Արխիւ

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2026

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

16 յուլիս 2020-ին, վեց տարի առաջ, Վարդավառի տօնի նախօրեակին, մեր աշխարհէն անշշուկ կը մեկնէր պոլսահայ արդի գրականութեան մեծ երախտաւորներէն՝ բանաստեղծ եւ սրտաբան բժիշկ Վարդ Շիկահերը (Պոլիս, 26 դեկտեմբեր 1926 - Պոլիս, 16 յուլիս 2020):

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Յուլիսեան տաք օրերուն մայրաքաղաք Երեւանը կը համակուի արուեստի այն մոգական, գրաւիչ ու անբացատրելի մթնոլորտով, որ տարին միայն մէկ անգամ կրնայ պարգեւել «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2026

Հայաստանի մէջ ծնելիութեան ցուցանիշները կը շարունակեն նուազիլ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան առընթեր հասարակական խորհուրդի նիստին այս մասին ահազանգ հնչեցուց նախարար Արսէն Թորոսեան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2026

ՄԱԿ-ի կայուն զարգացման բարձր մակարդակի քաղաքական ֆորումը. ներուժի լիարժէք իրացում:
Հայաստան կը կարեւորէ՝ Հարաւային Կովկասէ ներս փոխկապակցուածութեան եւ ենթակառուցուածքներու խթանումը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2026

Շարժանկարի աշխարհին ուշադրութիւնը այս շրջանին կեդրոնացած է Երեւանի վրայ, ուր ընթացքի մէջ է «Ոսկէ ծիրան» 23-րդ միջազգային փառատօնը։ Աշխարհի քառասուն երկրէ իննսուն ֆիլմ կը ցուցադրուի այս փառատօնի շրջանակներէն ներս։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2026

Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հիւրընկալմամբ, Էլիզէի պալատէն ներս ծաւալուն քննարկում:
Փարիզ մեկնած էր նաեւ նախարար Հաքան Ֆիտան. Ուքրայնայի հարեւան երկիրներուն մէջ ալ կը նախատեսուին ռազմափորձեր:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2026

Այսօր, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ կը նշուի 15 Յուլիս 2016 թուականի տխուր դէպքերուն 10-րդ տարելիցը։ Ձախող պետական հարուածը տասն տարի առաջ եկած էր Թուրքիոյ մէջ ամրապնդել այն գիտակցութիւնը, թէ ժողովրդավարութիւնը, ազգային միասնականութիւնը անփոխարինելի են երկիրը ամէն տեսակ ցնցումէ պահելու համար։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2026

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկիզբ առած հայագիտական եւ կրօնագիտական դասընթացքներուն առթիւ սփիւռքի զանազան թեմերէն ժամանած շուրջ երեսուն երիտասարդները:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2026

Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս, Ներսէսեան դպրաց դասու նախաձեռնութեամբ, այս ամառ ալ մանուկներու համար հայերէնի աշխատանքներ նախատեսուած են: 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2026

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մայիսին, կը նստիս պսակաւոր հողմածաղիկներուն ու հրացանին միջեւ։
Ասիկա առաջին ճամբորդութիւնդ է։ Ասիկա վերջին երկիրն է։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ամենայն ինչ վասն որոյ աղօթս արարեալ խնդրեցէք, եւ հաւատայցէք թէ առնուցուք, եղիցի ձեզ». (ՄԱՐԿ. ԺԱ 24)։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Տեսական գետնի վրայ աշխարհի ապրող գրեթէ ամէ՛ն մարդ դէմ է անարդարութեան։ Բոլորն ալ պատրաստ են քննադատել խտրութիւնն ու կողմնակալութիւնը՝ մանաւանդ երբ այդ մէկը կը կատարուի իր նեղ շրջանակէն դուրս, որովհետեւ մարդոց համար շատ աւելի դիւրին է քննադատել ու բարկանալ երեւոյթներու, որոնք տեղի կ՚ունենան իր շրջանակէն դուրս՝ իրմէ հեռու, սակայն, գիտակցութիւնը չ՚ունենար, երբ այդ մէկը տեղի կ՚ունենայ իր շուրջ՝ նոյնիսկ շատ անգամ իր իսկ ձեռքով:

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2026

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2026

Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1. Ի՞նչ է Սուրբ Հաղորդութիւնը: 2. Քրիստոսի մէկ անգամ կատարած պատարագը բաւարար չէ՞ր: 3. Քրիստոսի ըսած խօսքը, հացին ու գինիի՞ն կը վերաբերին, թէ՞ ոչ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ ամբողջ հայութեան ճակատագիրը. ո՞վ, ի՞նչ կրնայ ընել ապագայի համար. ժամանակն է աւելի պիտանի հարցումներու, նոր էջ մը բանալու:
Քննադատել, բայց չքանդել:
2026-ի ընտրութեան արդիւնքի հիմնական պատգամը. ծանր անցումային փուլը կը շարունակուի, պարտութիւններու յիշողութիւնը տակաւին չէ բուժուած, սակայն, անկարելի է ընթանալ յաղթողներու ինքնավստահութեամբ, պարտուածներու բարկութեամբ եւ սփիւռքի հիասթափութեամբ:
Պետութիւնը զգացումով կը սիրուի, բայց, կը պահուհի միտքով, ազգային արժէքները պէտք չէ վերածուին քաղաքական զէնքի՝ քուէն միայն կարծիք չէ, այլեւ պատասխանատուութիւն:

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2026

Երեւանի մէջ ընթացք առած է «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը, որ վերջին տարիներուն գեղարուեստասէրները համախմբող յաւակնոտ հարթակի մը վերածուած է։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Հեղնար աղբիւր» անունը հայ մշակոյթին մէջ կը զուգորդուի մաքրութեան, հաւատարմութեան, արհեստի հանճարին եւ մարդկային տխուր ճակատագրին հետ։ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է». (ԱՌԱԿ. ԺԵ 23)։ Խօսքը, բանաւոր արարածներու, մարդոց փոխյարաբերութիւնները ապահովող եւ կարգաւորող արարք մըն է։ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կար ժամանակ, որ մարդիկ չէին կրնար զանազանել վախն ու յարգանքը, սարսափն ու մեծարանքը. այս երկու տարբեր երեւոյթները միախառնուած էին, որովհետեւ վախը մարդուն մօտ հնազանդութիւն կը ծնի եւ այդ հնազանդութիւնը կը սկսի դիտուիլ որպէս առաքինութիւն:

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2026

Վաղամեռիկ ատամնաբոյժ Նարօտ Ալճանի անժամանակ ու ցնցիչ կորուստին ցաւը սուգով համակեց համայնքային շրջանակները:
Փառաշուք յուղարկաւորութիւն Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ. Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցաւակից:

Էջեր