ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆ ՄԷՋ

Հաճոյքով, սիրով, յարգանքով, անսակարկ զոհաբերութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ, սեպտեմբերի 10-էն ի վեր Պոլսոյ մէջ, «հայկական» Պոլսոյ մեր բոլոր շրջապտոյտները իրականացուց եւ միեւնոյն ատեն սիրայօժար մեզի ընկերացաւ Պոյսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որուն համար մեծապէս շնորհապարտ ենք, մենք՝ այր եւ կին Պետիկեաններս։ Ու հազիւ Պոլիս ոտք կոխած, մեր առաջին հանդիպումը եղաւ այցելելով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը, ուր ընդունուեցանք սրտբացօրէն եւ ապա սպառիչ ու անկեղծ սիրով եւ յարգանքով ծանօթացանք, հաղորդակցեցանք եւ զրուցեցինք թերթի հրատարակութեան տնօրէնուհի տիկին Նատիա Գօչունեանի եւ իր խմբագիր զաւկին՝ Արայի հետ։

 Ու յարգելի նոյնքան սիրելի Գօչունեաններուն իրականացուցած այս մեր պատմական հանդիպումները, որոնցմէ ծնունդ առած յիշատակելի եւ անմոռանալի իրերայաջորդ օրերը, ժամերը, պահերը, դէմքերը եւ ապա յատկապէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ով հաղորդագրութիւնը՝ մեզ առաւել ե՛ւ ուրախ, ե՛ւ հպարտ ու երջանիկ դարձուցին, որոնց համար յարգելի Գօչունեաններուն երախտապարտ ենք, ինչպէս միշտ։

Վարձքերնիդ կատար։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2026