ԱՅՍ ԵՂԱՆԱԿԻ ԿՈՒՏԱՏՈՒԿԻՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ

Աշնան կը սկսին զանազան ուտեստեղէններու մթերման գործողութիւնները՝ չորացումէն, համեմումէն մինչեւ ծրարաւորում: Ուտելիքը այսօր եւ միշտ մարդկային ամենամեծ ոգեղինական զբաղումներէն մէկն է, անոր նիւթական ու սննդային յատկութեան ու դերի կողքին: Ուտելիքին հետ կայ խորացուած ու մարդակերտուած մշակութաբանութիւն մը, որ բնական ու տիեզերական շունչ ալ ունի, ինչքան ալ սնանումն ու փոխսպառումը եւ ընդհանուր սպառման ու հատուցման բնութեան շղթան փորձէ արդարանալ կամ մարդկութիւնն ու գոյութենականութիւնը բարոյականացնէ զայն:

Մի քանի օրէ ի վեր գործի վրայ է մայրիկս, որ իմ ամենասիրած ուտելիքներէս մէկուն՝ հիմնական բաղադրամասերէն մէկը սկսաւ չորցնել: Անոր անունն է կուտատուկ (պամիա): Կուտատուկը, ինչպէս ամէն բոյս եւ ուտեստ, ունի իր պատմագրութիւնն ու ոգին, իր խնդրականութիւնն ու համովութիւնը: Երբ մայրս կուտատուկները շարեց պատշգամի սեղանին վրայ չորցնելու գործին ի սիրոյն, ես անվերջաբար ու վայրկենաշունչ տեսայ աշխարհագրութիւնը ըլլալուն ու սնունդին․ ինծի համար համեղագոյններէն համարուած այս բոյսով:

 Ամենակեանքոտ բաներէն կը տեսնէի փռուած ու չորացման ենթարկուող կուտատուկները: Անոնք կը գծէին ազգային ու համամարդկային պատմութիւններէս արարներ, կը ստեղծէին ողբերգացնծութեանս կամ ցնծաողբերգացութեանս առաքելութիւնները, կը սահմանագծէին ապագաներ, կը տիրականացնէին բուսականութեան ու մսակերութեան եւ ընդհանուր կերակրումի ընթացքներն ու սլացումները՝ մարդոց ու առանց մարդոց: 

Մայրս յուզուած կ՚երեւէր, բայց իր տարերքին մէջ էր։ Սնանումը մայրական վեհագոյն առաքելութիւններէն մէկն է, նաեւ զայն մարմնացնելը. կը զգամ, որ մօրս համար միշտ բարձրագոյն հաճոյքներէն մին է: 

Ես անօթի՞ եմ կամ կո՞ւշտ,
կերակուրացո՞ւած է կեանքս կամ ո՛չ,
պիտի բնաւ չընկրկի՞մ սննդափիլիսոփայութեամբ,
կարծեմ այս բոլորը հարցեր էին մօրս մտքին ու խղճմտանքին մէջ:

Ի վերջոյ բնութիւնը մայր է եւ բոլոր մարդկութիւնը պիտի սնանէ եւ քանի մենք տիեզերքի արդիւնք ենք եւ գոյաշարուած ու բազմացած ենք ուտելով ալ, ուրեմն մենք մեզ համոզած եւ արդար համարեցնող սնունդ մը ունինք առնելիք աշխարհէն ու տիեզերքէն ու մեր մայրերը հոն են, ուր գոյութիւնը կուտատուկները կը վերածէ ամենահամով ճաշերու: Կուտատուկով բրինձ թանով ու պղպեղով, փափուկ (թել-թել) միսով ու լոլիկի ջուրով ու ծեծուած սխտորով, ինծի համար հրաշալի է ու մայրս ալ շատ կ՚ուրախանայ, երբ մեծ ախորժակով կ՚ուտեմ զայն: Արդէն իսկ ամենօրեայ նորարար ուսումնասիրութիւններ կը կարդայ ուտելիքներու սննդառատութեան մասին եւ ուրախալիօրէն նշմարած է, որ կուտատուկը անոնց շարքին է:

Ճաշատեսակները մշակոյթ են ու մարդոց մարդկաբանական տենդ։ Ես հայ եմ ու մեր խոհանոցով հպարտ, թէեւ ինչքան ալ մրցակցութիւններ ըլլան, բնականաբար, մայրիկիս պատրաստածները անգերազանցելի կը տեսնեմ:

Ցանկը երկար է նախընտրութիւններուս ու կրնամ ինչպէս ամէն մարդ՝ քիմքիս ու ընկալումներուս մասին յուզումնախառն ուսումնասիրութիւններ գրել, նաեւ ինչքան գրենք, աւելի կը յայտնաբերենք:

Քիմքն ու համովութիւնը (առանց որկրամոլութեան) մեզի թեւեր կու տան այսպէս կամ այնպէս, մեր եսականութիւնը կը փայփայեն ու կը տարածեն անձնական ապրուածութեան ու ըլլալու խտութիւն մը, ուր վիճակային ձեւով կը փորձենք նոյն մեր զգացած համն ու համեմունքը տարածել մարդկային մշակութաբանութեամբ մը, որ առինքնող է ու վեհ: Սպառումը մեծ է, այո, իսկ մենք՝ մարդիկս ինչքան ուտենք, այնքան կը խղճմտանանանք, քանի կը զգանք հաւանաբար տեղ մը, որ ուռճացումը պիտի տանի տիեզերքի յայտնաբերման ու ձեւով մը ներխուժման ուրիշ համաստեղութիւններ ու տարածքներ, իսկ այդ արդար չէ գոյութենաբար:

Մենք կոչուած ենք ըլլալու գոյածին ու արդար, մեղմաբար այդ է մեր բարձրագոյն կոչումներէն մէկը, անկախ ասուածականութեան:

Սնուեցա՞ր այսօր, ոչ թէ քիմքագործման համար, այլ պարզ էնէրճիի: 

Համտեսեցի՞ր այսօր հին բաներ՝ որոնք մոռցած էիր, կամ նոր բաներ՝ որոնք թելադրելի են:

Թարմ կուտատուկը խենթանալիք է, իսկ չորցուած տաբերակը նորէն շատ լաւ, քանի կարօտցած կ՚ըլլաս զայն ձմրան: Ինքնին ամբարումն ու ապագային ոգեղէն ու քիմքային համտեսումը արարիչ է ու յաւերժակերտ:

Վաղը կայ ուտելիք ու պիտի անցնինք գործի, վաղը մենք կանք մեր ուտելիքով ու չորցուող կուտատուկը մեծ աւետումներէն, կենարարութիւններէն ու համերէն մէկն է, զոր կը պատրաստէ մայրս՝ ուրախութեան ու հրճուանքի նախահաղորդութիւնով: Հաղորդութիւններ ապագայի կայացումներուն համար, իսկ կուտատուկն ու միւս չորցուող ուտելիքները նաեւ հոն կը տանին:

Սնուինք բոլորս միասին, թող չըլլան անօթիներ այժմ եւ միշտ, այդ է մեր փափաքն ու աղօթքը:

Սնուիլ ու սնանիլ համի ոգիին վեհութիւնը, անով ըլլալ աւելի մարդացած, հոգատար եւ օգնող։ 

Մարիկիս չորցուող կուտատուկները նաեւ այդ կ՚ըսէին:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2026