ՆԱՏԻԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿԸ
Կան մարդիկ, որոնց հետ պարտադիր չէ երկար շփուիլ՝ անոնց մարդկային տեսակը հասկնալու համար։ Նատիա Գօչունեան իմ կեանքիս մէջ հանդիպած այդպիսի իսկ մարդոցմէ։
«Աղջիկս…»
Այս պարզ ու անմիջական, բայց, անասելի ջերմութիւն պարունակող խօսքով ան դիմեց ինձ տարիներ առաջ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան մէջ մեր առաջին հանդիպման ժամանակ։ Հետագային այս խօսքը շարունակեց մնալ մեր հանդիպումներու անփոփոխ ուղեկիցը։ Փոքրիկ բառ մը, որ, սակայն, այնքան բան կ՚ըսէ Նատիայի բնաւորութեան ու տեսակի, անմիջականութեան ու ջերմութեան մասին։ Նատիան այն մարդոցմէ է, որ նոյնիսկ փոքր զրոյցէ յետոյ կը ստիպէ հաւատալ, որ երբեմն առանց մարդը երկար ճանչնալու՝ կրնաս զինք ընդունիլ իբրեւ բարեկամ ու հարազատ։
Նատիայի կեանքը վաղուց միահիւսուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ։ Տարիներու ընթացքին օրաթերթին մէջ փոխուած են մարդիկ, սերունդներ, աշխատանքային պայմաններ, թեքնոբանութիւններ, բայց Նատիան շարունակած է մնալ այդ յարափոփոխ ընթացքին մէջ՝ տեսնելով, յիշելով ու, ամենակարեւորը, պահպանելով պատմութիւնները։ Թերեւս սխալած չեմ ըլլար՝ ըսելով, որ Նատիան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կարեւոր հիմնասիւներէն է։
Տասնամեակներ շարունակ նոյն թերթի կողքին ըլլալ կը նշանակէ ո՛չ միայն տեսնել, թէ ինչպէս կը փոխուի ժամանակը, այլեւ ինչ-որ առումով դառնալ այդ ժամանակի յիշողութեան պահապանը։ Ան ամէն օր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան մէջ է, ուր մայրական հոգածութեամբ կը մօտենայ թերթի էջադրման, տպագրութեան կազմակերպման հարցերուն։ Ու հակառակ անցեալ տասնամեակներուն փոխուած են գրատպութեան ու հրատարակչութեան շատ կանոններ ու թեքնոբանութիւններ՝ Նատիան կը քալէ այդ փոփոխութիւններուն համընթաց՝ տարիներու փորձառութիւնն ու իմաստութիւնը ի օգուտ ծառայեցնելով Պոլսոյ հայ համայնքի կարեւորագոյն ազգային հաստատութիւններէն մէկը հանդիսացող օրաթերթի աշխատանքներուն։
Անոնք, որոնք Նատիան կը ճանչնան տասնամեակներէ ի վեր, անկասկած, անոր մասին շատ աւելի երկար ու հետաքրքրական պատմութիւններ կ՚ունենան պատմելու։ Իմ յիշողութիւններս իր մասին աւելի պարզ են: Մեր հանդիպումները, զրոյցները, անոր անմիջական ժպիտը եւ, ի հարկէ, այդ մէկ բառը, զոր ամենայն հաւանականութեամբ, միշտ պիտի կապեմ Նատիային հետ. «աղջիկս»։
Շնորհաւո՛ր 75-ամեակդ, սիրելի՛ Նատիա։ Սիրով՝ միշտ Ձեր «աղջիկս…»
ԱՐԱՔՍ ԿԱՍԵԱՆ
Երեւան