ՇՈՒՆԵՐՆ ԱԼ ԳԵՐԵԶՄԱՆՈՑ ՈՒՆԻՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աստուած մարդ արարածը իր ստեղծագործութեան գլուխ գործոցը նկատեց եւ անոր տուաւ իր պատկերն ու շունչը. ամէ՛ն բան ստեղծեց մարդուն համար եւ մարդը որպէս գերագոյն ստեղծագործութիւնը անոնց վրայ պատասխանատու նշանակեց. սակայն այն բարձրութիւնը որ Աստուած տուաւ մարդուն՝ մարդը չկրցաւ տալ իր նմանին եւ որոշեց միւս ստեղծագործութիւնները աւելի բարձր նկատել՝ քան իր նմանը, որ ունէր նմանութիւնը նաեւ Աստուծոյ: