ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԷՆ

Ազնուափայլ եւ սիրելի տիկին Նատիա,

Մեծ ուրախութեամբ եւ խորին յարգանքով կը շնորհաւորեմ Ձեզ՝ Ձեր կեանքի 75-ամեակին, ինչպէս նաեւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեայ յոբելեանին առիթով։

Այս նշանակալից կրկնակի յոբելեանը գեղեցիկ առիթ մըն է՝ արժեւորելու ո՛չ միայն Ձեր անցած հարուստ ու բեղուն ճանապարհը, այլեւ այն երկարամեայ ու նուիրական ծառայութիւնը, զոր մատուցած էք մամուլի, լրագրութեան եւ հանրային կեանքի անդաստանէն ներս։ Քառասունհինգ տարիներու Ձեր վաստակը վկայութիւնն է մասնագիտական բարձր նուիրումի, հետեւողական աշխատանքի եւ տպագիր խօսքի հանդէպ սրբազան պատասխանատուութեան։

Մանաւանդ այսօր, ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ, երբ թերթ մը կանոնաւոր կերպով հրատարակելն ու պահպանելը դարձած է անձնուրաց ճիգ, Ձեր երկարամեայ յանձնառութիւնը առանձնայատուկ գնահատանքի արժանի է։ Այդ գոյատեւումը կը պահանջէ ո՛չ միայն մասնագիտական հմտութիւն, այլեւ մեծ կամք, տոկունութիւն եւ հաւատարմութիւն՝ մամլոյ այն բարձր առաքելութեան հանդէպ, որ կոչուած է պահպանելու ու սերունդներուն փոխանցելու մեր ազգային, մշակութային եւ հասարակական արժէքները։

Այս ուրախ առիթով կը շնորհաւորեմ նաեւ Գօչունեան ողջ ընտանիքը, որուն անունը աւելի քան դար մը անբաժանելիօրէն շաղախուած է այս նուիրական առաքելութեան։ Թող լոյսերու մէջ ննջեն ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի արժանաւոր հիմնադիրները՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրները, որոնց տեսլականը սրբազան աւանդի պէս փոխանցուեցաւ յաջորդ սերունդներուն եւ այսօր նոյն նուիրումով կը շարունակուի իրենց արժանաւոր ծոռան՝ յարգարժան խմբագրապետ Տիար Արա Գօչունեանի կողմէ։

Սիրելի՛ Նատիա, 

Ի սրտէ կը մաղթեմ Ձեզի քաջառողջութիւն, արեւշատութիւն, նոր եռանդ եւ անսպառ յաջողութիւններ։ Թող Ձեր փորձառութիւնն ու իմաստութիւնը տակաւին երկար տարիներ շարունակեն ծառայել մեր մամուլին, մշակոյթին եւ ազգային կեանքին։

Որպէս ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի բարեկամ՝ լաւագոյն բարեմաղթանքներով եւ անկեղծ սիրով…

ՏՔԹ. ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երուսաղէմ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2026