ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս պատրաստութիւններ կը տեսնուին՝ իսկապէս յատկանշական յոբելեանի մը տօնախմբութեան համար։ Այսպէս, Թեմական առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանի հովանաւորութեան ներքեւ, թեմէն ներս պիտի արժեւորուի՝ Սուրբ Ներսէս ընծայարանի նոր համալիրի հաստատման տասնամեակը։ Արդարեւ, Սուրբ Ներսէս ընծայարանը սփիւռքի ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս առանձնայատուկ առաքելութեամբ հոգեւոր-կրթական հաստատութիւն մըն է եւ տասն տարի առաջ վերահաստատուած է՝ Արմոնքի համալիրէն ներս։ Այդ համալիրին մէջ կը գտնուի նաեւ մատուռ մը, որու օծման տասնամեակը կը նշուի զուգահեռաբար։
Սուրբ Ներսէս ընծայարանի նոր համալիրէն ներս հաստատման տասնամեայ յոբելեանը միեւնոյն ժամանակ մեծարանքի արարողութեան մը առիթ պիտի դառնայ՝ ի պատիւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի։ Ծանօթ է, որ այս վերջինը երկար տարիներ եղած էր Արեւելեան թեմի առաջնորդը։ Նորին Սրբազնութեան՝ Նիւ Եորքի մէջ որպէս առաջնորդ պաշտօնավարութեան տարիներուն զուգադիպած էր Սուրբ Ներսէս ընծայարանի Արմոնքի համալիրին մէջ վերահաստատուիլը։ Ան մեծ հեռատեսութեամբ ձեռնամուխ եղած էր այս նախաձեռնութեան, որու շնորհիւ Սուրբ Ներսէս ընծայարանը արդէն աւելի ամրացած է հաստատութենականացման ճանապարհին։ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի տեսլականն ու հեռատեսութիւնը արդէն ընծայարանի տեղափոխումէն տասն տարի անց զինքը կը բարձրացնեն պատուոյ պատուանդանի մը վրայ, ինչ որ իր արդար իրաւունքն է։
Սուրբ Ներսէս ընծայարանի Արմոնքի համալիրէն ներս հաստատման տասնամեակի յոբելենական արարողութիւնները նախատեսուած են յառաջիկայ հոկտեմբերի 3-ին։ Այս յոբելեանին առթիւ Պոլիսէն Նիւ Եորք մեկնած է նաեւ՝ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասէն Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։