ՍՈՒՐԻՈՅ ՆՈՐ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՉՔԵՐՈՎ

Նոր իրականութեան եւ հին անորոշութիւններու միջեւ է Սուրիոյ հա-յութիւնը՝ ուր այսօր ամէն ինչ դեռ այնքան ալ պարզ չէ։ Շատ-շատեր իրավիճակը կը փորձեն ներկայացնել՝ որպէս յետյեղափոխութեան հասկնալի դրութիւն մը, սակայն, այդ մէկը շատ հեռու է գետնի վրայ տիրող իրականութիւններէն։

Պատերազմի երկար տարիներէն ետք երկիրը մտած է նոր փուլ մը, սակայն, այդ մէկը դեռ չի նշանակեր վերջնական կայունութիւն։ Տնտեսութիւնը կը շարունակէ ծանրանալ, ապահովական հարցերը կը մնան օրակարգի առաջնագծին վրայ, իսկ նոր իշխանութիւնը կը փորձէ միաժամանակ վերակառուցել պետութիւնը, ամրապնդել իր իշխանութիւնը եւ արտաքին աշխարհը համոզել, որ Սուրիան պատրաստ է վերադառնալու տարածաշրջանային ու միջազգային համակարգին։

Այս ընդհանուր պատկերին վրայ Սուրիոյ հայութիւնը եւս բաւական դժուար կացութեան մը առջեւ կը գտնուի։ Ճիշդ է, որ Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի եւ մա՛նաւանդ Հալէպի մէջ հայկական կեանքը, պատերազմական տարիներու համեմատ, մտած է աւելի բնականոն ու յուսադրիչ փուլ մը, սակայն, այս յարաբերական բնականոնութիւնը պէտք չէ շփոթել խնդիրներու բացակայութեան հետ։ Երկրին տնտեսական տագնապը կը շարունակէ իր ժխտական ազդեցութիւնը տարածել գրեթէ բոլոր ոլորտներու վրայ։

Դամասկոսի պարագային տնտեսական դժուարութիւններու կողքին առաջնահերթ կը մնայ նաեւ ապահովութեան հարցը։ Հալէպի մէջ, ընդհակառակն, ներքաղաքական եւ առօրեայ կեանքի կայունութիւնը այս պահուն աւելի հաստատուն կը թուի։ Հայութիւնը, այսօրուայ պայմաններուն մէջ, կը շարունակէ իր կեանքը բնականոն հունի մէջ պահելու փորձը՝ իր մարդկային եւ կազմակերպչական ներուժը միաւորելով կրթական, մշակութային, ընկերային եւ մա՛նաւանդ կրօնական ոլորտներուն մէջ։ Եւ այստեղ թերեւս կարեւոր է մէկ բան ընդգծել. Սուրիոյ հայութիւնը, հակառակ երկրի ամբողջական պատկերի անորոշութեան, տակաւին կը շարունակէ մնալ կազմակերպուած եւ տեսանելի համայնքային ներկայութիւն մը հանդիսանալ։

Միւս կողմէ, Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ արք. Նալպանտեանի խօսքերուն շուրջ ստեղծուեցաւ շինծու աղմուկ մը։ Այսպէս, վերջին օրերուն Սուրիոյ հայկական պատուհանէն արձանագրուեցաւ ուշագրաւ զարգացում մը՝ Սրբազան Հօր վերագրուած կամ անոր խօսքերէն շրջանառութեան մէջ դրուած որոշ ձեւակերպումներու շուրջ ստեղծուեցաւ այնպիսի տպաւորութիւն, թէ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու, հետեւաբար նաեւ հայութեան վիճակը հասած է ծայրայեղ վտանգաւոր հանգրուանի մը։ Մինչդեռ հրապարակուած տեղեկութիւններուն մէջ Արմաշ Սրբազան անդրադարձած էր Սուրիոյ քրիստոնեաներու առջեւ ծառացած քաղաքական ներկայացուցչութեան, արտագաղթի եւ ապահովութեան խնդիրներուն՝ հարց բարձրացնելով նաեւ նոր Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու ապագայ տեղին ու դերին մասին։ Այստեղ, սակայն, կարեւոր է տարբերել իրական մտահոգութիւնը՝ այդ մտահոգութեան շրջանառութեան ոճէն։

Սրբազան Հօր հետ իմ ունեցած կարճ եւ մտերմիկ խօսակցութեանս ընթացքին ան առանձնայատուկ մտահոգութիւն մը չարտայայտեց իր խօսքերու շուրջ ստեղծուած աղմուկին առնչութեամբ։ Ընդհակառակն, շեշտեց, որ նման իրավիճակներ նորութիւն չեն եւ հայկական կեանքը Սուրիոյ տարբեր քաղաքներուն ու շրջաններուն մէջ կը շարունակուի բնականոն հունով։

Այս մէկը կարեւոր շեշտադրում մըն է։ Որովհետեւ Սուրիոյ հայկական կեանքին մասին խօսելու ատեն պէտք է խուսափիլ երկու ծայրայեղութիւններէ՝ մէկ կողմէ ամէն ինչ ներկայացնել որպէս վտանգ ու փլուզում, իսկ միւս կողմէ՝ անտեսել այն իրական խնդիրները, որոնց դիմաց այսօր կը գտնուին քրիստոնեայ եւ հայ համայնքները։ Հարցը այս երկու ծայրերուն միջեւ ճշգրիտ հաւասարակշռութիւն մը գտնելն է։

Այս բոլորին զուգահեռ, Սուրիոյ հայութիւնը երկրի բաւական խայտաբղէտ փոփոխութիւններուն առընթեր ունի իր սեփական օրակարգը։ Համայնքը պատերազմէն ետք փոքրացած է, սակայն, չէ անհետացած եւ այս ներկայութիւնը ինքնին կարեւորութիւն ունի։ Որովհետեւ Սուրիոյ հայութեան պատմութիւնը միայն պատերազմի տարիներու գոյատեւման պատմութիւն մը չէ։ Ան նաեւ գոյատեւումէն ետք ապրելու, վերականգնելու եւ համայնքային կեանքը շարունակելու պատմութիւն է։ Այս կէտին է, որ Արմաշ Սրբազանի շուրջ ստեղծուած վերջին աղմուկը պէտք է դիտել աւելի լայն համատեքստի մը մէջ։

Քրիստոնեաներու եւ հայութեան ապագային վերաբերեալ հարցերը իրական են։ Արտագաղթը իրական է։ Քաղաքական ներկայացուցչութեան հարցը իրական է։ Ապահովութեան հարցը իրական է։ Բայց, նոյնքան իրական է նաեւ այն փաստը, որ Սուրիոյ հայկական կեանքը տակաւին կը շարունակուի։

Ուրեմն, պէտք է զգոյշ ըլլալ բառերու հետ։ Ամէն մտահոգութիւն աղէտի ազդանշան չէ, նաեւ ամէն բնականոնութիւն՝ խնդրի բացակայութիւն չէ։

Սուրիահայութեան համար այսօր անհրաժեշտ է սառնասրտութիւն, կազմակերպուածութիւն եւ իրողութիւնները իրենց անուններով կոչելու կարողութիւն։ Ո՛չ չափազանցնել, ո՛չ ալ թաքցնել։

Բաց աստի, Սուրիոյ հրապարակը լաւ վիճակի մէջ չի թուիր ըլլալ։ Տնտեսական ճգնաժամի խորացումը տակաւին չէ վերածուած նոր իշխանութեան դէմ ժողովրդային մեծ պայթումի, սակայն, այն աշխուժութիւնը, որ Դամասկոս կը սպասէր երկիրը արաբական եւ միջազգային համակարգին հետ վերամիաւորելու գործընթացէն ետք, տակաւին ամբողջութեամբ չէ իրականացած։ Նոր իշխանութիւնը վերջին շրջանին յատկապէս կը շեշտէ տնտեսութեան ամբողջական վերկանգնման կարեւորութիւնը, օտար ներդրումներու վերադարձը եւ Սուրիոյ վերակառուցումը։ Նախագահ Ահմէտ Շարա սեպտեմբերի 15-ին յայտարարած էր, որ պատժամիջոցներու վերացումէն ետք երկիրը նոր ներդրումներու դուռը բացած է, իսկ Սուրիոյ տնտեսութիւնը 2026-ին կրնայ հասնիլ շուրջ 50 միլիառ տոլարի։ Ան նաեւ խօսած էր յառաջիկայ տարիներուն շատ աւելի մեծ տնտեսական աճ ապահովող մեծ նպատակներու մասին։ Բայց, քաղաքական յայտարարութիւններէն մինչեւ ժողովուրդի առօրեան դեռ երկար ճանապարհ կայ։

Դամասկոս, որ վերջին շրջանին կը փորձէ սերտացնել յարաբերութիւնները Ծոցի երկիրներու, Թուրքիոյ, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ, կ՚ակնկալէ նիւթական մեծածաւալ աջակցութիւն։ Միաժամանակ, այսօր արդէն կան յայտարարուած եւ քննարկուող ներդրումային ծրագրեր։ Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու հետ, օրինակ, քննարկումները կեդրոնացած են տնտեսական եւ զարգացման համագործակցութեան վրայ, իսկ Շարայի համաձայն՝ էմիրաթցի ներդրողներու կողմէ մեծ ծրագրեր կը քննարկուին։ Սակայն, ներդրումային յուշագիր մը տակաւին չկայ, իսկ խոստացուած ծրագիր մը անպայման առօրեայ կեանքի փոփոխութիւն չի նշանակեր։

Մինչ այդ, Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան հարցը գերխնդիր է։ Նոր իշխանութեան համար առաջին հարցը կը շարունակէ մնալ անվտանգութիւնը։

Պետական կառոյցներու վերակազմակերպման եւ բանակի ստեղծման աշխատանքները կը շարունակուին։ Շարա նաեւ վերջին օրերուն շեշտած է նոր բանակի եւ պետական հաստատութիւններու կառուցման, ինչպէս նաեւ նոր սահմանադրական ու իրաւական համակարգի ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Սակայն, այդ ամբողջ գործընթացը տեղի կ՚ունենայ բարդ միջավայրի մը մէջ։ Նախկին վարչակարգի զինեալները կամ քաղաքական մնացորդները, տարբեր տեղական ուժերու պահանջները, Սուէյտայի տիւրզիներու հարցը եւ երկրի տարբեր համայնքներու միջեւ վստահութեան խնդիրները կը շարունակեն ծանրացնել նոր իշխանութեան առջեւ ծառացած հարցերը։

Դամասկոսի համար յատկապէս զգայուն է նաեւ այն հարցը, որ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ միաժամանակ հաստատել կեդրոնական իշխանութիւն եւ խուսափիլ այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան ինքնավարութեան նոր պահանջներ յառաջացնել ալեւիներու, քիւրտերու կամ այլ համայնքներու կողմէ։

Գալով Իսրայէլի գործօնին։ Այս ամբողջ պատկերին մէջ Իսրայէլի գործօնը առանձին ծանրութիւն ունի։

Դամասկոս կը պնդէ, որ Իսրայէլ կը շարունակէ ռազմական ներթափանցումները, հարուածները եւ ձերբակալութիւնները Սուրիոյ տարածքին մէջ։ Շարա վերջին օրերուն կրկին հաստատած է, որ իր կառավարութիւնը կը նախընտրէ դիւանագիտական ճանապարհը եւ Իսրայէլի հետ բանակցութիւնները։

Աւելի ուշագրաւ է այն, որ Շարա յայտարարած է, թէ Սուրիա-Իսրայէլ բանակցութիւնները որոշ փուլերու մէջ հասած են համաձայնութեան շուրջ 90 տոկոսին, սակայն, իսրայէլեան կողմը վերջին հանգրուանին ետ քաշուած է կամ նոր պայմաններ ներկայացուցած։ Այս պնդումը Շարայի կողմէ ներկայացուած գնահատականն է եւ պէտք է այդպէս ալ ընկալել։

Այս պայմաններուն տակ Դամասկոս կը փորձէ պահպանել բաւական զգուշաւոր քաղաքականութիւն մը։ Նոր իշխանութեան օրակարգին մէջ Իսրայէլի դէմ ռազմական ճակատ բանալը առաջնահերթութիւն չէ այլեւս։ Ընդհակառակն, իշխանութիւնը կը փորձէ խուսափիլ Իրանի եւ Դիմադրութեան առանցքին հետ կապուելու որեւէ նոր կասկածէ։

Այս քաղաքականութեան մէկ այլ դրսեւորումը վերաբերմունքն է պաղեստինեան խմբաւորումներու նկատմամբ, որոնցմէ ոմանց գործունէութիւնը սահմանափակուած է նոր իշխանութեան կողմէ։

Միւս կողմէ, Լիբանանի հարցը այս ամբողջ համակարգին մէջ աւելի բարդ է։

Սուրիա չի կրնար անտեսել Լիբանանը՝ ո՛չ աշխարհագրական, ո՛չ քաղաքական եւ ոչ ալ անվտանգային իմաստով։ Միաժամանակ, Սուրիոյ համար որեւէ ուղղակի ներգրաւում Լիբանանի մէջ՝ ռազմական գործողութիւններու տեսակէտէ կամ «Հիզպուլլահ»ի դէմ ռազմական առճակատման առընթեր մասնակցութիւն կրնայ ունենալ ծանր հետեւանքներ։ Այս կէտին է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ճնշումը, Իսրայէլի գործողութիւնները, Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի հաշուարկները եւ Սուրիոյ ներքին անվտանգութիւնը կը խաչաձեւուին։ Եթէ նոյնիսկ Դամասկոսի մօտ կան ուժեր, որոնք կ՚ուզեն աւելի կոշտ դիրքորոշում որդեգրել Իսրայէլի նկատմամբ, նոր իշխանութեան համար հիմնական հարցը կը մնայ նոյնը՝ ինչպէ՞ս չդառնալ տարածաշրջանային նոր պատերազմի մը մաս։

Աւարտին հարկ է նշել, որ Սուրիան այսօր կը փորձէ վերակառուցել պետութիւն մը, տնտեսութիւն մը եւ իր տեղը տարածաշրջանին մէջ։ Ճամբան երկար է, իսկ հակասութիւնները՝ բազմաթիւ։

Այդ ճամբուն վրայ հայութիւնը միայն դիտորդ մը չէ։ Ան Սուրիոյ պատմական հիւսուածքին մաս կազմող համայնք մըն է, որ պատերազմի ամենածանր տարիներուն չանհետացաւ եւ այսօր ալ կը փորձէ պահպանել իր դպրոցը, եկեղեցին, մշակոյթը եւ համայնքային կեանքը։

Հետեւաբար, այսօրուան հիմնական հարցը միայն այն չէ, թէ Սուրիան ո՞ւր պիտի հասնի։ Հարցը այն է նաեւ, թէ նոր Սուրիոյ մէջ ո՞ւր պիտի կանգնին անոր քրիստոնեաները, հայերը եւ միւս փոքրամասնութիւնները։

Այս հարցին պատասխանը տակաւին ամբողջութեամբ գրուած չէ։ Ու թերեւս ամենակարեւորը՝ այդ պատասխանը պէտք չէ գրուի վախի, չափազանցութեան կամ աղմուկի լեզուով։ Պէտք է գրուի իրականութեան լեզուով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2026