Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցեալին կար ժամանակ, ուր միայն աշխարհականներ եկեղեցին բարեփոխելու հրամայականին մասին կը խօսէին, սակայն, ժամանակը նոյն այդ կարծիքը արթնցուց որոշ եկեղեցականներու մէջ եւս եւ այսօր Հայ Առաքելական Եկեղեցին գլխաւորող Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը եւս թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ իրենց անսխալական չըլլալը հասկնալով կը խօսին բարեփոխութիւններու մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ հաւատացեալին սրտին մէջ յառաջ բերած մղումները կը կաշկանդուին կամ կը խափանուին՝ Սուրբ Հոգին կը տրտմի. «Ո՛վ խստապարանոցներ եւ սրտով եւ ականջով չթլփատուածներ, դուք ամէն ատեն Սուրբ Հոգիին հակառակ կը կենաք, ինչպէս ձեր հայրերը՝ ա՛յնպէս ալ դուք», կ՚ըսէ Ստեփանոս. (ԳՈՐԾ. Է 51)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս, երբ տակաւին վարդապետ էր, իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ հետեւեալ տողերը գրի կ՚առնէր. «Ժամանակը ծանր է եւ լուրջ, իսկ մենք թեթեւ ենք եւ անհեռատես, ժամանակը հիմնաւորութիւն կը պահանջէ եւ գործ, իսկ մենք օդային ամրոցներ կը շինենք ու բառեր կ՚արտասանենք…
Աշխարհի հայերէն ձեռագրերու տեսանելիութեան եւ գիտական շրջանառութեան խրախուսման համար քայլեր:
Մատենադարանը եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը կը գործակցին՝ համահաւաք ձեռագրացուցակի ստեղծման ուղղութեամբ:
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգի՝ մասնաւորապէս տնտեսական յարաբերութիւններու մէջ յառաջացած խնդիրներու վերաբերեալ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Քարայրի մը մէջ էք, երեւակայեցէ՛ք: Հո՛ն ծնած էք, հո՛ն կ՚ապրիք եւ անկէ դուրս ի՛նչ ըլլալէն տեղեակ չէք: Կապուած են ձեր ձեռքերը, վիզերը՝ միա՛յն դէպի դիմացի պատը ուղղուած:
Մարդիկ միշտ կը գանգատին իրենց ճակատագրէն: Աշխարհի անարդարութիւնները մէկ կողմ, կարծես Նախախնամութիւնն ալ կրկնակի չափանիշներով կը վերաբերուի մարդոց նկատմամբ:
Շաբաթավերջին, դէպի Մալաթիա կազմակերպուած ուխտագնացութիւնը դարձաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ուշագրաւ իրադարձութիւններէն մին։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին՝ ամէն տարի յուլիսի վերջին շաբաթավերջին ուխտագնացութիւն մը տեղի կ՚ունենայ՝ դէպի Մալաթիա։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մարդկային պատմութիւնը շատ քիչ կը փոխուի։ Կը փոխուին հագուստները, քաղաքները, դրամին արժէքը, հաղորդակցութեան միջոցները, բայց կան բաներ, որոնք նոյնը կը մնան։
Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
10. Յիշատակութենէն բացի ի՞նչ խորհուրդ ունի: 11. Գոյափոխութեան վերաբերեալ սուրբ հայրերուն գաղափարը [մտածումը] ի՞նչ է. Մեռեալ եւ կենդանի խօսքերուն վերաբերեալ ի՞նչ վէճեր կան:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Երեւան-Փարիզ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ հարցեր:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես շաբաթավերջին Դամասկոս այցելութեան ընթացքին կոչ ուղղեց, որպէսզի Սուրիա միջազգային զօրակցութեան առարկայ դառնայ:
Երէկ, Գնալըի բարձունքին ոգեկոչուեցան Գարակէօզեան տան կազդուրման կայանի լուսահոգի հիմնադիրները, սատարողները, տնօրէնները, սպասաւորները եւ անդարձ բաժնուած սաները։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Այսօրուան համացանցի հարթակներու մէջ գոյութիւն ունին հազարաւոր հեռուստաշարեր, բայց, իսկապէս ամբողջ ընտանիքով նստելով դիտելու արժանի գործ մը գտնելը օրէ օր աւելի դժուար կը դառնայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նեղութիւններու մասին յաճախ խօսիլ, թերեւս ոմանք նեղութեան պատճառ համարեն եւ յոռետեսութիւն նկատեն, բայց անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ նեղութիւնները կեանքի անբաժան երեւոյթներն են։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամբողջական դար մը մարդկութեան մէջ շա՜տ բան կրնայ փոխել, սակայն, շատ անգամ մեզի զարմանք կը պատճառէ այն իրողութիւնը, որ վերջին մէկ դարը յաջողեցաւ մարդկութեան մէջ փոխել այնքան բան՝ ինչքան չէր կրցած փոխել մի քանի տասնեակ դարեր:
Ազգային կրթութեան նախարարը շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային շրջանակներուն հետ, որոնց դրական պատգամներ փոխանցեց ջերմ հիւրընկալութեան պայմաններու ներքեւ. նախ այցելութիւնՊատրիարքարան, յետոյ հաւաք Պէզճեան Մայր վարժարանի երդիքին տակ՝ յուշանուէրներու յանձնումով հանդերձ:
«Փոքրամասնական վարժարաններուն հետ անկեղծ ու արդիւնաւէտ երկխօսութիւն մը կը ծաւալենք։ Որպէս սիւննի թուրք մը՝ իմ զաւակներուս համար դպրոցէն ինչ որ կ՚ակնկալեմ, նոյնը կ՚ակնկալեմ նաեւ բոլո՛ր դպրոցներու բոլո՛ր աշակերտներուն համար»:
Թրքահայ կրթական հաստատութիւններէն ներս, 2026-2027 շրջանէն սկսեալ, հայերէնի եւ կրօնագիտութեան առարկաներու պարագային «Թուրքիոյ դար»ու գծով գործադրութեան պիտի դրուի նոր ուսումնական ծրագիր մը:
Եուսուֆ Թեքին յստակ արտայայտուեցաւ խտրականութեան եւ վանումի դէմ՝ հիմնարար ազատութիւններու նկատմամբ վճռականութեան ամբողջին մէջ անդրադառնալով մայրենիի նշանակութեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Քաջ նոր աշխարհ» աշխատութեան մէջ հեղինակ Ալտըս Հաքսլիի լայն տեղ կու տայ հաւատքին եւ կը քննադատէ մարդկային հաւատքը, շատ անգամ այդ մէկը իմաստէն բաժնուած ու արհեստական նկատելով։ Հեղինակը դիտել կու տայ, որ աշխարհի մէջ փոփոխութիւն կը կրէ մարդոց հաւատքը.
Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ՝ նոր զանգակատան բացումն ու նոր զանգակի օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։