ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՐԶԵՐԸ Կ՚ԱՄԱՅԱՆԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Առաջին անգամ ըլլալով Երեւանէն դուրս՝ Լոռիի մարզէն կը գրեմ այսօրուան յօդուածս. տպաւորութիւնները տարբեր են. դրական, սակայն միեւնոյն ժամանակ բացասական: Որպէս բնութիւնը ամբողջական դրախտավայր մը. սքանչելի տեսարան, խաղաղութիւն, հեռու մարդկային քաոսէն, սակայն մտահոգեցուցիչը այն էր, որ բնակիչները գրեթէ տարեցներ են: