի գլխաւոր կարապներու հաշւող Տէյվիտ Պարպըրի գլխաւորութեամբ, աւանդական փայտեայ նաւակներով զգեստաւորուած խումբերը դուրս կու գան 79 մղոննոց (շուրջ 127 քիլոմեթր) երթուղիի մը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, 12 յուլիս 2026-ին, հանդիսաւոր կերպով նշեց իր հինգ տաղաւար տօներէն երրորդը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան կամ Այլակերպութեան սրբազան տօնը։ Այս հրաշափառ դէպքին մասին կը կարդանք Մատթէոսի Աւետարանին (17.1-9), Մարկոսի Աւետարանին (9.2-10) եւ Ղուկասի Աւետարանին (9.28-36) մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ուղիղ գործելու համար, չի՛ բաւեր «լաւ դատել» կամ մեր ընելիքը յստակօրէն գիտնալ, եթէ նոյնիսկ ասիկա առաջնահերթ ըլլայ։ Շատ անգամ, մենք անտրամաբանական ենք մեր համոզումներուն հետ, նոյնիսկ եթէ անոնք ամո՛ւր են։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ալտըս Հաքսլի կը հաւատայ, որ աշխարհ լուրջ պայքար կը մղէ, որպէսզի մարդ պարտաւորուած սիրէ այն բոլորը, որ իր կամքէն անկախ կը կատարէ։ Այսինքն այն աշխատանք կամ արարքը, որ ընկերութեան համոզումներուն գոհացում տալու պատճառով կ՚ընէ, ունենայ այն համոզումը, որ սիրելով կ՚ընէ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Արթուն Էօզպիւլպիւլ այս տարի աւարտած է համալսարանը:
Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ՝ նորոգ հանգուցեալ Մաթիլտ Մոսկոֆեանի յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը։ Յուղարկաւորները յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ հրաժեշտ տուին նորոգ հանգուցեալ Մաթիլտ Մոսկոֆեանին, որ մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն մին էր։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Պատկերացուցէք, որ 1933 թուականին, երբ Գերմանիոյ մէջ նացիները իշխանութեան գլուխ եկան, խորհրդարականութիւնը, կուսակցութիւնները եւ ազատ մամուլը արգիլուէին ո՛չ թէ մի քանի ամսուայ ընթացքին (իրականութեան մէջ գործընթացը տեւած է յունուարէն մինչեւ հոկտեմբեր), այլ սա տեւէր 2-3 տարի:
Երեւանի մէջ, վերջերս բացառիկ համերգով մը հանդէս եկաւ՝ աշխարհահռչակ շեփորահար Իպրահիմ Մալուֆ: «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնի օրերուն, Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս երաժշտահանդէսը, որու մասնակցիները անբացատրելի ապրումներ ունեցան:
Հայաստանի թղթատարութեան ընկերութիւնը՝ «Հայփոստ»ը վերջերս թողարկեց դրոշմաթուղթ մը, որ ձօնուած է անմոռանալի լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին։
Անգլիոյ նոր նախարարաց խորհուրդը ձեւաւորուեցաւ՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Էնտի Պէօռնհըմի:
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը վստահուած՝ Բանուորական կուսակցութեան նախկին ղեկավարներէն Էտուըրտ Միլիպենտին:
Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի նախագահներու հանդիպումը՝ Սպիտակ տան երդիքին տակ:
Թրամփ Աունի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնեց «Հիզպուլլահ»ի ղեկավարներուն հետ խօսելու համար:
Գերմանիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուեցաւ ռազմավարական համագործակցութեան հռչակագիր մը:
Հարաւային Կովկասի խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը անհրաժեշտութիւն. տարածաշրջանի նշանակութիւնը կ՚աճի: