ԽԱՉ, ԹԱՂՈՒՄ ԵՒ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ
Պատահական չէ՛, որ հայրապետներու կողմէ Մեծ պահեցողութեան շրջան նշանակուած է Ս. Յարութիւնը կանխող քառասուն օրերը։ Իրականութեան մէջ, անոնք միաձուլուած տօներ չեն։ Ծաղկազարդը ունի իր յատուկ տեղն ու նշանակութիւնը, պահեցողութիւնը ունի իրը եւ Սուրբ Յարութեան տօնը իր ուրոյն նշանակութիւնը։ Սակայն, այդ բոլորը միացած են՝ յստակ ու տրամաբանական շարունակութիւն մը ստեղծելու համար բոլոր այն օրէնքներուն ու պատուիրաններուն, ինչ որ Աստուած տուած է մարդուն: Հին կտակարանը խօսելով Զատկուան՝ Պասեքի տօնի օրէնքներուն մասին կ՚ըսէ, որ մարդ որպէս ընծայ պէտք է մորթէ անարատ գառնուկ մը եւ խօսելով այդ գառնուկին յատկութիւններուն մասին կարեւորութեամբ կը շեշտէ, որ պէտք է այդ ոչխարը ըլլայ մաքուր, բիծ չունենայ եւ Աստուծոյ առջեւ ընդունելի ըլլայ (հմմտ. Ելք. 12:5)։ Շատ մը աղբիւրներու համաձայն, անբիծ ու Աստուծոյ առջեւ ընդունելի ոչխարը՝ գառնուկը Քրիստոսի տիպարն էր, որ խաչին վրայ կը զոհուէր մարդոց համար, սակայն, անոր մէջ պէտք է տեսնել այլ համեմատական մը եւս: Պահեցողութեան ամբողջ ընթացքին մարդ արարած կը պատրաստուի, որպէսզի ըլլայ մաքուր, ազատի իր բիծերէն՝ մարդկային թերութիւններէն ու սխալներէն եւ Աստուծոյ առջեւ որպէս ընդունելի գառնուկ՝ դիմաւորէ Յարութեան տօնը, որովհետեւ պահեցողութիւնը եւս ինքնին մարդկային հոգին զոհաբերել ու նուիրաբերել է:
Ամբողջ քրիստոնէական աշխարհը Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը կ՚ընդունի որպէս քրիստոնէութեան մեծագոյն ու կարեւորագոյն տօներէն մին, սակայն, իրականութեան մէջ, այդ տօնը կը դառնայ անիմաստ՝ եթէ Մեծ պահեցողութիւնը իր հիմնական նպատակէն շեղի ու դուրս մնայ։ Քրիստոնէութեան մէջ Քրիստոսի Ս. Յարութիւնը յաղթական տօն է, սակայն, ո՛չ բոլորին համար, որովհետեւ Յարութիւնը արդարներուն, բարի մարդոց յաղթանակի օրն է եւ ո՛չ այլոց. օրինակի համար, Հին կտակարանի մէջ կը կարդանք, որ ան որ իր տան սեմին Զատկուան ոչխարի արիւնը կ՚ունենար՝ մահը կը շրջանցէր զինք. այդ զատկուան արիւնը՝ ոչխարը մաքրութեան, բարութեան, անբծութեան եւ Աստուծոյ առջեւ ընդունելի ըլլալու խորհրդանիշ է, որ այդ մաքրութիւնը, սրբութիւնն ու բարութիւնը չունէր, մահը կու գար զինք գտնելու։ Առ այդ, փրկութիւնը ձեռք բերելու համար պէտք է ձեռք բերել բարութիւնը, սրբութիւնը, ապա այդ տօնը կը դառնայ անիմաստ:
Հին կտակարանին մէջ կը տեսնենք, որ իւրաքանչիւր տօնի համար, իւրաքանչիւր հաշտութեան որպէս երաշխիք Աստուած մարդէն զոհաբերութիւն կը պահանջէ։ Անցեալին ապրող մարդը իր բերքը, իր անասունը կը զոհաբերէր որպէս ընծայ, սակայն, այսօր ժամանակները փոխուած են. մեր այսօրուան հասկացողութեամբ Աստուած մարդէն անասնական կամ բերքի հետ աղերս ունեցող զոհեր չէ՛, որ կը պահանջէ. մերօրեայ զոհը մեր անձերն են, մեր հոգին ու մեր նուիրումը: Պօղոս առաքեալ իր Կորնթացիներուն ուղղած Ա. նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Եթէ Քրիստոս Յարութիւն չառնէր, ապա ձեր հաւատքը ունայն էր» (հմմտ Ա. Կորնթացիս 15:17)։ Այս խօսքի հիման վրայ մենք ալ կ՚ըսենք, որ եթէ մարդկային հոգիները դարձի չգան՝ Զատկուան տօնն ու անոր նշանակութիւնը ունայն է: Վստահաբար, գիտէ՛ք Զատկուան մէջ հաւկիթի գաղափարը. հաւկիթը իր վրայէն կը նետէ կեղեւներն ու կը ձերբազատի անոնցմէ, նոյն հասկացողութեամբ մարդ արարած եւս պէտք է իր վրայէն թօթափէ իր հին անձը եւ ձերբազատի իր հին մեղքերէն:
Ի դէպ, Յիսուս Քրիստոս ի՛նք կը հրամայէ աշակերտներուն, որպէսզի «ամէն տարի պահեն Զատիկը տօնելու աւանդութիւնը եւ ասոր մէջ կը տեսնենք ապաշխարելու սրբազան պատգամը։ Ամէ՛ն տարի կ՚ունենանք Մեծ պահք, ամէ՛ն տարի կը փորձենք մեր մեղքերէն ազատիլ ու մաքուր հոգիով ընդունիլ Քրիստոսի Յարութիւնը։ Միւս տարի դարձեալ Մեծ պահք ու դարձեալ ապաշխարութիւն, դարձեալ զղջում, որովհետեւ մէկ անգամ մեղքերու խոստովանութեամբ, զղջումով մարդ ամբողջութեամբ մաքուր ու օրինակելի քրիստոնեայ չի՛ կրնար դառնալ։ Մարդ իր բնութեամբ ենթակայ է սխալելու եւ, հետեւաբար, անոր ապաշխարութեան շրջանը, Մեծ պահքը, ծոմն ու պահեցողութիւնը անվերջ է: Քրիստոսի Յարութիւնը աւետելով մենք չարին պարտութիւնը կը մատնանշենք, սակայն, նոյն հին մեղքով Զատիկ դիմաւորելը ո՛չ մէկ ձեւով աղերս ունի չարին պարտութեան դէմ։
Յարութեան տօնին հիմնական երեք բառեր կը շեշտուին. խաչ, թաղում եւ յարութիւն։ Երեքն ալ մեր մարդկային կեանքի դժուարութիւններէն կը ծնին։ Խաչը մարդկային կեանքի դժուարութիւններն են եւ այդ խաչն ու անոր հանդէպ մարդուն ունեցած համբերութիւնն է, որ զինք կ՚առաջնորդէ դէպի բարի կամ դէպի չար կեանք։ Խաչ հասկացողութիւնը իւրաքանչիւրին համար կրնայ տարբեր ըլլալ, այնպէս, ինչպէս Յիսուս Քրիստոս համբերութեամբ խաչը ուսին բարձրացաւ լեռ, նոյնպէս մարդ արարած իր վրայ առած է իր մարդկային բոլոր մեղքերն ու դժուարութիւնները. Քրիստոսի օրինակով զանոնք շալկած պէտք է բարձրանալ լեռ՝ խաչին մօտ, ուր ո՛չ թէ չարութիւնները, այլ բարութիւնը ներկայ պայմաններու բերումով ի՛նք կը զոհաբերուի։ Պէտք է բարձրանալ խաչով եւ խաչը թաղել այդտեղ՝ որպէսզի նոր կեանքով յարութիւն առնէ մարդ՝ նոյնիսկ եթէ ո՛չ մարմնապէս՝ այլ հոգեպէս:
Թող այս Զատիկը իւրաքանչիւրիս համար նոր առիթ մը ըլլայ մարդկային այդ խաչը աւելի դիւրութեամբ վերցնելու եւ հաստատակամութեամբ զայն թաղելով՝ նոր անձ, նոր մարդ դառնալու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան