ԵԴՈՒԱՐԴ ԳՕԼԱՆՃԵԱՆ (1880 - 1957)
Բանաստեղծ, մտաւորական, ուսուցիչ եւ թարգմանիչ Եդուարդ Գօլանճեան ծնած է Սկիւտար, Պոլիս, 1880 թուականի նոյեմբերի 9-ին: Ուսանած է Սկիւտարի Պէրպէրեան վարժարանէն ներս, ուրկէ ալ շրջանաւարտ եղած է:
Եդուարդ Գօլանճեանի գրութիւններն ու բանաստեղծութիւնները ուշադրութեան եւ գնահատանքի արժանացած են Ռեթէոս Պէրպէրեանէն, Տիրան Չրաքեանէն, Եղիա Տէմիրճիպաշեանէն եւ այլ գրողներէ:
Աշխատակցած է Պոլսյո օրաթերթերուն եւ պարբերականներուն. ինչպէս՝ «Սուրհանդակ», «Ոստան», «Հանրագիտակ», «Արեւելք», «Ծաղիկ», «Բիւզանդիոն», «Մասիս», «Փունջ» եւ այլն, իսկ Իզմիրի «Հայ գրականութիւն» եւ Ամերիկայի «Արագած» պարբերականներուն: Նաեւ աշխատակցած է Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյցը» եւ «Նաւասարդ» տարեգիրքերուն: Գրած է նաեւ ֆրանսերէնով եւ աշխատակցած է Պոլսոյ մէջ ֆրանսերէնով հրատարակուող «Սթամպուլ» եւ «Լէվանթ Հերալտ» օրաթերթերուն: Ֆրանսերէնի թարգմանած է Ռուբէն Զարդարեանի «Ցայգալոյս» հատորը:
1900-ականներու սկիզբները Պոլսոյ մէջ հրատարակած է իր բանաստեղծութիւններուն առաջին հատորը՝ «Արեւելքի բոցեր»:
«Լոյս» շաբաթաթերթին եւ «Ոստան» պարբերաթերթին մէջ երկար ուսումնասիրութիւններ եւ թարգմանութիւններ ունի Մաքս Նորտաուի, Ֆրիտրիխ Նիցչէի, Սփենսըրի, Ժէռար տը Նէրվալի, Վերհառնի, Թոլսթոյի, Թուրկէնիեւի, Ֆելիքս լը Տանթէքի, Մեչնիքովի, Պետրոս Դուրեանի եւ այլոց մասին: Ունի շատ մը անտիպ բանաստեղծութիւններ հայերէն եւ ֆրանսերէն, ինչպէս եւ թատերախաղեր:
Օգտագործած է Վ. Մելքոնեան, Աոկլէպիոս, Ոլէանտր եւ այլ ծածկանուն-գրչանուններ:
1922-ին տեղափոխուած է Պուքրէշ, Ռումանիա, ուր զբաղուած է ուսուցչութեամբ եւ աշխատակցած է սփիւռքահայ մամուլին: Մահացած է 1957 թուականի յունիսի 12-ին, Պուքրէշի մէջ:
*
ՔԱՂՑՐՈՒԹԻՒՆ
Մինարէներուն սարերն եւ իրեր
Կը տաքնան ոսկի նշոյլով անհատնում.
Իրիկունն աղու կը թափէ քրքում
Նոճերուն մէջ սեւ որ կ՚ամպանան վեր:
Ոսկի՜ թեւճակի նաւորդներն են տէր…:
Ծիրանիին մէջ գաղջ ու անպատում
Կը թաթխէ՛ Ֆաքիրն իր հացը տրտում:
Պահն է ուր Սիրտն ու Աշխարհ չե՛ն տարբեր…:
Եւ կը բռնկի՜ հորզիոնը դեռ:
Կարծես դեռ ունին թռչող եզաններ՝
Զիրենք հագագող բոցն այերին խոր…:
Սի՛րտ, հորիզոնին շառայլքն հեռաւոր
Ա՜յնքան գողտր, այնքան աղու կը նային,
Որ կարծես յիշուա՜ծ ես ծոցն Անհունին…
(«Արեւելքի բոցեր», Կ. Պոլիս, 1909, էջ 26)
*
ԱՆՏԱՌԻ ՎԱՅԵԼՔ
Կ՚ուզէի որ կորսուէի անտառին ծոց,
Ո՛չ մէկ դարու զաւակն եղած, անծանօթ բոց.
Կորսուելու հեշտանքիս մէջ՝ խայտացընոր,
Յանկա՜րծ անշարժ՝ արմատներուն հետ դարաւոր:
Ես անտառին համակրութեան ոգին անխոց,
Եւ նոյնութիւնն իր տարրերուն մռնչահոծ.
Աւիշէս զատ չճանչնայ ո՛չ մէկ ուժ նոր,
Զայրոյթէս զատ՝ ո՛չ մէկ Աստուած կամ մահ հզօր:
Չունենայի՛ բնաւ գաղափարը Վախճանին,
Բիւր աշուններ հերացըս մէջ լոկ կը ժպտէին…:
Իսկ եթէ գար ձանձրոյթն օր մը, թունեղ քրտամբ։
Եւ միակերպ կեանքէս անդին՝ Աստուած մ՚ուզէր,-
Արմատներէս փոթորիկներ հանէի՛ բամբ,
Խորտակէի՛ ես իմ շունչովս Ուժիս ծառեր:
(«Արեւելքի Բոցեր», Կ. Պոլիս, 1909, էջ 33)
*
ՊԷՅՔԶՕԻ ԱՂԲԻՒՐԻՆ
Մեծ շուքերուն տակ քու հին սիւներուդ,
Դեռ կը հոսի՜ս դուն, ո՛վ աղբիւր շքեղ.
Եւ դեռ թրքուհին շիկնոտ վարդագեղ
Կ՚երկարէ սափորն հոսանքիդ եռուտ:
Կը մաշին ճակտիդ վեհ ու մութ,
Մարմարն է վազքիդ տակ հիւծուած բիւրեղ,
Չկա՛ն կոսյերն որ կուգային այդտեղ,
Եւ դուն կը հոսիս դեռ անխոնջ ու զուտ:
Ետիդ թողած փառքն անտառաց հզօր,
Անոնց խաւարէն ի՞նչ կը բերես դուն,
Ի՞նչ՝ փափկակեաց այլ անգութ նենգ մարդուն:
Պէյքօզ ունի լոկ մէ՛կ տօն, մէկ ժխոր,
Այն դո՛ւն ես աղբիւր որ կը մնջես յար.
«Խմեցէ՛ք Օրէնքն եւ դարձէ՛ք անտառ»։
(«Արեւելքի Բոցեր», Կ. Պոլիս, 1909, էջ 53)
*
ԲՈԼՈՐ ՄՏԱԾՈՒՄԸ
Ընկողմաներ եմ, աչքերըս կիսափակ.
Կէս-գիշեր է: Խաւարին մէջ ոխերիմ
Բուրգն է հալեր գըրատունիս մտերիմ.
Եւ յուշի կայծ մ՚ալ չի՛ պարեր մտքիս տակ:
Դարեր բոլոր, իտէալներ բովանդակ
Ալ կը նիրհեն գիրքերուս ծոց-թուղթ-շիրիմ-,
Ա՛լ չկայ բան մ՚որով զգամ որ կ՚այրիմ.
Տզրո՜ւկ մ՚է միտքն որ ծծեր է զիս անյագ:
Աշխատութի՜ւն Անծանօթին ոտքն, իսպա՜ռ,
Ծով մը մելան ու դաշտ մը թուղթ անհատնում
Չե՞ն աւարներն այս անդորրին սա՛ռ տրտո՛ւմ:
Բայց, յանկա՛րծ, ի՜նչպէս չգիտեմ, կ՚իյնայ վար
Գիրք մը, շփոթ՝ անդրաշխարհի ժխորով,
-Ծանրութեա՜մբը բոլոր Մտածման մեր խռով…
(«Հայ գրականութիւն», հանդէս ամսօրեայ, գրական, գիտական եւ գեղարուեստական, Ա. տարի, 1/14 մարտ 1912, թիւ 9, Զմիւռնիա, էջ 11)
*
ԻՄ ԿԻԹԱՌՍ
Իմ կիթառս գանկ մըն է,
Թելերն են մազեր զոհի.
Երգս արիւնի վանկ մըն է
Որ կ՚այրէ ու կը սահի:
Իմ կիթառս ձեռք մըն է,
Թելերն են մատներ վըտիտ.
Երգս աշխատանքի վէրք մըն է
Որ կ՚ըմպէ այգը վըճիտ:
Իմ կիթառս լանջ մըն է,
Թելերն՝ իր կողք մետաքսէ.
Երգս ահաւոր կանչ մըն է
Որ անդունդը կը սարսէ:
Իմ կիթառս է զոհանտառ,
Թելերն են Ցեղիս խաչեր…
Ե՛րգ իմ, գոռա՛ անդադար՝
Քանի խաչէն ես իջեր։
(Թէոդիկ, «Ամէնուն տարեցոյցը», ԺԹ. տարի, 1925, Վիեննա, էջ 101)
*
ԱՔՍՈՐՈՒԱԾ ՍԷՐ
Ա՜հ, սէրս աքսորել ուզեցին սրտէս.
Կրնա՞ն ովկէանէն բաժնել կապոյտն ալ,
Խաչին թեւերէն՝ խորհուրդը ծալ-ծալ,
Մամուռը՝ քարէն ու երգն ալ շուրթէս:
Ա՜հ, սիրտըս ամուր քարի տակ դրին.
Կրնա՞ն խեղդել թռիչքը ծիածանին
Որ կը միացնէ անդունդն ու երկին,
Զի լացի՛ս մէջ ալ ծիածաններ կ՚այրին:
Թողեր են աշուղ Գօլանն՝ անումէկ,
Ա՜խ, չեն գիտեր թէ սէրը զոյգը թեւով
Կը սաւառնի վեր,- մէյ մ՚իմ մահուամբ խռով,
Մէյ մ՚ալ մահուամբը սիրականիս հէք։
(Թէոդիկ, «Ամէնուն տարեցոյցը», ԺԹ. տարի, 1925, Վիեննա, էջ 102)
*
ԶԱՌԻՎԵՐԻՆ ԱՂԲԻՒՐԸ
Քայլ մըն ալ դեռ, քայլ մըն ալ վե՛ր, ծերունի՛,
Ու կը հասնիս աղբիւրներուն աղբիւրին.
Հորիզոնը մի՛շտ աւելի կ՚ընդլայնի.
Ահա՛ մինակ ես կարկաչին հետ խորին:
Ահա՛ ճակատն այն աղբիւրին վեհունի.
Մամուռն ու շաղն հոն գրած են կեանքը վերին.
Ահա՛ զուլալ կուսական ջուրն արփենի,
Ալիքն է այն անմահութեան սարսուռին…:
Ծռթորն այծին, մարիամ-խոտերն եղնիկին
Խունկ կը բուրեն. Խաղաղութեան մեծ երգին
Կարկաչին մեջ նըւաղեր է ամէն ինչ…:
Վերջին լուացումդ հո՛ս ըլլայ. դո՛ւն ալ անծիր
Ժայռէն բղխած լուսալիքին համար ջինջ՝
Կիրքերու բոյն՝ ծըխա՛ քու եսդ ու շիջի՛ր։
(«Ոստան», եռամսեայ մեծ պարբերագիր, արուեստներու, գրականութեանց եւ գիտութեանց, Ա. տարի, թիւ 2, 1 ապրիլ 1911, էջ 330):
*
Մտաւորական Տիգրան Ելքենճեանի յուղարկաւորութեան օրը, Բերայի Ս. Երրոդութիւն եկեղեցիին մէջ խօսած է դամբանական մը (18 յունիս 1909), որու մէջ ի միջի այլոց կ՚ըսէ.
Կը յիշե՞ս, ո՛ Վարպետ, կը յիշե՞ս այն առաւօտն, երբ այցելած էի քեզի. արծաթեայ ափսէներ, ոսկեդրուագ բաժակներ ու թանկագին մանր առարկաներ բոլորտիքդ կը շողային եւ խանութիդ մէջ ամենէն չնչին առարկան իսկ միացած կը գտնէի անխարդախ նայուածքիդ, անբիծ հոգիիդ ու հայ արծաթեայ լեզուիդ հետ. այս միութիւնը շեշտեցի քեզի՝ կցկտուր բառերով, վախնալով որ չկարենամ լաւ արտայայտել հիացումս. դուն լուրջ ժպիտով մը նայեցար ինծի, խանութիդ թանկագին ներքը հոգիէդ առ յաւէտ չէզոքած տեսնողի մեծ պաղած աչքերովդ նայեցար ինծի՝ ջախջախիչ հանդարտութեամբ եւ անձնուրաց վճռականութեամբ. «Նի՛ւթ անարգ» բացագանչեցիր, շողարձակ առարկաներդ ցոյց տալով հեգնօրէն. այդ բացագանչութիւնդ յանկարծ տաճարի վերածեց գործի փոքրիկ խորշդ, որ մեր կարգ մը վանքերէն շա՛տ բարձր էր եւ կերպով մը քու հոծ ու վճիտ ուղեղդ կը խորհրդանշէր: Միա՛կ բացագանչութենէդ «նի՛ւթ անարգ», զգացի բոլոր տառապանքդ ու կսկծագին խոստովանանքդ ա՛յն միջավայրին մէջ, ուր կենսապայքարէն դուրս ոչի՛նչ կար եւ ուր պաշտած հայերէնդ, բաբէ՜, ոեւէ միջոց մըն էր միայն ապրելու, ինչպէս առարկաներուդ շողը: Եւ այն ատեն գիտցա՛յ քու լուսեղէն միատարր անբիծ պարզութիւնդ, թրթռագին վայելեցի լուսատարփ նայուածքդ ու աւիւնը լուսագեղ գրականութեանդ:
Գիտարթուն Գարագաշեանէն, հայրենատարփ Ալիշանէն, քաղցր Հիւրմիւզէն, հզօր կուռ Բագրատունիէն ու ճաճանչագեղ Պէրպէրեանէն վերջ, դո՛ւն եղար Գրաբարի Տաճարին վերջին ձեղնաջահը: Ձեղունդ երկինքն է հիմա, ու Գրաբարի շեշտն ուր զԱստուած կը զգայիր, տիեզերական Լոյսն է, որուն նուիրուեցաւ քու Եսդ:
Յաւիտեան փա՜ռք յիշատակիդ («Շիրակ», շաբաթական հանդէս, գրական եւ քաղաքական, Դ. շրջան, թիւ 20, 20 յունիս 1909, էջ 440)
*
Արշակուհի Թէոդիկի մահէն ետք անոր նուիրուած երկարաշունչ գրութիւն մը ունի, «Յիշատակներ Տիկին Արշակուհի Թէոդիկէն» վերանգիրով, որ հետեւեալ տողերով աւարտած է.
Թեթե՛ւ ըլլայ հողը տառապած ոսկորներուդ վրայ, Արշակուհի՛, ո՛վ իմ քոյրերուս քոյրը, ո՛վ դուն որ միշտ թեթեւցուցած ես ուրիշներուն ցաւը: Էտըլվայսներով պսակուած ու Ալպերուն հովերով սրսփուն ձիւնասպիտակ հողակոյտդ, միահարթ անհուն խաղաղութեան վերեւ ուռած կարծես քու վերջին հայրենաբաղձ մե՛ծ հեւքովդ, թո՛ղ անհուն հրաւէր մը ըլլայ աղօթքի, օտար երկինքիդ տակ, երջանիկ անկիւններուն մէջ Լէյզէնի, անհուն պարտադրութիւն մը յիշելու աշխարհքէն անիրաւուած ու բոլոր չարչարանքներով սրբացած քրիստոնեայ ազգ մը, որուն հոգեւին հառաչուած մէկ աղաղակն է այսուհետեւ քու դամբանդ ալ: Թո՛ղ անցորդներ կանգ առնեն հոդ, վայրկեան մը, իրենց օտար երազներէն ու իղձերէն թօթափուած ու գլխիկոր աղօթք մը փսփսան այն ազգին համար, որուն արժանաւորագոյն մէկ մայրը եղար դուն: Ազատասէր Հէլվէտեան ամենէ՛ն հայասէրը պիտի հանդիսանայ աշխարհի խղճին մէջ, մի՛ միայն ի տես անգին հողակոյտիդ, քանի որ ազատութեան թռիչքը աւելի եւս գիտէ խորանալ, ազատութեան հրայրքն աւելի ե՛ւս գիտէ արծարծիլ՝ մի՛ միայն ի տես ամենէն անիրաւուած ազգի մը տառապանքին հոծոյթին՝ հողակոյտի՛դ, ո՛վ իմ թանկագին քոյրս, եւ քանի որ ազատութիւնը սիրել՝ սիրե՜լ է մանաւանդ հայը: Արթուն զուիցերահայը ու կարեկից զուիցերացին տարւոյն մէջ տօն մը պիտի յատկացնեն անմոռանալի անունիդ ու անհարթելի դամբանիդ շուրջ, եւ հոգիդ, հեռազգալով ամբոխին մէջէն քու միակ արժանընտիր զաւակդ, կտրիճ Վահագնդ, քու պիտի ըլլամդ. քու տեւելու անհուն իրաւունքդ, պիտի մրմնջէ քու հանգիստիդ անհուն ստուերին մէջէն. «Ահա՛ զաւակս, ես կ՚ապրի՛մ անոր մէջ. ահա՛ Հայը, Հայաստան կ՚ապրի անոր մէջ»։ («Հայ կին», կիսամեայ հանդէս, Գ. տարի, թիւ 7, 1 փետրուար 1922, էջ 887):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ