Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը պատմուի, թէ երկու հոգի՝ մէկը հաւատացեալ իսկ միւսը անհաւատ, միասին ինքնաշարժով կը ճամբորդէին։ Երբ քաղաքի մը աղքատիկ մէկ թաղէն կ՚անցնէին. Աստուծոյ գոյութեան չհաւատացողը՝ որ սափրիչ մըն էր, կ՚ըսէ. «Եթէ ձեր ըսածին պէս սիրող Աստուած մը գոյութիւն ունի, ուրեմն ինչպէ՞ս կը թոյլատրէ Ան այսքան թշուառութիւն, անբարոյականութիւն, աղտոտութիւն, ցաւ, վիշտ, տառապանք, բռնութիւն… մարդոց մէջ։ Ինչո՛ւ մեզ չ՚ազատեր այս ամենէն»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհի երեսին եղած են մտաւորականներ, որոնք փորձած են մարդոց համոզել, որ այլասերումն ու յառաջընթացը իրարու հակառակ ու տարբեր երեւոյթներ չեն. անոնք նոյն գործընթացին երկու տարբեր կողմերն են, որովհետեւ մարդկութիւնը ինչքան ալ ուզէ աւելիով նուաճել, ստեղծել ու ապահովել, այնքան աւելի կը վտանգուի իր գոյութիւնը՝ որուն համար յաւելեալ մտածումի ու պայքարի կը մղուի:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ-Իրան դիմակայութեան մէջ Չինաստանին կրնա՞յ դեր մը վիճակիլ՝ որպէս միջնորդ:
Փեքին կը ջանայ ապահովել, որ Ուաշինկթըն եւ Թեհրան վերադառնան՝ Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագրի շրջանակին:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Բանաստեղծ, գրող եւ խմբագիր Զարեհ Գազազեան ծնած է 1883 թուականի մարտի 1-ին, Իզմիր:
Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Մեսրոպեան վարժարանէն ներս, ապա յաճախած է տեղւոյն ամերիկեան եւ ֆրանսական քոլէճները:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
3 հոկտեմբերին կը լրանայ մահուան 100-ամեակը արեւմտահայ մեծանուն գրող ու երգիծաբան Երուանդ Օտեանի (Պոլիս, 19 սեպտեմբեր 1869 - Գահիրէ, 3 հոկտեմբեր 1926):
Արուեստագէտ սերունդի ականաւոր վիպագիրներէն: Դասական հմտութեամբ մեր մտաւորական մեծագոյն ուժերէն մէկը, որուն գործերը՝ ժամանակակից բարքերու ընդմէջէն կասկածի տակ կ՚առնեն ու կը խարազանեն մարդոց ուռուցիկ «արժէքներ»ն ու «առաքինութիւններ»ը՝ հասնելով երբեմն ծայրայեղ փափկանկատութիւններու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուծոյ առաջին պատուիրանը կը դատապարտէ անկրօնութեան գլխաւոր մեղքերը. խօսքով կամ գործով Աստուած փորձելու արարքը, սրբապղծութիւնը եւ սիմոնականութիւնը։ Սիմոնականութիւնը (ԳՈՐԾՔ. Ը 9-24) կը սահմանուի իբրեւ գնումը կամ վաճառքը հոգեւոր իրականութիւններու։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շահան Նաթալի, որպէսզի աւելիով փաստէ հայ եկեղեցականներուն մեղապարտ կեանքը, կ՚որոշէ առանց անուն տալու խօսիլ հայ եկեղեցականի մը մասին, որ եղած է Արմաշական վարդապետ մը, յետոյ Արաբկիրի առաջնորդ, ապա Ատանայի առաջնորդ եպիսկոպոս եւ ետքը դարձած է թափառաշրջիկ մը՝ Եգիպտոսէն Կովկաս, Փարիզ, Լիվըրփուլ եւ ապա Պոսթոն:
Ատրպէյճանի բանակի զինուորներէն Նասիմի Ռահիմօղլու Մուսայեւ կալանաւորուեցաւ երկու ամիս ժամկէտով։ Ան նախընթաց օր ապօրինի կերպով հատած էր Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը եւ Սիւնիքի մարզէն ներս սահմանամերձ գիւղի մը մէջ վիրաւորած էր կին մը եւ իր երկու զաւակները։
Նիւ Եորքի առաջնորդարանի երդիքին տակ սիրալիր զրոյց սրբազանին եւ հայր սուրբին միջեւ:
Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան վաղը պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ:
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Արժանթինէն Հայաստան մեկնած պատուիրակութիւն մը, որու կազմին մէջ կը գտնուէին երկրի ծերակոյտի անդամներ եւ քաղաքական գործիչներ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան եւ թաղի հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Սարգիս աւ. քհնյ. Գույումճեան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց «Յոյս» միութեան ներկայացուցիչները՝ ուղեկցութեամբ Մայր Գայիանէ Տուլքատիրեանի։ Մարդասիրական զգայնութիւններու հետամուտ շարժումէ մը ծնունդ առած այս միութիւնը գործունէութիւնը կը կեդրոնացնէ՝ յատուկ խնամքի կարօտ անձերու եւ անոնց ընտանիքներու աջակցութեան վրայ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի այնքան սիրուած եւ յարգուած դէմքերէն Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլու, որու կորուստը ստեղծած է մեծ ցաւ։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Առտու է նորէն տարբեր տեղեր երկիր մոլորակի վրայ ու կ՚արթննան մարդիկ նայելով երկնին, գետնին ու հայելիներուն: Աւետում սպասե՞լ կամ ոչ, ըլլալ ստուգուա՞ծ տիեզերքով ու ոգեղինականութեամբ, ընդունի՞լ ժամահարումը, մաղե՞լ հոգին մարմնէն կամ մարմինը հոգիէն ու հազարումէկ հարցումներ՝ մտային ու հոգեկան մտորախմորումներ կ՚այցելեն տունէն դուրս չեկած ու օրը չսկսած:
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստը՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս գումարուեցաւ ժողովը, որու աւարտին հրապարակուեցաւ զեկոյց մը՝ ութ կէտերէ բաղկացեալ։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ ժամը՝ 14.15-ի սահմաններուն, Սիւնիքի մարզի Շաքի գիւղ մուտք գործած է Ատրպէյճանի զինծառայողներէն մին։ Այս վերջինը կրակած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի 39-ամեայ կնոջ մը վրայ՝ ներկայութեամբ իր երեք զաւակներուն։
Երէկ, Երուսաղէմի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ աւագ հիւպատոս Ալեքսիս լը Քուր Կրանտմեզոն այցելեց հայոց վանքը։ Ան նոր առաքելութիւնը ստանձնելէ վերջ առաջին անգամ այցելեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ մեր համայնքի երէց սերունդի ազնուական եւ համատարած յարգանքի ու համակրանքի արժանացած դէմքերէն՝
ՏԻԿԻՆ
ՍԻՐՎԱՐԴ ՏԱՏԵԱՆ ԽԱՉԻԿԵԱՆ
կնքած է իր մահկանացուն՝ խոր սուգի մատնելով իր հարազատներն ու համայն բարեկամական շրջանակը։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Եւ դարձեալ գիշերային խաղաղութեան մէջ Ս. Ներսէս ճեմարանի Ս. Յակոբ մատուռը կը պատրաստուի աղօթքի։ Աշխարհի աղմուկը կարծես աստիճանաբար կը հեռանայ, ձայները կը մարին եւ անտեսանելի խաղաղութիւն մը կը տիրէ հոգեւոր այս սուրբ վայրին մէջ։
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Կիրակի, սեպտեմբերի 27-ին, Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ՝ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանի հրաւէրով, մասնակցեցայ Շիքակոյի Էվանսթըն քաղաքի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։ Օրուան պատարագիչը Մեսրոպ Սրբազանն էր, որ նոյն առիթով սարկաւագ ձեռնադրեց երկու ամերիկահայ երիտասարդներ։